«Երկխօսութեան» շորշոփները

Apo-PhotՊոլիսէն կը հասնին Լոս Անճելըս:

Էրտողանը իր ելոյթով ուրուագծած է արդէն Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դիմագրաւելու թրքական պետութեան ռազմավարութիւնը: Մարտավարական քայլերուն ալ արդէն ձեռնարկուած են, սկսելով Պոլիսէն, ուրկէ պիտի տարածուին աշխարհով մէկ՝ հասնելով նաեւ մեր ափերը:

Եւ արդէն իսկ կը թուի, որ հասած են: Արդարեւ, կ՛իմանանք, որ վարչապետի պատգամաբերները այս օրերուն պիտի ժամանեն Լոս Անճելըս՝ ուղղակի հանդիպումներու կամ հանրային քննարկումներու ձեւաչափերով «երկխօսութիւն» իրականացնելու համար հայ մտաւորականներու, հասարակական գործիչներու հետ:

Հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան գաղափարը նոր չէ, անշո՛ւշտ: Անցեալին, ուղղակի ամերիկեան կառավարութեան միջնորդութեամբ նման փորձեր եղած են, սակայն՝ որեւէ յաջողութեան չեն հասած:

Ձախողութեան պատճառը անպայմանօրէն ծուղակը ինկած հայ խօսակիցներու սթափութիւնը կամ զգաստութիւնը չէ եղած, դժբախտաբար, այլ՝ նախաձեռնողներուն անդրադարձը, թէ իրենց կեղծիքը հայկական լայն շրջանակներուն կողմէ անընդունելի է, եւ որքա՛ն ալ հետեւողական ճիգեր թափուին այդ ուղղութեամբ՝ որեւէ արդիւնք արձանագրելու հեռաւոր յոյս իսկ չեն կրնար ունենալ:

Այժմ, նոր բեմահարթակ մը կառուցուած է՝ նոյն ուրացողներուն կեղծիքները տարբեր զգեստաւորումով մեզ հրամցնելու համար: Մեկնակէտը նոյնն է: Հայ ժողովուրդի դիմադրականութիւնը թուլացնել՝ հաշտութեան գաղափարախօսութեան հմայքները գովերգելով, խաղաղ գոյակցութեան բարիքները թուարկելով. բայց ինչի՞ գնով: Հայութեան միակողմանի զիջումներուն գնով: Էրտողանի ելոյթը բաւարար ապացոյց է, որ թրքական իշխանութիւնները նուազագոյն չափով իսկ պատրաստ չեն ընդունելու Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ կը մերժեն այդ ուղղութեամբ որեւէ պատասխանատուութեան մասին խօսք բանալ:

Ի՞նչ երկխօսութիւն ուրեմն:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

12/05/2014

Տպել Տպել