Ապրիլ 24 է դարձեալ եւ աշխարհի չորս ծագերէն իրաւատէր հայութիւնը միասնաբար, իր վճռական բռունցքը երկինք պարզած, ոտքի կը կանգնի եւ կը պահանջէ քաղաքական աշխարհէն, յատկապէս թրքական պետութենէն, որ Հայաստանի կործանման եւ հայութեան բնաջնջման թուրք պետական ոճրագործութիւնը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ ցեղասպանական յանցագործութիւն։
Ճանչցուի՝ որպէսզի քաղաքական արդար հատուցում կատարուի հայ ժողովուրդին։
Ճանչցուի՝ որպէսզի հայկական հողերը վերադարձուին իենց իրաւատիրոջ, հա՛յ ժողովուրդին։
Ճանչցուի՝ որպէսզի արար աշխարհին հետ նաեւ թուրք ժողովուրդը գիտնայ ամբո՛ղջ ճշմարտութիւնը։
Որովհետեւ թրքական Մեծ Ուրացումին յաղթահարումը այն միակ ուղին է, որ կրնայ ենթահող ծառայել հայեւթուրք իսկական երկխօսութեան։

Վերջին տարիներու «հայեւթուրք յարաբերութիւններ»ը ցոյց տուին, որ ո՛չ թուրք պետական ղեկավարութիւնը պատրաստ է իր սեփական պատմութեան հետ առերեսման, ո՛չ ալ մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերը տրամադիր են վերջապէս սրբագրելու իրենց որդեգրած երկերես, այլեւ որձեւէգ քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցին նկատմամբ։
Հայ ժողովուրդին առջեւ բաց կը մնայ մէկ ու միակ ուղի, որ ազգային իր յիշողութիւնը մշտարծարծ պահելով՝ վերանորոգումն է Հայ Դատի քաղաքական պայքարին, մինչեւ որ թրքական պետութիւնն ու աշխարհի այս գօտիին ճակատագիրը տնօրինող մեծապետական ուժերը ի վերջոյ գլուխ ծռեն Արդարութեան եւ Իրաւունքի իշխանութեան առջեւ։ Պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ ահա՛ կը յիշէ եւ շարունակ պիտի յիշեցնէ աշխարհին, մանաւանդ Թուրքիոյ, որ Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետական ծրագիրը դեռ չէ դատուած եւ չէ փակուած… իբրեւ գործող քաղաքականութիւն։
99 տարի շարունակ այ՛ս կսկիծով ու ցասումով է, որ աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը, անկախ իր բնակութեան վայրէն եւ տուեալ հայօճախի կազմակերպուածութենէն կամ քանակական ու քաղաքական ներուժէն, ամէնուր Ապրիլ 24ին կը պարզէ հայկական պահանջատիրութեան դրօշը՝ Թրքական պետութիւնը դնելով Իրաւունքի եւ Արդարութեան ձայնին անսալու եւ հայ ժողովուրդին ամբողջական Հատուցում կատարելու անժամանցելի պարտաւորութեան տակ։
Այսպէ՛ս է, որովհետեւ նոյնինքն հայոց մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, Ապրիլ 24ի արեւածագի ժամերէն սկսեալ, ամբողջ օրը դադար չþառներ հարիւր-հազարաւոր հայերու թափօրով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ, ուր Նահատակաց Յուշակոթողին անշէջ հուրով կը վերանորոգուի ողջ հայութեան պահանջատիրական ուխտը։
Ապրիլ 24 է դարձեալ։
99ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան։
Եւ հայրենի իր բնօրրանէն մինչեւ հայաշխարհի մերձաւոր թէ հեռակայ ափերը, իրաւատէր հայութիւնը վերստին շարժման մէջ դրած է իր ուժերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ բոլորուելով եւ հայոց պետականութեան կռուանին ապաւինելով, Իրաւունք ու Արդարութիւն պահանջելու համար աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծ պետութիւններէն եւ, յատկապէս, Թուրքիայէն։

Այո՛, Իրաւունքի եւ Արդարութեան հայկական պահանջը կþուղղուի նա՛խ մեծապետական աշխարհին, որովհետեւ 99 տարի է ահա, որ մեծերու «ներողամիտ» հայեացքին տակ թրքական պետութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ իր գործած ցեղասպանական ոճիրին մեղքի պտուղները անպատիժ ու անարգել վայելել, այլեւ՝ ամենայն կամակորութեամբ եւ Միջազգային Օրէնքի ու Իրաւունքի արհամարհական անտեսումով՝ յառաջ մղել Մեծ Ուրացման իր քաղաքականութիւնը։
