Վազգէն Շուշանեան (1902-1941). Արարատի վեհափառ հպարտութիւնն ու Վահագնի բոցաշունչ ցասումը շնչաւորող ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅը

shoushanian «Կ’անցնին բոլոր վէրքերն ու բոլոր յուսահատութիւնները, բոլոր նուաստացումներն ու բոլոր ստրջանքները,- ինչ որ կը մնայ հայ մանուկն է հայրենի հողին վրայ: Ահա այս պէտք է ըլլայ մեր Ալֆան ու մեր Օմեղան, մեր ճշմարտութիւնն ու մեր արդարութիւնը: Թող այս օտար եզերքներուն վրայ մեր վերջին երգը լռէ յաւիտեանս յաւիտենից, միայն թէ հայ շինականը լուսաբացին կարենայ իր զուարթութիւնը մրմնջել:

«… Կ’անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կþանցնին բոլոր հորդաներն ու բոլոր բարբարոսները, կþանցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները՝ իրենց սուտ իմաստութեամբ: Հայոց ազգ, քայլերդ դուրս մի նետեր այս աւանդակներէն, այս ծործորներէն ու այս խոպան հողերէն։ Եթէ նոյնիսկ բազուկներդ չկրնան հրացան բռնել՝ մագիլներովդ ճանկէ արդարութիւնդ, եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաս անգամ մը եւս ողնաշարդ ծռել, ողջ հասակովդ ընկիր մեր կարմիր հողերուն վրայ։ Աւելի լաւ է սողալ այստեղ, քան թէ գլուխ ցցել ուրիշին սահմաններուն վրայ։ Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ՝ հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…»։

1930ականներուն իբրեւ օրագրութիւն թուղթին յանձնուած այս խորհրդածութիւններն ու անոնց խտացուցած ազգային մեծ պատգամը մենք ժառանգած ենք Վազգէն Շուշանեանէն, որ հայ մտքի ու գրականութեան անմահ մեծերու փաղանգին մէջ իր արժանաւոր տեղը նուաճեց, մեր սերունդներուն գաղափարական ուղին լուսաւորեց եւ ազգային մեր յիշողութիւնը ջերմացուց ամբողջական հայու աւանդին սփիւռքեան ճառագայթումով։

2 Յունիսի այս օրը կը լրանայ մահուան 71րդ տարելիցը արեւմտահայ արձակի բարձրաթռիչ սլացքը, հայ ազգային գաղափարախօսութեան սանձակոտոր թափը եւ դաշնակցական մարտունակութեան անսպառ եռանդը հայոց սերունդներուն բաշխած մեծն Շուշանեանի, որուն ծննդեան 110ամեակն է այս տարի։

Արդարեւ, 2 Յունիս 1941ին, փարիզեան հիւանդանոցի մը մէկ անկիւնը ծանր թոքատապով անկողին գամուած, Բ. Աշխարհամարտի թոհուբոհը ապրող ողջ աշխարհէն մոռցուած, բայց համայն աշխարհի եւ մարդկութեան, այլեւ ու մանաւանդ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ հոգը իր վտիտ ուսերուն շալկած՝ մեր կեանքէն անդարձ մեկնեցաւ Վազգէն Շուշանեան։

Միայն 39 տարի ապրեցաւ Շուշանեան, բայց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը նուաճեց իբրեւ տաղանդաւոր այն արձակագիրն ու հրապարակագիրը, որ մարմնաւորեց մեր ժամանակներու Առաջին Սփիւռքահայու կերպարը՝ ամբողջական հայու հաւատարմութեամբ, թէ՛ իր հասարակական կեանքով եւ թէ, մանաւա՛նդ, իր գրական վաստակով։

