Ամերիկացի համանախագահ Ուորլիքի հրապարակումները հասկնալիօրէն մեծ արձագանգ գտան: Ամենայն հաւանականութեամբ Ուորլիքի կամ աւելի ճիշդը պաշտօնական Ուաշինկթընի առաջադրանքն ալ մատրիտեան սկզբունքները վերստին քաղաքական շրջանակներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դնելն է եւ բանակցային գործընթացին իբրեւ առանցքային նախագիծ վերադարձի ապահովումը: Կը թուի, որ այստեղ էական չէ նաեւ սկզբունքներու առաջին կամ նորացուած տարբերակի տարբերութիւնը: Հիմնականին մէջ մատրիտեան սկզբունքներու վերաբանեցման միտումն է, որ կը յայտարարուի ամերիկացի համանախագահին կողմէ:
Հայկական բազմակողմանի արձագանգները պէտք է նկատել տեղին, հիմնաւորեալ եւ իրար լրացնող, եթէ նկատի ունենանք, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ դատի գրասենեակներու յայտարարութիւնները:
Ամերիկացի պաշտօնատարին կամ պաշտօնական Ուաշինկթընին (տրուած ըլլալով, որ թէ՛ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատեցին ամերիկացի համանախագահին յայտարարութիւնը) վեց կէտերը մէկ առ մէկ լոյսին կը բերուին եւ վերստին կ՛ընդգծեն մատրիտեան սկզբունքներու վերաշրջանառութեան մօտեցումը: Կէտերու յաջորդականութիւնը որոշ տրամաբանութիւն կը յուշէ. ինչ ալ ըլլան, համաձայնելիներու առաջնահերթութեան կարգի գաղափարը կ՛ուրուագծուի քաղաքական վերլուծումներուն մէջ: Միշտ չէ սակայն, որ առաջնային նշանակութիւն ունեցող հարցը, ներկայացնողին համար անպայման առաջնակարգ հանգամանք կ՛ունենայ:
Ուորլիքի բառերով`
«Առանց որոշակի հերթականութեան ներկայացնեմ այդ տարրերը.
Առաջին, հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բարդ պատմութիւնը` կողմերը պէտք է համաձայնութեան գան, որ վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը պէտք է իրականացուի փոխադարձաբար համաձայնեցուած եւ իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտման միջոցով ապագային: Ասիկա ընտրովի տարբերակ չէ: Միջանկեալ կարգավիճակը պիտի ըլլայ ժամանակաւոր:
«Երկրորդ, նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքը, որուն չի վերահսկուիր Պաքուի կողմէ, պէտք է ստանայ միջանկեալ կարգավիճակ, որուն համար առնուազն պէտք է ապահովուած ըլլան անվտանգութեան երաշխիքներ եւ ինքնակառավարում:
«Երրորդ, Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող գրաւեալ տարածքները պէտք է վերադարձուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան: Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ լուծում չի կրնար ըլլալ եւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ճանաչումը այդ տարածքներուն նկատմամբ պէտք է վերականգնուի:
«Չորրորդ, պէտք է ըլլայ միջանցք, որ պիտի կապէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Անիկա պէտք է բաւարար լայնութիւն ունենայ, որպէսզի անվտանգ անցում ապահովէ, բայց անիկա չի կրնար ընդգրկել Լաչինի ամբողջ շրջանը:
«Հինգերորդ, տեւական լուծման ներքեւ պէտք է ճանչցուի ներքին տեղահանուածներու ու գաղթականներու իրենց նախկին բնակավայր վերադառնալու իրաւունքը:
«Եւ վերջապէս վեցերորդ, պէտք է ապահովուին անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, ինչ որ պիտի ներառէ խաղաղապահ գործողութիւն: Չկայ այնպիսի բեմագրութիւն, ուր խաղաղ լուծումով ապահովուի առանց լաւ մշակուած ու բոլոր կողմերուն վստահութիւնը վայելող խաղաղապահ գործողութեան»:
Առանց «որոշակի հերթականութեան» ըսելաձեւը իր վրայ կը հրաւիրէ որոշակի խորհրդածութիւն: Հերթականութիւնը նման պարագաներու շատ կարեւոր է. Ուորլիք տեղւոյն վրայ յանկարծակի պատասխան տալու կացութեան մէջ չէ, ոչ ալ ընդհանուր անպաշտօն զրոյցի ընթացքին մէջ է, որ հարցերու առաջնահերթութեան հերթականութիւնը խախտէ: Պատրաստուած, գրաւոր զեկուցումը որոշակի հերթականութեան օրինաչափութիւնը պահած կ՛ըլլայ անպայման: Իսկ այստեղ, նախապէս պատրաստուած զեկուցումին մէջ, երբ ի սկզբանէ կը յայտարարուի «առանց որոշակի հերթականութիւն»-ը, այդ կը նշանակէ, որ հերթականութիւնը շատ ուսումնասիրուած գրառուած է: Այս ինքնամատնումը ինքնին մտածել կու տայ, որ հերթականութիւնը պէտք է փորձենք դիտարկել շրջուած ձեւով:
«Եւ վերջապէս վեցերորդ, լուծումով պէտք է ապահովուի անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, ինչ որ պիտի ներառէ խաղաղապահ գործողութիւն: Չկայ այնպիսի բեմագրութիւն, ուր խաղաղութիւնը ապահովուի առանց լաւ մշակուած ու բոլոր կողմերուն վստահութիւնը վայելող խաղաղապահ գործողութեան»:
Ճիշդ այստեղ կը թուի, թէ կեդրոնացած է Ուորլիքի պետութեան շահագրգռուածութիւնը: Անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներն ու խաղաղապահ գործողութիւնը Ուորլիքի ներկայացուցած քաղաքական շրջանակներուն համար կ՛իրականանայ միջազգային խաղաղապահ ուժերու, գուցէ նաեւ ՕԹԱՆ-ի զօրամիաւորումներով տարածաշրջան տեղակայումով: Այստեղ է աշխարհաքաղաքական թէժ օրակարգի վերածուած Արեւմուտք-ռուսական ազդեցութեան գօտիներու պահպանման կամ գրաւման պայքարին մատրիտեան բանաձեւը:
Կը թուի, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը անորոշ հերթականութիւնը ճիշդ ընկալած է: Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան յանկերգէն ետք յատուկ ձեւով ընդգծած է. «Հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վստահութիւն չկայ, եւ հարկադիր տեղահանուածներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է խաղաղարարներու տեղակայում»:
Վերադառնանք «վերջապէս վեցերորդ կէտ»-ին` վերահամոզուելու համար, որ Ուորլիքի ներկայացուցած պետութեան համար Արցախի հակամարտութիւնը շահարկման նիւթ է տարածաշրջանին մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու համար: Որոշակի առաջնահերթ հերթականութեամբ:
«Ա.»
aztagdaily.com