Փաստօրէն մեծապետական աշխարհի անուղղակի թէ ուղղակի խրախուսանքով 2009ին հրամցուեցաւ եւ այսօր ալ հետեւողական ճնշում կը բանեցուի, յառաջ մղելու համար Թրքական Ուրացումը այս կամ այն տարազով օրինականացնելու քաղաքականութիւնը՝ այսպէս կոչուած «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ»ու տխրահըռչակ դիւանագիտութիւնը վերստին շարժման մէջ դնելու փորձերով։
Այդ պատճառով ալ պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ, իր մեծով ու պզտիկով, յատկապէս Ապրիլ 24ի այս օրերուն, ողջ աշխարհին կը ներկայանայ միեւնոյն պահանջով, որ այլեւս վերջ տրուի Թրքական Ուրացումին եւ յատկապէս անոր դիւանագիտական օրհնութիւն շնորհելու մեծապետական անարգ քաղաքականութեան։
Յատկապէս մեծապետական ուժերուն համար գաղտնիք չէ, թէ Թուրքիոյ պետական ղեկավարութիւնը ինչպիսի՛ խուճապով հնարքներ կը փնտռէ՝ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան իր Մեծ Ուրացումը շարունակելու համար։
Ո՛չ մէկ արդարացում ունի մեծապետական ուժերուն, յատկապէս Մ. Նահանգներուն դրսեւորած երկու չափ, երկու կշիռի ամօթալի վարքագիծը Հայկական Հարցին նկատմամբ։
Մեծապետական աշխարհը այսօր, հոս կամ հոն, Օրէնքի ու Ժողորդավարութեան, Իրաւունքի եւ Արդարութեան անունով նոյնիսկ զէնքի ուժով պատժական քայլերու կը դիմէ գործուած եւ շարունակուող որոշ ցեղասպանութեանց դէմ։ Բայց երբ կարգը կը հասնի հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործած ցեղասպանութեան եւ անոր շարունակուող հետեւանքներու սրբագրումին, նոյն այդ իրաւապահ, ազատախոհ ու արդարադատ նշանաբաններով իբր թէ առաջնորդուող մեծապետական ընտանիքը կը սկսի քաղաքական ու դիւանագիտական տարբեր նուագի տակ պարել…
Մեծապետական քաղաքականութիւնը կը փորձէ չարափոխել հայեւթուրք հակադրութեան էութիւնը, կþաշխատի քաղաքական իր բուն նշանակութենէն պարպել Հայասպանութեան ճանաչման հրամայականը՝ փոխարէնը շեշտելով հայեւթուրք երկխօսութեան, մերձեցման եւ Հայաստան-Թուրքիա միջ-պետական յարաբերութեանց բնականոնացման կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը։
Ո՛չ թրքական Ուրացումը, ոչ ալ մեծապետական աջառութիւնը կրնան սոսկ պատմաբաններու դատաստանին վերապահուած վիճելի հարցի մը վերածել արեամբ արձանագրուած Հայասպանութեան դաժան ճշմարտութիւնը։
24 Ապրիլ 1915ին կատարուեցաւ զանգուածային ձերբակալութիւնը Պոլիս ապրող հայ ժողովուրդի ներկայացուցչական դէմքերուն։ Աւելի քան 250 հոգեւորական, ազգային-քաղաքական, գրական-մտաւորական եւ մշակութային ղեկավար գործիչներ, մէկ գիշերուան մէջ, նախապէս պատրաստուած եւ հայ դաւաճան¬մատնիչներով ստուգուած ցանկերու հիման վրայ, ձերբակալուեցան ու աքսորուեցան Չանղրի եւ Այաշ, որպէսզի ճամբու ընթացքին կամ աւարտին ամենայն վայրագութեամբ մորթուին…
Բառին բուն իմաստով հայ ժողովուրդի գլխատման պետական ոճրագործութիւն էր կատարուածը։
Այդ պատճառով ալ 24 Ապրիլը դարձաւ սեւ ու արիւնալի խորհրդանիշ թուականը հայ ժողովուրդի նահատակութեան։
Նոյն պատճառով է, նաեւ, որ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը, Մեծ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներու ոգեկոչման Սուգի օր հռչակելով հանդերձ Ապրիլ 24ը, տարիներու թաւալումին հետ աստիճանաբար իր մէջ զարգացուց եւ արմատաւորեց այն համոզումը, որ Հայաստանի եւ հայութեան համար տարուան բոլոր օրերը Ապրիլ 24 են այնքան ժամանակ, որքան արդարադատութեան առջեւ դեռ չէ բերուած ցեղասպան թրքական պետութիւնը եւ չէ արժանացած Մեծ Հատուցման արդար դատավճռին։
Նահատակուած հայ ժողովուրդին նախ ազգային յիշողութիւնը կը խոցեն, ապա հայուն ազգային արժանապատուութիւնը կը վիրաւորեն բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն «անցեալի տխուր դէպքեր» որակել կամ, լաւագոյն պարագային, «Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործուած հայոց մեծ ջարդ» կոչել կատարուածը։
Անցեալը անցեալին մէջ թաղելու եւ սեփական գլուխը աւազին մէջ խրելով թաքնուելու ջայլամի քաղաքականութիւն է այդ մօտեցումը, որ խորքին մէջ, ազգային մեր յիշողութեան հետ ու կողքին, խաթարել կը փորձէ ամբողջ մարդկութեան յիշողութիւնը։
Եւ ինչո՞ւ…
Որպէսզի Մեծ Եղեռնի 100ամեակի սեմին Թուրքիոյ վարչապետը կարենայ դարձեալ եւ «առօք¬փառօք» արար աշխարհին հեգնաբար յայտարարել, թէ ոչ մէկ թուրք իշխանաւոր պիտի ընդունի, որ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է, որովհետեւ թուրք ազգային յիշողութեան մէջ իբր թէ նման բան չկայ, պատահած չէ եւ ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ թրքական պետութեան ստիպել, եղե՜ր, որ նման պատուէրի տակ փորձէ փոխել… սեփական ժողովուրդին յիշողութիւնը։ Որպէսզի նաեւ – ու աւելի մտահոգիչը – մերօրեայ աշխարհին ղեկը տնօրինող մեծապետական ուժերու առաջնորդները ճնշումի տակ չառնուին սեփական հանրային կարծիքին եւ միջազգային հասարակութեան կողմէ, բացատրութիւն տալու համար, թէ ինչո՛ւ անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը եւ չþենթարկուիր արդար դատաստանի։
Ապրիլ 24ի 99րդ տարելիցը, այս առումով, կու գայ շեշտելու, որ ժամն է Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը Հայասպանութեան ճանաչումէն ու դատապարտումէն անդին տանելու եւ նախ՝ Հայասպանութեան ուրացումը ամէնուրեք քրէական, օրէնքո՛վ պատժելի յանցագործութիւն հռչակելու, ապա՝ նոր ժամանակներու օրինականութեամբ թրքական պետութիւնը դնելու հայ ժողովուրդին ամբողջական՝ մարդկային, քաղաքական եւ հողային հատուցում կատարելու իր անժամանցելի պարտաւորութեան առջեւ։
Պատմութիւնը բաւարար ու անհրաժեշտ ամէն արձանագրութիւն ունի, որպէսզի հաստատէ, թէ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ճամբով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Հայաստանը իւրացնելու ահաւոր ծրագիրը ու կը շարունակէ մնալ մտասեւեռումը թուրք պետական մտածողութեան ամէն գոյնի եւ բոլոր ժամանակներու ներկայացուցիչներուն։
Նոյնիսկ Ապտիւլ Համիտով չսկսաւ, ինչպէս որ Իթթիհատով վերջ չգտաւ Հայասպանութեան ահաւոր ծրագրին հետապնդումը թրքական պետութեան կողմէ։ Մինչեւ Համիտ, սուլթանները ե՛ւ ամէնօրեայ կեղեքումներու, ե՛ւ պարբերական կոտորածներու ճամբով հայկական հողերը հայաթափման ենթարկելու քաղաքականութիւն վարեցին։ Համիտ պարզապէս փորձեց կազմակերպուած հունի մէջ դնել դարաւոր այդ քաղաքականութիւնը։ Իսկ Իթթիհատը մեկնակէտ ունեցաւ այն համոզումը, որ հայաջնջումի Համիտեան քաղաքականութիւնը անյոյս էր միջազգային արգելքի պայմաններուն մէջ. պէտք էր մշակել եւ պատրաստ վիճակի բերել Հայասպանութեան պետական ծրագիրն ու ցեղասպանական մեքենան, որպէսզի համաշխարհային իրարանցումի «յարմար» պահու մը կարելի ըլլար ամբողջ թափով շարժման մէջ դնել հայերու բնաջնջման ծրագրին արմատական իրականացումը։
Աւելի՛ն. Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն վրայ թրքական պետութեան վերականգնումին ձեռնարկած Մուսթաֆա Քեմալն ալ իր կարգին չվարանեցաւ յոխորտալու, որ Թալէաթի կիսատ թողած գործը ինք աւելի ձեռնհասօրէն աւարտուն տեսքի բերաւ։ Մէկ կողմէ Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութեան հետ գործակցութիւն հաստատեց եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանները տարածեց Արեւելահայաստանի վրայ՝ հարիւր-հազարաւոր հայերու յաւելեալ արիւն հեղելով այդ միջոցին, իսկ միւս կողմէ՝ գաղութարար Ֆրանսայի հետ սադրանքի մէջ մտաւ ի խնդիր Կիլիկիոյ հայաթափումին։
Պատմաբանները ամենայն ձեռնհասութեամբ իրազեկ են այս բոլորին։ Ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան արխիւները, այլեւ մեծապետական բոլոր երկիրներու ազգային արխիւները յագեցած են համապատասխան փաստաթուղթերով։ Կարեւորը յաղթահարումն է թրքական պետութիւնը անպարտ հռչակելու բուն չարիքին, որ կը յամենայ, ահա՛ 99 տարիէ ի վեր, Հայասպանութեան սեւ ու արիւնալի թղթածրարին վրայ հակող մեծապետական ուժերու ընդհանուր մօտեցումին մէջ։
Այլապէս, եթէ մեծապետական աշխարհը յաղթահարէ այդ ներքին կաշկանդումը եւ զգայ անհրաժեշտութիւնը թրքական պետութիւնը արդար դատաստանի յանձնելու քայլին, այդ պարագային մեծերը իրենք պատրաստի բոլոր արխիւներն ու եզրայանգումները ունին, որպէսզի նախ իրենք հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը կոչեն իր բուն անունով՝ Ցեղասպանութիւն եզրով, ապա՝ թրքական պետութենէն պահանջեն, որ անսայ պատմական ճշմարտութեան եւ վերջ տայ Մեծ Ուրացումին։
Այդ պարագային նոյնինքն թուրք պետական վերնախաւը, բոլորէն առաջ, ի վիճակի պիտի ըլլայ խոստավանելու, որ Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ պահպանուած են արձանագրութիւնները Իթթիհատական կառավարութեան ցեղասպանական ծրագրին, որ 1919ին Պոլսոյ Զինուորական Ատեանի կողմէ դատուեցաւ, հաստատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ՝ ի բացակայութեան մահավճռի արժանացնելով Իթթիհատի պարագլուխները։ Թուրք ազգային յիշողութեան մէջ ցաւագին գալարումներ առաջացնող, բայց պատմական ճշմարտութեան միայն մասնակի խոստովանող իրողութիւն է ատիկա։
Հայասպանութեան սկզբնաւորումը պէտք է կապել 1894ի Համիտեան կոտորածներուն, իսկ 1909ի Ատանայի եւ ամբողջ Կիլիկիոյ Աղէտը պէտք է նկատել Հայասպանութեան Ծրագրի վերամշակման փուլի սկիզբը։ Այսօր արդէն պատմաբաններուն համար պարզ է, որ 1914ի Օգոստոսէն իսկ թրքական պետութիւնը, նոր սկսած համաշխարհային առաջին պատերազմին միանալով Գերմանիոյ կողքին, մինչեւ 24 Ապրիլ 1915ի հայ մատաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութիւնը, աքսորը եւ սպանդը, թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ Արեւմտահայաստանի տարածքին գործադրութեան յանձնեց հայ զինծառայողներու զինաթափումը, հայերու զանգուածային տարագրութիւնները եւ հայ յեղափոխական ղեկավար գործիչներու դաւադրական սպանութիւնները։
24 Ապրիլ 1915ին առանձնայատուկ ահաւորութիւնը եւ խորհրդանշական իմաստը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ Պոլսոյ հայութիւնը գլխատելու իր քայլով՝ թրքական պետութիւնը ծալեց եւ մէկդի նետեց մեծ տէրութեանց հետ հաշուի նստելու իր պարտաւորութիւնը եւ, «Զոհ»ին հետ առանձին մնացած «Դահիճ»ի վայրագութեամբ, անձնատուր եղաւ հայաջնջումի իր ծրագրին արմատական գործադրութեան։
Եւ մինչեւ 1923 թուի Լօզանի դաշնագրին ստորագրութիւնը թուրք պետական ղեկավարութիւնը ետ պատեանի մէջ չդրաւ իր արիւնոտ սուրը։
Իսկ առանց սուրի, 1923էն սկսեալ, աշխարհաքաղաքական նորաստեղծ պայմաններուն համահունչ ընթացաւ թուրք պետական մտածողութեան մէջ արմատացած՝ այսպէս կոչուած «հայկական սեպ»էն ձերբազատուելու քաղաքականութիւնը։
Ահա թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը, յատկապէս Ապրիլ 24ի այս օրը, հաշուի կը նստի սեփական պատմութեան հետ եւ կը յիշէ ու կը յիշեցնէ աշխարհին, թէ 99 տարի առաջ ի գործ դրուած հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետութեան ցեղասպանական ոճիրը տակաւին կը շարունակուի, գոյն եւ եղանակ փոխած է, բայց միեւնոյն հունով առջեւ կը մղուի, որպէսզի վերջնականապէս նուիրագործուի հայկական հողերու հայաթափման ու թրքացման թուրք քաղաքականութիւնը։
Ն
azator.gr







