Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Դասաւանդութեան Բանաձեւը

aydinՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը Չորեքշաբթի, Մայիս 28ին միաձայնութեամբ (77-0) վաւերացուցած է երեսփոխան Ատրին Նազարեանի ներկայացուցած թիւ 1915 բանաձեւը, որ կը պահանջէ Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը ներառել պետական վարժարաններու 7-12 դասարաններու ընկերային գիտութեանց նիւթի դասաւանդութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ կրթական նախարարութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հրատարակութիւններ կատարէ եւ դասաւանդման նիւթեր պատրաստէ:

Բանաձեւը, անցեալ շաբաթ վաւերացուած էր Յատկացումներու յանձնախումբին, իսկ անցեալ Ապրիլին՝ Կրթական հարցերու յանձնախումբին կողմէ:

Բանաձեւը խորհրդարանի լիագումար նիստին ներկայացնելու ընթացքին, Նազարեան լուսարձակի տակ առաւ անոր կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան մանրամասն դասաւանդումը էական է՝ աւելի լաւ հասնկալու համար անոր յաջորդած եւ Ցեղասպանութիւնը իբրեւ նախատիպար օգտագործած ցեղասպանութիւնները:elen

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան դրուատեց բանաձեւին վաւերացումը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը ներառել պետական վարժարաններու դասաւանդութեանց մէջ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նազարեանին եւ բանաձեւի գլխաւոր համահեղինակին՝ Խաչօ Աշաճեանին:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով, վերջին քանի մը ամիսներուն մօտէն գործակցած էր Նազարեանի եւ Աշաճեանի հետ, հարկաւոր նիւթեր տրամադրելով խորհրդարանի անդամներուն: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Ալիս Պետրոսեան եւ նոյն յանձնախումբի վարչութեան անդամ Քէյ Մուրատեան, Խաչօ Աշաճեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի Կրթական հարցերու յանձնախումբի անդամներ Ճօէն Պիւքենըն եւ Ռաքի Չաւեզ, Ապրիլ 9ի նիստին ընթացքին սոյն բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած էին:

Նշեալ բանաձեւին կողքին, Նազարեանի ջանքերով եւս, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը պիտի քննէ նաեւ թիւ 659 բանաձեւը, որ կը յանձնարարէ վարժարաններուն օգտագործել Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու բերանացի վկայութիւնները՝ նման արհաւիրքներու մասին դասաւանդութեանց ընթացքին: Թիւ 659 բանաձեւը վաւերացուած է արդէն խորհրդարանին կողմէ:

asbarez.com
30/05/2014

Տպել Տպել