Աւելի՛ Հզօր Հակահարուած

Copy-of-0215apo1-240x300Հակահարուածներու գործընթաց մը սկսած է ատրպէյճանական եւ հայկական բանակներուն միջեւ:
Ատրպէյճան սադրիչ գործողութիւն կը կատարէ՝ վնաս հասցնելով հայկական բանակին, որ իր կարգին, հակահարուած տալով՝ աւելի ծանր կորուստներ կը պատճառէ ատրպէյճանական կողմին: Այսպէս, լարուածութիւնը կը սաստկանայ, եւ որեւէ պահու, կրնայ լայն ճակատներով պատերազմ մը սկսիլ:

Պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով հռետորութիւնը համահունչ է զինուորական գործողութիւններու մագլցումին: Միայն թէ՝ այստեղ նոր վիճակ կը դիմագրաւէ հայկական կողմը: Նախապէս, Ատրպէյճանի ռազմական պատասխանատուներուն արտայայտութիւնները անհետեւանք ճառեր եղած են միայն: Նոր նախարարին խօսքերը, սակայն, կը թուի, թէ պէտք է լուրջի առնել ու համապատասխան վերլուծումով մը անոնց պատասխանը այնպիսի՛ համոզիչ կերպով տալ, որ վերջ գտնեն այլեւս այս արիւնալի մարտախաղերը:

Դաժան եղէք յարձակող հայերուն հանդէպ. այս էր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին յորդորը՝ իր զինուորներուն, Նախիջեւանի սահման կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին:

Եւ դաժա՛ն էր իսկապէս պատահածը: Երկու զինուորի նահատակութիւնը՝ Երեւանին այնքա՛ն մօտ, Երասխաւանի սահմանին, ուր հայ ատրպէյճանական առաջին ճակատումը պատահած էր ղարաբաղեան շարժման օրերուն, պէտք է յուշէ հայկական բանակի ղեկավարութիւնը, որ հակառակորդը կը փորձէ նոր որակով մուտք գործել մարտ եւ արդէն իսկ այդ որակին նախանշանները սկսած է ցոյց տալու: Աւելի՛ն, հայկական կողմը պէտք է նկատի առնէ, որ այս ու նման դէպքեր կրնան ոգեւորութեան աղբիւրի վերածուիլ ատրպէյճանական պարտուած բանակին համար, որ խանդավառուելով՝ կրնայ աւելի մեծ արկածախնդրութիւններու պատրաստուիլ:

Հայկական պատասխանը, ուրեմն, այլեւս միայն համարժէք չի կրնար ըլլալ: Պէտք է աւելի՛ հզօր ըլլայ, աւելի՛ համոզիչ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

06/06/2014

Տպել Տպել