Սարգիս Բարսեղեան (Պօղոս Օտապաշեան, 1875-1915). «Աչքերում սարսափելի կրակ» ունեցող Հայ Յեղափոխականն ու Դաշնակցական Մարտիկը

sarkis parseghian_30-4-1324 Ապրիլ 1915ի գիշերը, Պոլսոյ մէջ, թրքական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եւ ազգային-քաղաքական ղեկավար դէմքերու շարքին կը գտնուէր հայ յեղափոխականի եւ դաշնակցականի բացառիկ մարմնաւորում մը հանդիսացող Վանայ Սարգիսը, որ իր ձերբակալութենէն քանի մը օր ետք, Ապրիլ 30ին, զոհ գնաց թրքական պետութեան գործադրած մեծ ոճիրին՝ դառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին նահատակներէն մէկը։

Ինչպէս որ Ռուբէն կը նշէ իր յուշերուն մէջ՝ «Առհասարակ շատ բան չեն գիտեր մեր շարքերը այս մեծ մարդուն մասին»։ Այսուհանդերձ՝ հայ ազգային-ազատագրական շարժման եզակի հսկաներէն էր Սարգիս Բարսեղեան, Վանայ Սարգիս, Շամիլ եւ Կոլոտ Սարգիս անուններով ճանչցուած գանձակեցի այս հայորդին, որուն գաղափարական դէմքն ու արժէքը լաւագոյնս խտացուցած է Ռուբէն իր յուշերէն առնուած վերեւի խորհրդածութեան շարունակութեան մէջ.-

«Ան մէկն էր այն տէրվիշներէն, որ ոչ մէկ փայլ չունէր, որ ըստ երեւոյթին հասարակ ուժ կը թուէր, բայց ըստ էութեան ամէն ինչը ա՛ն էր։ Ով ծանօթ է Ռոստոսին, նոյն երեւոյթը դիտած պիտի լինի։ Պիտի ըսեմ, որ Սարգիսը Ռոստոմ մըն էր, գուցէ աւելի տուեալներով ու ձիրքերով օժտուած։ Ան մեզ հասակակից ընկեր էր, նոյնքան պատրաստուած որքան մենք, քիչ մը աւելի- քիչ պակաս, բայց անոր մէջ կար անբացատրելի ուժ մը, որ կ’ազդէր բոլորիս վրայ, կ’ենթարկէր իրեն ոչ թէ ուժով, խօսքով կամ մտքով, այլ անանուն բանով մը, որը չեմ կրնար բացատրել։ Ան ներշնչող էր մեր համբերութեան, գործի ու խանդի, բայց այդ ներշնչումը կը կատարէր այնքան անզգալի կերպով, որ մենք ինքներս ալ չէինք կարող հասկնալ եւ կարծեմ Սարգիսը ինքն ալ չէր հասկնար։ Ան դարձած էր անհրաժեշտ տարր մը մեր մէջ, թէեւ անոր անհրաժեշտութիւնը անշօշափելի էր։

«Արամը Վանի կուռքն էր, անոր ուժի, կամքի մարմնացումը, բայց դարձած էր վանեցի միայն։ Իշխանը Լեռնապարի հերոսն էր, անոր դիւցազն ու երգերու նիւթը, բայց դարձած էր լեռնապարցի միայն։ Զիս կþանուանէին «Փաշա» եւ կ’երգէին ըրած ու չըրած գործերս։ Հակառակ այս բոլորին՝ ըստ էութեան մենք նուաստ էինք, անփառք, անանուն՝ Սարգիսին մօտ։

«Գիտեմ, որ Արամ եւ Իշխան համամիտ են ըսածիս իրենց գերեզմաններուն մէջ, որ Սարգիսը թէեւ իրենց զինուորն էր կռուի դաշտին մէջ, բայց այդ զինուորի ոգին էր կամք ու որոշում ձեւակերպողը, որ թէեւ ժողովներուն մէջ ասոր կամ անոր բանաձեւն էր անցնողը, բայց իրականին մէջ անբանաձեւ Սարգիսի ծրագիրն էր գործադրուողը։ Վերջապէս Սարգիսն էր միջին օղակը, շաղկապողը տարամերժ ուժերու, ան թթխմորն էր յեղափոխական գործին, շաղախը յեղափոխական կառուցուածքին» («Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները», Ռուբէն, «Հայրենիք» Ամսագիր, 1928, թիւ 4)։

Աւազանի անունը Պօղոս Օտապաշեան՝ Սարգիս Բարսեղեան ծնած էր 1875ին Գանձակի Գետաբեկ գիւղը։ Աւարտած էր Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը եւ 1898ին մեկնած էր Ժընեւ՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Արձանագրուած էր Ժընեւի համալսարանի պատմութեան ճիւղը, լայն մտապաշարի եւ հորիզոնի տէր ուսումնատենչ երիտասարդ մըն էր։ Բայց Երկրի հայութեան ազատագրական պայքարը հանգիստ չէր ձգեր արդէն Սարգիս Բարսեղեան անունով մամուլի էջերէն արտայայտուող յեղափոխական հայու անոր հոգին։

Հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած՝ Սարգիս Բարսեղեան միացաւ Դաշնակցութեան՝ ուսուցիչ ունենալով Քրիստափորը, որուն թելադրանքով ալ ուսումը կիսատ թողուց եւ 1899ին Ժընեւէն վերադարձաւ Թիֆլիս։ Ուղարկուեցաւ Պաքու, որ յեղափոխական-աշխատաւորական շարժումներու մեծ հնոց մը դարձած էր։ Սարգիս Բարսեղեանի յանձնարարուեցաւ կազմակերպումը Պաքուի հայ բանուորութեան, որ այնքան սուր կարիքը ունէր ազգային եւ ընկերային ազատագրումի իր կրկնակի պայքարները գաղափարական միեւնոյն հունին մէջ ներդաշնակող ու հունաւորող ուղղութեան։ Ան շուտով դարձաւ կազմակերպական ոգին Պաքուի հայ աշխատաւորութեան՝ նաեւ յեղափոխական բովանդակութեամբ հայերէն գաղտնի գրականութիւն պատրաստելով:

Երբ Քրիստափոր եկաւ Պաքու՝ «Փոթորիկ»ի գործով, Սարգիս դարձաւ անոր գլխաւոր գործակիցներէն մէկը։ 1904ին, Շուշիի մէջ կազմակերպուած «Փոթորիկ»ի մէկ ձեռնարկին՝ մեծահարուստ Ժամհարեանէն ի նպաստ հայ յեղափոխական շարժման նիւթական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, Սարգիս իր մասնակցութեան համար ձերբակալուեցաւ ցարական իշխանութեանց կողմէ, բայց բանտի ճամբուն վրայ ընկերները կրցան զինք փախցնել՝ յարձակելով պահակներուն վրայ։ Այդպէս ծայր առաւ ընդյատակեայ կեանքը Պօղոս Օտապաշեանի:

Այնուհետեւ ամբողջ 15 տարի Սարգիս Բարսեղեան գնաց ու գործեց հոն, ուր յեղափոխութիւնը զինք կանչեց։ Մասնակցեցաւ1905ի հայ-թաթարական կռիւներուն: Այնուհետեւ՝ ուղարկուեցաւ Վան ու Վասպուրական՝ իբրեւ կուսակցական գործիչ։ Ամէնուր սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ ժողովուրդի լայն խաւին կողմէ։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրության շրջանին հաստատուեցաւ Կարին, Ռոստոմի կողքին գործելու համար։ Իսկ 1914ի Օգոստոսին, Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին, Վանայ Սարգիս ընտրուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Բիւրոյի անդամ եւ իրեն վստահուեցաւ Պոլսոյ մէջ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։ Այդպէս ալ ճակատագիրը զինք դարձուց Մեծ Եղեռնի առաջին զոհերէն…

Ինչպէս որ Աւետիս Ահարոնեան կը վկայէ Քրիստափորի նուիրուած իր մենագրութեան մէջ, Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն անդամը առաջին իսկ հանդիպումէն նկատած էր, որ Սարգիս Բարսեղեանի «Աչքերում սարսափելի կրակ կայ։ Նա յեղափոխական է ծնուած»…

Հայ Յեղափոխականի եւ Դաշնակցական Մարտիկի եզակի մարմնաւորումը հանդիսացող Սարգիս Բարսեղեանի յիշատակին նուիրուած յուշատետրի այս ամփոփ վկայութիւնը կþարժէ եզրափակել իր մէկ նամակով, որ 1914ի Օգոստոսին, Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովէն անմիջապէս ետք, ան գրած ու ղրկած Է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կ. Կոմիտէութեան եւ որ կը յատկանշուի մարգարէական իր կանխատեսութեամբ.

«Օսմանեան կառավարութիւնը ամենայն թափով պատերազմի պատրաստութիւններ է տեսնում. …Կառավարութիւնը իրեն պէտք եղած ամէն բան գրաւում է ժողովուրդից, եւ այդ բանը չափազանց ծանր կերպով է ազդում ժողովրդի վրայ։ Կառավարութիւնը բացարձակապէս գերմանական քաղաքականութեան է հետեւում, այնպէս որ Պոլսում աւելի շուտ գերմանացիք են թագաւորում։ Ոչ մի կասկած չկայ, որ թէ՛ օսմանեան եւ թէ հայերի շահերը պահանջում են կառավարութեան ամենախիստ չէզոքութիւնը ներկայ համաեւրոպական պատերազմի ընթացքում։ Դժբախտաբար, մեր ղեկավար շրջանները (թուրք) այդպէս չեն մտածում։ Նոքա կարծում են, թէ Թուրքիոյ փրկութիւնը ռուսական կառավարութեան թուլութեան կամ փչացման մէջ է կայանում, հետեւապէս պարագաներէն պիտի օգտուել եւ արշաւել ֆրանս-գերմանական անյաջողութեան դէպքում Կովկաս։ Իրենց ասելով՝ նպատակ չունեն Կովկասը տիրապետելու, այլ օտոնոմ մի բան ստեղծելու, որպէսզի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատնէշ լինի։

«Հիմքեր ունենք կարծելու, որ պատերազմի ընթացքում հայերի հետ վատ են վարուելու։ Արդէն տնտեսական հարուածներ շարունակ հասցնում են։ Ամասիա, Թոքատ շուկաների վառելուց յետոյ, երեւի լսեցիք եւ Դիարբեքիրինը։ Չթողուցին, որ լրագրի մէջ գրենք։ Մի քանի օր առաջ, Էտիրնէն էլ նոյն բախտին արժանացաւ։ Վնասուեց յունաց եւ հայոց մի թաղ՝ 1500-2000 տուն, որից 200ը՝ հայ։ Ենթադրում ենք, որ այդ բոլորի մէջ կայ մի գաղտնի ձեռք, որ գործում է սիստեմատիկօրէն։ Ապրում ենք նշանաւոր եւ ծանր օրերում…»։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել