Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան Յիշատակում

pontioi-syntagma_19-5-1419 Մայիսը, աշխարհասփիւռ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան համար, Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան միջազգային ոգեկոչման օրն է:

Աւելի քան կէս միլիոն պոնտոսցի յոյն զոհ գացած է թրքական իշխանութեանց գործադրած ցեղասպանութեան, որ միեւնոյն բեմագրութեամբ եւ վայրագրութեամբ կատարուեցաւ նոյնպէս ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ յոյներուն, ե՛ւ ասորիներուն դէմ:

Պոնտոսի յոյները վերջին տասնամեակին ընթացքին աշխոյժ աշխատանք կը ծաւալեն՝ պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ: Հակառակ հարցի արծարծման կարճ ժամանակին, այս ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին մեծ ոստումներով կը յառաջանայ Յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը, յատկապէս ԱՄՆի եւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր յունական մեծաթիւ համայնքներ գոյութիւն ունին:

Յունաստանի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի երկար տարիներու նախանձախնդիր ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղած է բազմիցս համագործակցութիւններ հաստատել պոնտոսցիներու եւ ասորիներու ներկայացուցիչներուն հետ, ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ:

Համագործակցութեան այս բոլոր նախաձեռնութեանց եւ ելոյթներուն ընթացքին, միշտ շեշտուած է, թէ մարդկութեան դէմ գործուած այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման միակ միջոցը՝ միասնական ու ամուր ռազմավարութեան մը որդեգրումն է:

azator.gr

Տպել Տպել