«Ազդակ»ի Խմբագրական. Արեւմտեան Եւրոպայէն Հնչած Ձայնը. «Թէ՛ – Թէ՛»-ն Պէտք Է Աշխատի

Պետական այցով Երեւան ժամանած Ֆրանսայի նախագահին հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները ընդհանուր մէկ խորապատկերի վրայ դիտարկելով կարելի է որոշ հետեւութիւններ ընել արցախեան հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման ուղղութեամբ Փարիզի դիրքորոշումին, ընդհանրապէս երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին եւ յայտարարուած առաջադրանքին մասին:6347_b

Այս բոլորին մէջ պէտք է առանձնացնել նախագահ Հոլլանտի յայտարարութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերակցութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծող: Մանաւանդ ըմբռնելի նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան` Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը:

Նախ մէջբերենք Ֆրանսայի նախագահին երեք առիթներով այս մասին կատարած յայտարարութիւններու ամփոփումը:

«Հայաստանի համար կարելի է գտնել խելամիտ ձեւ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու համար: Յատուկ ձեւ Հայաստանի համար: Եւրոպան պէտք է Հայաստանի հետ ընկերակցելու համաձայնագիր ընդունի: Հայաստանը կրնայ երթալ Ռուսիոյ հետ Մաքսային միութիւն, ես ատոր մէջ խնդիր չեմ տեսներ.- Կարելի է համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ` չհրաժարելով Մաքսային միութենէն: Մենք պէտք է աշխատինք ատոր շուրջ»:

Փորձենք մեկնաբանել. Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարելի է գտնել իւրայատուկ ձեւաչափ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան պայմանագիրը կնքելու համար: Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը արգելք չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցի: Եւրոպական Միութիւնը ի՛նք է, որ խելամիտ եւ յատուկ ձեւ պէտք է գտնէ իրականացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցումը: Իսկ ա՛յս առաջադրանքին համար «մենք»-ը կրնար նշանակել թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը, բայց այս պարագային առաւելաբար Եւրոպական Միութիւնը, քանի որ խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափը գտնելու առաջարկը կը վերաբերի Պրիւքսէլին:

Ուրեմն. Եւրոպական Միութիւնը ղեկավարող հիմնական գերուժերէն մէկուն ներկայացուցիչը կ՛առաջադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերակցումը Եւրոպական Միութեան: Եւ երբ կը յստակացնէ նաեւ, որ Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը խոչընդոտ չէ այս գործընթացին համար, խորքին մէջ կը ջրէ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի պատասխանատուներուն ա՛յն յայտարարութիւնները, որոնք ընկերակցութեան պայմանագիրը կ՛ընկալէին տնտեսական եւ քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները ճշդող իբրեւ մէկ համապարփակ փաստաթուղթ եւ որոնք կը ճշդէին, որ Մաքսային միութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը անհամատեղելի են եւ թէ Մաքսային միութեան ճամբան ընտրած Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար միաժամանակ ընկերակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ:

Այսպիսով սակայն, հող կը շահի Պրիւքսէլի ճամբան Արեւմտեան Եւրոպայէն եւ ոչ թէ Արեւելեանէն տեսնող քաղաքական վարկածը: Փաստօրէն Եւրոպական Միութեան համեմատաբար ուշ անդամակցած Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու շրջանակներուն մօտ առկայ հակառուս տրամադրութիւնները յանգեցուցած էին Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ղեկավարներուն բացարձակացնելու ընկերակցութեան պայմանները «կամ-կամ»-ի տեսութիւնը առաջ քշելով:

Իրաւացի էր Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրանեսթի օրուան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը, երբ կը շեշտէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դէպի Եւրոպա համարկումը պէտք է անցնի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներէն, որոնք ճշդած ու ամրագրած են եւրոպական չափանիշերը եւ կը շարունակեն գծել Եւրոպայի աշխարհագրա-քաղաքական սահմանները:

Եւրոպական Միութիւնը ղեկավարող գլխաւոր ուժերէն մէկուն ներկայացուցիչը պարտաւորութիւնը կը դնէ Պրիւքսէլի ուսերուն: Պրիւքսէլն է, որ նոր, խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափ պէտք է ճշդէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որպէսզի անիկա կարենայ ընկերակցիլ իրեն հետ:

Հետագայ իրադրութիւնները անշուշտ որոշիչ դեր կ՛ունենան այս նոր ձեւաչափի կայացման կամ չկայացման մէջ: Այժմ պարզ է, որ Հոլլանտը կ՛առաջադրէ «թէ՛-թէ՛»-ին կամ «ե՛ւ-ե՛ւ»-ին աշխատիլը: Որուն համար ալ Եւրոպական Միութեան կը յանձնարարէ պատրաստել նոր, խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափ մը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել