Թրքութեան Արշաւանք

Copy-of-0215apo1-240x300Պաքուէն հնչեց համաթրքութեան երազի վերականգնման յայտարարութիւնը: Թրքախօս երկիրներու (ԹՈՒՐՔՓԱ, որուն հովանոցին տակ միացած են Ատրպէյճան, Թուրքիա, Ղազախստան եւ Ղրղզստան) խորհրդարանականներու 5րդ համագումարը, երէկ, Պաքուի մէջ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ զօրակցութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, այսինքն՝ յօգուտ Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու նկրտումներուն:

Պաքուի այս յայտարարութիւնը կու գայ վերահաստատելու նոյն ԹՈՒՐՔՓԱի Համագործակցութեան խորհուրդին՝ թրքական Պոտրում քաղաքին մէջ Յունիս 5, 2014ին հրապարակած բանաձեւը, ուր դարձեալ համերաշխութիւն կը յայտնուի Ատրպէյճանին:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ակնկալելի էր, որ Թուրքիա պիտի ձեռնարկէ՝ թրքախօս երկիրներու համադաշնակցութեան մը ճամբով՝ վերականգնելու համաթուրանական կայսրութիւն մը ստեղծելու իր վաղեմի նպատակը:

Սկզբնական շրջանին այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները այնքա՛ն ալ յաջող չընթացան, Խորհրդային մշակութային ազդեցութեան տակ թրքախօս երկիրներու ժողովուրդներուն մօտ շեշտուած տարբերութիւններուն պատճառով:

Թուրքիա երբեք չհրաժարեցաւ եւ չի հրաժարիր այս նպատակը իրականացնելու մտասեւեռումէն, այլ ի նախապատրաստութիւն այդ ծրագիրին՝ ամէն ճիգ կը թափէ պատրաստելու իրական միաւորման հող, որուն մէջ պիտի փորձէ ներգրաւել նաեւ Իւզպեքիստանն ու Թուրքմէնիստանը:
Այդ նախապատրաստական աշխատանքներէն ամէնէն կարեւորը լեզուական եւ մշակութային միութեան պայմաններ ստեղծելն է, ինչի առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ մէկ այբուբենի ու մէկ լեզուի որդեգրումը՝ այս երկիրներու պետութիւններուն կողմէ:
«Այս երկիրներուն իրական միաւորումը մեզի ուժ կու տայ», Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք, որ գլխաւոր ջատագովներէն է լեզուական ու այբուբենի միութեան:

Ուժ յանուն ինչի՞, կամ ընդդէմ որո՞ւ գործածելու: Նազարպաեւի վերջին կեցուածքը, զոր Ղազախստանի նախագահը դրսեւորեց Եւրասիական տնտեսական միութեան հարցեր քննարկելու հաւաքին ընթացքին (Աստանա, Մայիս 29, 2014), գաղափար մը կու տայ այդ մասին՝ նաեւ շօշափելի փաստ մը տալով, որ համագործակցութիւնը արդէն իսկ մտած է քաղաքական հարթութիւն:

Քաղաքականին պիտի յաջորդէ կամ նոյնիսկ զուգահեռ պիտի ընթանայ ռազմական գործակցութիւնը, որուն պարագային՝ համագործակցութեան շարունակութեան փաստերը տեսանք վերջերս Նախիջեւանի մէջ, թրքական բանակի նեցուկէն լկտիացած ատրպէյճանական սադրանքի մը տեսքով: Թուրք-ատրպէյճանական ռազմական միացեալ վարժանքները արդէն իսկ նոր մակարդակ կը նուաճեն:

Համաթրքութեան ձգտումի այս արտայայտութիւնները, հասկնալիօրէն, առաջին հերթին կը սպառնան Հայաստանին ու Արցախին, եւ ուրեմն՝ պէտք է արժանանան համապատասխան ուշադրութեան ու հակաքայլերու՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել