Ի՞նչ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ եւ ինչո՞ւ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Երբ փոքր էինք, մեր գերդաստանին մեծերը իմաստուն խօսք մը ունէին. “Տահա ձոն ՛տի գայ, տահա անձրեւ ՛տի գայ, տահա ինչե՜ր ՛տըլլի…“: Դեռ ձիւն պիտի տեղայ, անձրեւ պիտի տեղայ, ու դեռ ինչե՜ր պիտի ըլլան:

Ամիս մը անցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի թատերա-ընտրութիւններէն, նոր կառավարութիւնն ալ կազմուելու վրայ է: Տուեալները ցոյց կու տան, որ նորակազմ կառավարութիւնը իրականութեան մէջ` նախորդին մէկ կրկնօրինակը պիտի ըլլայ` քանի մը նոր անուններով: Իրականութեան մէջ, բացառապէս նոյն իշխող խաւին շահերուն ծառայելու կոչուած իշխանութիւն մըն է եղածը, ու անկէ բխած “համախոհական“ կառավարութիւն մը: Վարչապետը նոյնն է: Իսկ Ազգային Ժողովի նախագահն ալ այդ նոյն անձն է, որ ի դէպ, նուազ քան տարի մը առաջ հրապարակաւ կը յայտարարէր, թէ քաղաքական գործիչ ըլլալու համար շատ խելք ունենալը պայման չէ:

Ո՞Ր ԻՇԽՈՂ ԽԱՒԸ

Նոյն այն իշխող խաւը, որ վերջին մէկուկէս տասնամեակէն ի վեր ու յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, իր ձեռքը սկսած է կեդրոնացնել համաշխարհային տնտեսութեան լծակները, օգտագործելով համաշխարհային ելեւմտական հաստատութիւնները` IMF, WorldBank, European Central Bank եւայլն: Այս խաւը գրեթէ ամբողջական հակակշիռ հաստատած է տեղական կամ միջազգային քաղաքական ուժի կեդրոններուն վրայ` ինչպէս Սպիտակ տուն, Եւրոպական միութիւն, ԵԱՀԿ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդ, ՆԱԹՕ եւայլն:

Միլիառատէրերէ բաղկացած այս խաւը արդէն իսկ պարտութեան մատնած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ստեղծուած Քեյնէզեան տնտեսական-ընկերային վարքագիծն ու կարգուսարքը եւ կը ձգտի հաստատել վայրագ դրամատիրական կարգեր ամէնուր` “ազատ շուկայ“ կոչուած անտառի օրէնքով: Դիմադրողները կը պատժուին անխնայ, ինչպէս օրինակ` Լիպիան իր Քատտա‎ֆիով, Սուրիան Պաշշար Ասատով, ինչպէս նաեւ Յունաստանը, Սպանիան, Իրլանտան եւայլն: Մեթոտները կրնան տարբեր ըլլալ. Լիպիոյ եւ Սուրիոյ պարագային` զինուորական բռնի ուժ: Յունաստանի եւ միւսներուն պարագային` ելեւմտական ուժ, “տնտեսական ժուժկալութեան“ (austerity) քօղին տակ ծածկուած: Այսինքն, ձգտում կայ ստեղծելու տնտեսական այնպիսի համակարգ մը, ուր եկամուտներու բաշխումը ըլլայ վարէն վեր եւ ոչ թէ վերէն վար: Մէկ խօսքով` եկամուտները հոսին 99 տոկոսէն դէպի վերի 1 տոկոսը:

Այս խաւը ազգ, հայրենիք եւայլն չի ճանչնար, “բազմալեզու“ եւ “բազմազգ“ է: Կը ճանչնայ միայն կանխիկ շահ: Ատոր համար ալ անդրազգային զինակցութիւն մը ստեղծուած է համաշխարհային թատերաբեմին վրայ: Այս զինակցութիւնը յարձակողականի անցած է գրեթէ ամէն կողմ:

Այս իշխող խաւին “հայկական մասնաճիւղը“ կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ, յանձին գլխաւորաբար Հանրապետական կուսակցութեան ու շահակցական կապերով իրեն յարող կարգ մը “օլիկարխներով“:

Հետեւաբար, Արեւմուտքին համար, այս “հայկական մասնաճիւղին“ ամէն ինչ արտօնելի է, երբ կը գործէ համահունչ` իր արեւմտեան հոգեղբայրներուն:

Այնպէս որ, երբ ԵԱՀԿի դէտերը ԱԺի վերջին ընտրութիւններէն ետք կը յայտարարէին, թէ “Հայաստան դրուատանքի արժանի է իր ընտրական բարեկարգումներուն, ինչպէս նաեւ իր թափանցիկ եւ խաղաղ ընտրապայքարին համար“, պատճառը յստակ է: Եւ կամ երբ ընտրութիւններուն յաջորդ օրն իսկ “Իքոնոմիստ“ շաբաթաթերթը լայնքին երկայնքին կը դրուատէր ՀՀԿի յաղթանակը եւ մասնայատուկ դրուատանքի կ՛արժանացնէր նախագահ Սերժ Սարգսեանը (առանց վարանելու պատմականօրէն սխալ արժանիքներ վերագրելով նաեւ անոր), դարձեալ յստակ է պատճառը: Իսկ Ուաշինկթըն, որ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի վերընտրութիւնը օրին մերժեց շնորհաւորել (ու երբեք ալ չշնորհաւորեց), հիմա դարձեալ, արագօրէն յայտարարութիւն մը հրապարակելով դրուատեց Հայաստանի ընտրութիւնները:

Մեր սեւ աչքերո՞ւն համար արդեօք: Դժուար թէ:

Ի՞ՆՉ Է ՀԱՇՈՒԵՑՈՅՑԸ

Սակայն Հայաստանի պարագային, կան այլ երկու հիմնական ազդակներ եւս, որոնց առնչութեամբ Արեւմուտքի նոյն այս շրջանակները (որոնց մասին վերը խօսեցանք) յստակ ակնկալութիւններ ունին Հայաստանի իշխող խաւէն եւ կամ նոյնիսկ առաջադրանք-պահանջներ դրած են: Մէկ խօսքով, Հայաստան այս բոլոր “գովասանքներուն“ դիմաց հաշուեցոյց մը ունի վճարելիք: Ձրի բան չկայ: Բայց այդ հաշուեցոյցի վճարումը հիմա չէ, այլ` նուազ քան տարի մը ետք, երբ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, Սերժ Սարգսեան հաշուետէրերու կը ներկայանայ իբրեւ (հաւանաբար նոյնիսկ առաջին իսկ փուլէն) վերընտրուած նախագահ:

“Զարմանալու“ բան չկայ հոս. նախընթաց ալ կայ, չէ՞, թէ ինչպէս ժողովուրդի համատարած դժգոհութեան առարկայ իշխանութիւնները նախորդէն շատ աւելի քուէ “ստացան“ իրե՛նց իսկ կողմէ հարստահարուած ժողովուրդէն: ԱԺի թատերա-ընտրութիւններուն նմանակը շատ հաւանաբար կրկնուի նուազ քան տարի մը ետք:

Բայց ի՞նչ է այս հաշուեցոյցը:

Յստակացում մը: Անձնապէս չենք խորհիր, որ Արցախի հարցը մաս կը կազմէ այս հաշուեցոյցին, որովհետեւ հոն Մոսկուա եւս լուրջ դերակատարութիւն ունի:

Մեր խորին համոզումով, այդ հաշուեցոյցը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայ-թրքական կնճիռի լուծումը` Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած փրոթոգոլներու տառով ու ոգիով: Այսինքն, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում, սահմաններու բացում եւ, ամենակարեւորը, երկու կողմերու պատմաբաններու “պրպտումներուն“ իբրեւ արդիւնք, Թուրքիա ներողութիւն խնդրելու նման ժեստ մը կը կատարէ (օրին` այդ տարազը դիւրութեամբ կարելի է յօրինել), իսկ Արեւմուտքը իր կարգին, իբրեւ “հատուցում“, յառաջիկայ քանի մը տարիներուն համար Հայաստանին կը խոստանայ դրամական յատկացումներ կամ արտօնեալ վարկեր, զայն պահելով իր ընդհանուր տնտեսա-քաղաքական վարքագիծի ծիրէն ներս, իբրեւ նոր օրերու հլու-հնազանդ “փոքր դաշնակից“:

Հայաստանի իշխող խաւին ու անոնց յարող “օլիկարխներուն“ համար, ահաւասիկ, երկինքէն թափուող մանանայ: Եւ ո՞վ պիտի դիմադրէ այս փորձութեան, L‎ֆիկ Սամոնե՞րը, թէ Ֆլէշի Բարսեղները: Բնականաբար ոչ:

Դիմադրողը պիտի ըլլայ, ինչպէս միշտ եւ ինչպէս եղաւ վերջերս փրոթոգոլներու հարցով` Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որուն դրսեւորած դիմադրութեան եւ դիմադրական ոգիին համար, Հայաստանի իշխող խաւը Հ.Յ.Դ.էն վրէժ լուծեց, անոր պատգամաւորական կազմը 16էն իջեցնելով 5ի: Իշխող խաւը իր այս քայլով նաեւ կը փայփայէ այն սին յոյսը, որ Դաշնակցութեան արձանագրած այս “ընկրկումը“ դուռ պիտի բանայ ներքին խլրտումներու: Հին ու հինցած մեթոտ:

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

Հետեւաբար, մեր խոր համոզումով, Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը այժմ կը գտնուի այս նոր մարտահրաւէրին դէմ յանդիման, որ իր լրջութեամբ ինքզինք կը պարտադրէ իր ազգային շահերուն հետամուտ ոեւէ հայու, առաւել եւս` ոեւէ դաշնակցականի օրակարգին:

Հետեւաբար, ամէն ատենէ աւելի այսօր է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, զինակցելով հայ ժողովուրդի բոլոր առողջ հոսանքներուն հետ, պարտաւոր է դիմադրել այս արշաւանքին: Պայմանով, որ իւրաքանչիւր դաշնակցական խորապէս ըմբռնէ այս մարտահրաւէրին լրջութիւնը:

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը բազմիցս գտնուած է իր ներքին ամրութեան սպառնացող վտանգներու դիմաց, սակայն կրցած է յաղթահարել զանոնք: 1905-1907 թուականներուն, Հ.Յ.Դ.ն կը գտնուէր գաղափարական-քաղաքական տարակարծութիւններու մէջ, որոնք կը սպառնային պառակտել զայն: Սակայն 1907ի Դ. Ընդհանուր ժողովը փայլուն կերպով լուծեց այդ հարցերը: Ցարական վարչակարգը 1909ին անխնայ հալածանքի ենթարկեց Դաշնակցութիւնը Արեւելահայաստանի մէջ, սակայն ի վերջոյ տեղի տուաւ:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը տոկաց, որովհետեւ նախ գիտակցեցաւ պահու լրջութեան եւ երկրորդ` իր ամբողջ ուժերը լարելով դիմադրեց:

Հետեւաբար, նախ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր դաշնակցական գիտակցի պահու լրջութեան, գիտակցի, թէ դաւ մը կը նիւթուի հայութեան ու Հայաստանի դէմ, դաւ մը, որուն դիմաց կը նսեմանան շատ ու շատ խնդիրներ ու ապա զինուի դիմադրական համապատասխան ոգիով:

Դիմադրական այս ոգին է Հայաստանի ու հայութեան յոյսը:

Յունիս 4, 2012
[email protected]

ԱԶԱՏ ՕՐ
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
ԱՍՊԱՐԷԶ

Տպել Տպել