Հաղորդագրութիւն թիւ 10

SyriaShdab-logoՍուրիոյ ապրած դաժան տագնապին մէջ, սուրիահայութիւնը յատկապէս անցնող երեք տարիներուն, իր կեցուածքով դրսեւորեց տիպար քաղաքացիի վարք: Սուրիահայութիւնը հաւատարիմ մնաց իր երկրին եւ համայնքին, իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ազգային, մշակութային ու մարզական կեանքին: Այսօր, Քեսապի ազատագրումի ուրախութեամբ համակուած` կը շնորհաւորենք սուրիահայութիւնը, բայց մանաւանդ` Ծովափի շրջանի հայութիւնը եւ այս առթիւ կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Բանակին, որ բազում զոհողութիւններով Քեսապը վերադարձուց հայրենիքի գոգը:

Սուրիոյ տարածքին տիրող դժուար իրավիճակներուն մէջ, Հալէպի կացութիւնը ցայսօր կը շարունակէ ծանրագոյնը մնալ: Վերջին օրերուն, Հալէպի մէջ ընդհանրապէս եւ Նոր Գիւղի մէջ մասնաւորապէս, իրագործուած բարբարոսութիւնները, իրենց ահաւոր հետեւանքները ունեցան հալէպահայուն համար թէ՛ հաւաքական, թէ՛ անհատական իմաստներով: Այս տաժանելի կացութեան մէջ եւս սուրիահայութեան մայրաքաղաքը համարուող հալէպահայ համայնքը կը շարունակէ իր գոյերթը, կը շարունակէ յուսալով` տոկալ, խրախուսանքով` դիմանալ եւ վերանորոգ եռանդով ու կորովով դէպ առաջ ընթանալ:

Քեսապի ազատագրումը յոյս ներշնչեց հալէպահայութեան, առ այդ, յաղթանակի ճանապարհը դէպի Հալէպ առաջնորդուելու ակնկալութեամբ յուսադրուած` վերականգման ծրագիրներու մշակման փորձերը հաստատումի հանգրուան փոխադրելու մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Հալէպի վերակառուցման աշխատանքները գործնականացման հարթակ ուղղելու ժամակայան հասած ենք: Այսօ՛ր, հրամայականի ուժգնութիւն կը ստանայ օժանդակութիւնները Հալէպի վրայ կեդրոնացնելու պարագան:

Արդ, կ՛ակնկալենք մեր հայրենակիցներէն, որ մեզի հետ ձեռք-ձեռքի` մեր յուսադրութիւնը առաւել ամրացնեն եւ օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելով հալէպահայ համայնքի վերաշէնման եւ վերակենդանացման նպաստեն: Հալէպը միայն հալէպահայութեան օրրանը չէ, այլ` Արեւմտահայաստանէն բռնագաղթած ողջ հայութեան:

Այդ սրբազան երկրէն բերուած ազգային արժէքներու շնորհիւ է, որ համայնքը այսօր այսքա՛ն հայկականութեամբ կը շարունակէ գործել:

Հալէպի յաղթանակին աւետիսը լսելու պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալը` նախապատրաստութիւն կը պահանջէ: Յուսադրուած ենք, որ մեր ակնկալութիւններուն համապատասխան արձագանգ պիտի գտնենք:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
Հալէպ, 16 Յունիս 2014

Տպել Տպել