1902ին Րոտոսթօ ծնած եւ մանկութեան ու պատանութեան տարիները աքսորի եւ պանդխտութեան, արեան ու արհաւիրքի ճամբաներուն վրայ մաշեցուցած զգայուն տղայ մըն էր Վազգէն Շուշանեան։ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին զոհ գացած իր ընտանիքին եւ հարազատներուն անդարմանելի կորուստը աւելիով ծանրացուց եւ խորագոյն խոց բացաւ հայրենի իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած հայ որբի Շուշանեանական ներաշխարհին վրայ։ Եւ ճակատագիրը ո՛ւր որ տարաւ զինք՝ Հալէպ, Պոլիս, Հայաստան թէ Ֆրանսա, Վազգէն Շուշանեան ամէնուր երգի վերածեց Հայուն մեծ վէրքը՝ սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներուն ամէնէն փնտռուած եւ սիրուած հեղինակը դառնալով։

Արբունքի տարիքը հազիւ թեւակոխած՝ ան ցմրուր ճաշակեց Մեծ Եղեռնի ահաւորութիւնը. որբացած հասաւ Հալէպ եւ հայու սեւ ճակատագրէն իրեն բաժին ինկած թշուառութիւնն ու տառապանքը կոփեցին Վազգէն Շուշանեանի մէջ վերապրելու անկոտրում կամքը, կեանքի եւ սիրոյ պաշտամունքը, կորսուած Հայաստանը արեան իւրաքանչիւր հիւլէին եւ մարմնի իւրաքանչիւր բջիջին մէջ վերագտնելու եւ ապրեցնելու յեղափոխական ցասումը, բայց յատկապէս Արարատի վեհութեամբ հպարտ Հայը։ Այդ բոլորը եւ փարիզեան ազատութեանց մէջ իր ուղին հարթող Արմատախիլ Հայու երիտասարդական տարերքը հայ գրականութեան մատուցուեցան, բանաստեղծական հմայիչ շունչով, Շուշանեանի «Մթին պատանութիւն», «Առաջին սէրը», «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Գարնանային», «Օրերը գեղեցիկ չեն», «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» եւ միւս անկորնչելի վիպակներով ու վէպերով։
Վազգէն Շուշանեան պայքարի մարդ էր եւ կրցաւ, իր ուսումնատենչութեամբ ու վերապրումի կամքով, Հալէպի որբանոցային կեանքէն վեր բարձրանալ, Զինադադարէն ետք վերադառնալ Պոլիս, ընդունուիլ Արմաշի Գիւղատնտեսական վարժարանը եւ 1920ին, երբ ամբողջ դպրոցը իր աշակերտութեամբ Հայաստան տեղափոխուեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին շրջանին, Շուշանեան իր կարգին անցաւ Հայաստան, ուր եւ մնաց վարժարանի գործունէութեան ութ ամիսներու ընթացքին։ Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, արդէն դաշնակցական երիտասարդ գործիչ, Վազգէն Շուշանեան վերադարձաւ Պոլիս, ուր ուսուցչութեան կողքին աշխատակցեցաւ Կոստան Զարեանի եւ Յակոբ Օշականի հռչակաւոր «Մեհեան» գրական պարբերականին։
1922ին Վազգէն Շուշանեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Ֆրանսա, Փարիզ եւ Մարսէյլ, ուսումը շարունակելու նպատակով։ Ապրուստն ու կեցութիւնը ապահովելու համար բանուորութիւն ըրաւ եւ սեփական մորթին վրայ զգաց դրամատիրական կարգերու ահաւոր անարդարութիւնը։ Վկայուեցաւ Մարսէյլի համալսարանէն, բայց կանգ չառաւ ուսումնառութեան ճամբու կէսին։ Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փարիզի համալսարանին մէջ, ուրկէ 1930ին վկայուեցաւ ընկերային գիտութեանց մէջ։

Քսանականները ոչ միայն ուսումնառութեան, այլեւ գրական արգասաբեր ստեղծագործութեան եւ ազգային¬հասարակական ու գաղափարական¬կուսակցական բուռն գործունէութեան եռուն շրջան եղան Վազգէն Շուշանեանի կեանքին մէջ։ Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի կազմակերպութեան աշխոյժ գործիչներէն եղաւ, ուսանող տաիքին իսկ Կ. Կոմիտէի անդամ ընտրուեցաւ, 1925ին միացաւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան, որ հրատարակութեան իր երկրորդ շրջանը կը սկսէր Փարիզի մէջ, Սիմոն Վրացեանի խմբագրապետութեամբ եւ Շաւարշ Միսաքեանի ու Վազգէն Շուշանեանի իբրեւ օգնական խմբագրի աշխատակցութեամբ։

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդին օտար ափերու վրայ վերաշխուժացման այդ դժուարին շրջանին, Շուշանեան հրապարակագիրը ի յայտ եկաւ իր ամբողջ խորութեամբ եւ քննադատական տարերքով։ Յատկապէս ընկերվարական շարժման վերաշխուժացման զուգադիպած այդ ժամանակաշրջանին, Շուշանեան ներկայացուց «Դրօշակ»ն ու Դաշնակցութիւնը Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ՝ դառնալով արժանաւոր յաջորդը Միքայէլ Վարանդեանի։

Եւ որքան յառաջացաւ ինքնահաստատման այդ երեք ուղղութիւններուն՝ գրական ստեղծագործութեան, ընկերային¬գաղափարական հրապարակագրութեան եւ Հ.Յ.Դ. կազմակերպչական աշխոյժ գործունէութեան ճակատներուն վրայ, այնքան խստապահանջ դարձաւ Շուշանեան ե՛ւ իր անձէն, ե՛ւ իր մտաւորական ու կուսակցական շրջապատէն։

Հայրենի հողէն պոկուած արմատախիլ հայն ու ֆրանսական ազատութեան մէջ կազմաւորուած սփիւռքահայը եզակի դաշնադրութիւն մը առաջացուցին Շուշանեանի մտածողութեան եւ ստեղծագործական տարերքին մէջ։

– Նոր Հայու ինքնահաստատումը դարձուց կիզակէտը իր կեանքին ու բոցաշունչ ներաշխարհին։

– «Նահանջը առանց երգի» ապրող զինաթափ Շահնուրին հակադրեց «իր հոգւոյն խորը Արարատ ունեցող Մարդու» շուշանեանական հերոսականութիւնը։

– Քաղքենիութեան անձնատուր եւ յանուն նիւթապաշտութեան «ֆրանսացի» դարձած հայուն հակադրեց աշխատաւոր մարդկութեան մեծ ընտանիքին եւ անոր մարտունակ պայքարին մէջ իր ազատագրման ուղին գտած յեղափոխական հայը։

– Տարագրութեան դատապարտուած Դաշնակցութեան կազմակերպական ղեկին կանգնած պահպանողական գործիչներուն հակադրեց Աղբիւր Սերոբներու յեղափոխական խստապահանջութեան նոր ուղիներ հարթող Դաշնակցականի իր հերոսը։

Հետեւանքը տխուր պատմութիւն է, բայց երբեք ողբալի։

Վազգէն Շուշանեան ամբողջ էութեամբ մխրճուեցաւ կուսակցական ներքին պայքարներու մէջ։ Թէեւ հետագային անդրադարձաւ եւ շատ արագ ու կտրուկ սրբագրեց իր մոլորանքը, բայց Շուշանեան եղաւ նաեւ առաջին սփիւռքահայը, որ զոհ գնաց խորհրդային իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական պայքարին, որ Դաշնակցութեան ներքին պառակտումը հրահրելով՝ հետամուտ էր տարագիր ողջ հայութիւնը համայնավարութեան ձեռքին արտասահմանեան խաղաթուղթի վերածելու սադրանքին…

Շուշանեան գլխաւորողներէն մէկը եղաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններուն դէմ պայքարի ճակատ բացած «Մարտկոցական» շարժումին, որ իր անունը ստացաւ 1932ին Փարիզի մէջ իր հրատարակութիւնը սկսած «Մարտկոց» թերթէն։ Թէեւ նոյնինքն «Մարտկոց»ի էջերէն Շուշանեան միշտ նախանձախնդիր եղաւ, որպէսզի ղեկավար դաշնակցականներու դէմ ուղղուած իր կատաղի յարձակումները չծառայեցուին ըստ էութեան Դաշնակցութեան դէմ, այսուհանդերձ՝ համայնավարական սադրանքը պատմական նենգափոխութեան մեծ ներուժ ունէր եւ կրցաւ ըստ ամենայնի Դաշնակցութեան դէմ պայքարի գերին դարձնել «Մարտկոցական» շարժումը՝ ծանրագոյն հիասթափութեան մատնելով Շուշանեանի օպինակով Անկեղծ Զինուորները։

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Շուշանեան լրիւ քաշուեցաւ ազգային-հասարակական աշխոյժ գործունէութենէ։ Ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Ֆրանսայի կորսուած մէկ շրջանին մէջ, ապրեցաւ ծայր աստիճան թշուառ պայմաններու տակ, բայց իր հոգւոյն խորը Արարատ ունեցող սփիւռքահայու հպարտութեամբ՝ շարունակեց ստեղծագործել։ Գրեց մանաւանդ իր հռչակաւոր «Օրագիր»ը, որ աւելի քան յիսուն տարի հոս ու հոն շրջագայելէ ետք լոյս ընծայուեցաւ՝ սերունդներուն ժառանգ յանձնելու համար ամբողջական հայու եւ առաջին սփիւռքահայու եզակի կերպարին՝ մեծն Վազգէն Շուշանեանի ազգային-գաղափարական կտակը։

Թոքատապի անակնկալ սաստկացումը, 1941ի Յունիս 2ին, մահացու եղաւ Վազգէն Շուշանեանի համար։ Վախճանեցաւ Հայաստանի եւ հայկական յեղափոխութեան բոցաշունչ երգիչը, որ դժբախտ եղաւ նաեւ իր մահով, որովհետեւ չունեցաւ շիրիմ եւ թաղուեցաւ հասարակաց գերեզմանի մը մէջ։

Եօթանասունեւմէկ տարիներ անցած են իր վաղահաս մահէն ասդին եւ որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կը բարձրանայ մեծութիւնը Վազգէն Շուշանեանի՝ Արարատի վեհաշուք հպարտութեամբ եւ Վահագնի բոցաշունչ ցասումով։

Կը վերանորոգուի իր ներշնչած պաշտամունքը՝ հայրենի հողին ու բնութեան հանդէպ, որուն ամբողջ գեղեցկութիւնը Շուշանեան բիւրեղեայ արեւմտահայերէնով աւանդ յանձնեց մեր սերունդներուն.

«Հովը դեռ ցուրտ էր երէկ, այլ յանկարծ այս առաւօտ
Գարնան ջինջ շունչը լեցուց պարտէզ,
ճամբայ ու անդեր,
Ու բողբոջները բոլոր պատռեցան
ինչպէս վարդեր
Ու յորձանքով պայթեցան ծիլ, շաքիլ,
ճիւղ ու ծղօտ:
Ահա քնքուշ ու դեղին հրանուկներն առաջին,
Ահա տերեւք ցօղաթուրմ հազիւ կճեպը խզած
Ու նորաբոյս խոտերուն, ճղիկներուն վրայ թաց՝
Ահա համբոյրը անուշ արփւոյն մոլոր ճաճանչին:
Երկիրն յղի էր անշուշտ,- որովայնին խորը սուրբ
Գարունն հանդարտ կը ննջէր՝ խմելով աւիշը յուռթի,
Որ այժմ ողջ գիւղին վրայ ալեկոծեալ կը յորդի:
Ողջո՜յն գարնան զարթօնքին,- որքա՜ն սարսուռն է իր նուրբ
Մեր արեան մէջ ու որքա՜ն բուրաւէտ են իր հովերն
Ու ի՜նչ սիրով կը հնչէ իր առաջին հրաւէրն»:

Կը վերանորոգուի, մանաւա՛նդ, հայոց լեզուին եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան անկորնչելի գանձերուն փարելու Շուշանեանական հպարտութիւնը, որ յաւիտեան պիտի պատգամէ՝

«Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ։ Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ։ Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ՝ աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը։ Կ’ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,- քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ։ Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ՝ պատմութեան մէջ։ Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»:

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել