«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մայիս Մէկի Ազգային Ընկալումը

Դառն է իրականութիւնը, սակայն ներկայ ժամանակներուն մէջ պէտք է ընդունիլ, որ մայիսմէկեան խորհուրդը հեռացած է իր ակունքներէն, լաւագոյն պարագային վերածուած խորհրդանիշի, այլ աշխարհագրական միջավայրերու մէջ կարօտախտական մղումներով անցելապաշտութեան դրսեւորումներու, ընդհանրացածօրէն` ոչ աշխատանքային օրերու կողքին սովորական պահի:

Մայիս մէկը այս առումով իւրայատուկ կացութեան մէջ չէ: Խնդիրը նոր աշխարհակարգի ապագաղափարականացման հզօր ալիքին ազդեցութիւններուն տակ մնացող նման արժէքներու չէզոքացման ընթացքն է:
Poghok-Tsuyts

Ընկերվարական գաղափարաբանութեան ապրած ամբողջ դիմափոխութեան մասին է խօսքը այս պարագային` ընդունելով, որ առհասարակ գաղափարաբանութիւններու խեղման ականատես է ներկայ աշխարհակարգը: Տնտեսաքաղաքական վարչակարգերով առարկայացող տուեալ ընկերվարական գաղափարաբանութիւնը եւ զայն մարմնաւորող որեւէ իշխանական կամ ընդդիմադիր ուժի ապրած առօրեան յաճախ կը յայտնուի տրամագծօրէն հակառակ դիրքերու վրայ` ընկերվարական տեսաբանութեան նկատմամբ:

Արդարութեան, հաւասար առիթներու ընծայման եւ նման արժէքներու հաւատացող ընկերվարական գաղափարախօսութեան զուտ տեսաբանականացումը կը մթագնէ արդար հասարակարգերու ձեւաւորման ի խնդիր յայտարարուած առաջադրանքներու հեռանկարը:

Նման արժէքներու ներկայ անհեռանկարայնութիւնն է, որ աշխարհակարգի ապագաղափարականացման ներկայ ընթացքին դէմ պատնէշներ կանգնեցնելու եւ հակառակ ուղղութեամբ աշխատաւորական հոսանք ծաւալելու շարժումներու չ՛առաջնորդեր ժողովուրդները:

Քաղաքական շրջանակները միշտ կը փորձեն եւ յաճախ կը յաջողին շահարկել աշխատաւորական, սենտիքայական համադաշնակցութիւններու շարժումները: Շարժումին քաղաքականացումը այս պարագային իր հունէն դուրս կը մղէ աշխատաւորներու կամ առհասարակ մարդկային իրաւունքներու ձեռք բերման համար մղուող պայքարը, որ ներկայ պայմաններու նկատառումով մնայուն արծարծ պահելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Այդ պատճառով ալ անոնք կը վերածուին պարագայական դրսեւորումներու` այս կամ այն պահուն քաղաքական որոշ շրջանակի համար առաւելներ ապահովելու իրենց արդիւնքներով:

Լիբանանի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան երէկուան պատկերը մտածել կու տայ նոյն այդ արժէքներու օրակարգէ դուրս մղման ինքնահոսի ձգուած վիճակի մը մասին: Շարժումներու ահագնացումը, եթէ պայմանաւորուած մնայ միայն տուեալ պահու աշխատավարձերու յաւելումի ձեռք բերման առաջնահերթութեան վրայ, կը նշանակէ, թէ աշխատաւորականութիւնը մայիսմէկեան ընդհանուր խորհուրդին հետ աղերսներ չի պահեր արդէն:

Ընկերային-տնտեսական մարզը մեր հայրենիքի մէջ հեռու է մխիթարական համարուելէ: Չեն գործեր աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրները: Միջազգային ճգնաժամը կամ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը, առաւել եւս յետխորհրդային անցումային ժամանակահատուածի ազդեցութիւնը միակ պատճառները չեն այդ անմխիթարայնութեան: Արդար հասարակարգի ստեղծման համար բացակայող միջոցառումները, հովանաւորչութիւնն ու հարստապետական կարգերու արմատացումը կենսական եւ նոյնիսկ ռազմավարական առումով անվտանգութեան հետ կապուած այս ոլորտի բարեփոխման չեն նպաստեր երբեք: Հիմնախնդիրները սերտօրէն փոխկապակցուած են: Անարդարութիւնը, մենաշնորհը, արտօնեալն ու հովանաւորեալը կը խորացնեն անջրպետը հարստապետութեան եւ աշխատաւորական ու գիւղացիական դասակարգերուն միջեւ: Արդարութեան վերականգնման յոյսի բացակայութիւնը բարոյահոգեբանօրէն կ՛ընկճէ օրապահիկի պայքարին լծուած անհատը, որ ամէն միջոցի կը դիմէ դուրս գալու երկրի սահմաններէն: Այս մղումն է, որ թափ կու տայ արտագաղթին եւ պատճառ կը դառնայ երկրի գուցէ թիւ մէկ համարուող ճգնաժամին` ժողովրդագրական նօսրացող համապատկերին:

Նոր աշխարհակարգը հետզհետէ կը հեռանայ մայիսմէկեան խորհուրդներէն` տեղի տալով համամարդկային արժէքներու սուր տագնապի: Մեր պարագային այդ խորհուրդներէն հեռացումը ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ նաեւ ազգային առումով: Մեր երկիրը իր աշխատաւորութիւնն ու գիւղացիութիւնը իր սահմաններուն մէջ պահելու անյետաձգելի հրամայականին առջեւ կանգնած է: Մայիս մէկը մեզի համար նախ եւ առաջ ա՛յս ուղերձը կը փոխանցէ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել