«Ազատ օր»ի խմբագրական. Հայութեան իրաւունքներու ամբողջական հատուցման աննկուն պայքարի ճամբուն վրայ

abril 24 2014 exofillooԺամանակն է գիտակցելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն հազիւ տարի մը առաջ, բոլորովին տարբեր անկիւնէ կ’ոգեկոչենք 24 Ապրիլ 1915ի անմեղ զոհերու յիշատակը, ամբողջական հատուցման մեր պահանջը ներկայացնելով աշխարհին:

Օսմանեան Կայսրութեան տիրակալ թըրքական պետութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանաչման հարցը, տարբեր հանգրուաններէ անցաւ նախորդած 99 տարիներուն ընթացքին: Եթէ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը պահանջատիրութեան ազդանշանը տուաւ՝ հոգեհանգիստներէն եւ փակ սրահներու հանդիսութիւններէն անդին անցնելու եւ Հայ Դատի քաղաքական պայքարին լծուելու հանգրուանին, ապա տարի մը ետք՝ 2015ին նշուելիք Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը պիտի յատկանշէ կարեւոր այն թուականը, երբ համայն հայութիւնը, իր պետականութեամբ եւ անոր շուրջ բոլորուած աշխարհասփիւռ օճախներով, աշխարհին ու յատկապէս Թուրքիոյ պիտի ներկայանայ Ապրիլ 24ին քաղաքական այժմէական իմաստը շեշտելու եւ հայոց ազգային իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը պարտադրելու օրակարգով։

Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդ սերունդները տէր կը կանգնին ու իրենց ուսերուն վրայ կը վերցնեն արդարութեան վերականգնման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման եւ ամբողջական հատուցման պայքարի շարունակականութիւնը, իրենց ձեռքին բռնելով հայոց բռնագրաւեալ ինչքերու կալուածագրերու հաստաբեստ թղթածրարը, ի լուր ամբողջ աշխարհին յայտարարելով, թէ պահն է ա՛յս շեշտադրումով ներկայանալու միջազգային ամէն կարգի ատեաններուն առջեւ, պահանջելով մեր ազգի արդար հատուցումը։

Արդեօք ինչպէ՞ս ամրագրուած են ժողովուրդներուն մօտ ազգային պատմութեան ու յուշի հանգրուանները: Որքա՞ն դիւրութեամբ կարելի է պատմութեան էջերէն պահել միայն փառաւորը եւ ջնջել փծաւոր կէտերը: Այս հարցումներուն պատասխանը պէտք է տայ Թուրքիոյ ընկերութիւնը, որ տարիներ շարունակ ենթակայ մնաց իր պատմութեան սեւ էջերէն խուսափելու խարխափումին մէջ։ Համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ ապրող ընկերութիւնները պատմութիւնը այլափոխելու հնարաւորութիւնը չունին այլեւս, որովհետեւ ճշմարտութիւնը մէջտեղն է, կարելի չէ խուսափիլ անկէ: Այս երեւոյթներուն հետեւանք է արդէն թուրք հասարակութեան մօտ հետզհետէ աճող գիտակցութիւնը՝ թէ պէտք է ճանչնալ եւ ընդունիլ սեփական պատմութիւնը, տէր կանգնիլ անոր եւ մարդկային արժէքներու սկզբունքներու հիմամբ լուծել յարուցուած հարցերը:

Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայութեան վերապահուած…«ցաւակցութիւնը», պըղտոր պատգամ մըն էր նոյնինքն իր երկրի հասարակութեան, եւ ոչ թէ հաշտեցման քայլ կամ բարի տրամադրութիւն հայութեան հանդէպ, այնպէս ինչպէս աճապարանքով փութացին միջազգային եւ յունական լրատուամիջոցները բնորոշել՝ Թուրքիոյ վարչապետի արտասանած խօսքերը: Ժամանակակից թուրք ընկերութիւնը ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մէջ ապրած ընկերութիւն է, որ գիտցա՛ւ, լռե՛ց, հարըստութիւնները օգտագործե՛ց, իր պետութեան վարած քաղաքականութեան մեղսակից դարձաւ: Բայց ոչ այլեւս: Ոչ այլեւս, որովհետեւ կարելի չէ ընդմիշտ ապրիլ սուտի ու կեղծիքի մէջ, որ կը թունաւորէ յաջորդական սերունդները եւ լման ժողովուրդ մը կը զրկէ ազգային հպարտութեան զգացումը ունենալէ:

Կարճ ու կտրուկ բանաձեւումով՝ ազգերու ու պետութիւններու այսօրուան աշխարհին խիղճին համար պարզ ու հասկնալի պէտք է ըլլայ, որ Հայկական Հարցը կրնայ լուծուիլ միայն հայ ազգի, իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհի, իրաւունքին եւ արդարութեան ամբողջական վերականգնումով, հողային ու քաղաքական հատուցման ճամբով։

Որքան աւելի միասնական եւ ուժեղ ըլլայ այս պահանջատիրութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կառոյցներուն, Սփիւռքի հայօճախներու ազգային-եկեղեցական ու քաղաքական-հասարակական ղեկավար ուժերուն եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի հնարաւորութեանց համադրուած զօրաշարժով, այնքան աւելի մօտեցած կþըլլայ պահը, երբ Թուրքիան պիտի ստիպուի միջազգային դատական ատեաններու վճիռներուն ենթարկուելու եւ կատարելու Արդար Հատուցման իր պարտաւորութիւնը։

azator.gr

Տպել Տպել