Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Յունաստանի Միացեալ Մարմնոյ Յայտարարութիւն

100amiag logo-kathetoԱպրիլ 24, 2015ը կը նշանաւորէ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը: 100 տարի՝ այն թուականէն, երբ Օսմանեան թուրք պետութեան որոշումով, ծրագրումով ու գործադրութեամբ սկսաւ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։
miatsial logo
100 տարիներ յետոյ՝ 1915-ին սկսած եւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ձգտող Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրը հայութեան դէմ կը շարունակուի զանազան ձեւերով ու միջոցներով, երբ տակաւին անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը իր գործած ոճիրին համար, երբ ուրացման դէմ անպատժելիութիւն կը կիրարկուի նոյնիսկ յառաջադէմ ընկերութիւններու ու երկիրներու կողմէ, երբ տակաւին որպէս արդիւնք ցեղասպանութեան՝ սփիւռքացած կը մնայ հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը, երբ մեր եկեղեցիներն եւ յուշակոթողները կը թալանուին նոյն ցեղասպանին կողմէ, երբ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Արեւմտեան Հայաստանի պատմական մեր հողերը։

Այսօր, հայ ժողովուրդը, աշխարհի բոլոր կողմերը, միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ կը յիշէ իր դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւն կը պահանջէ, ու միաժամանակ հաստատ կամքով կը նշանաւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշող թուականը, որպէս հայութեան հանդէպ արդար հատուցման պահանջքը պայմանաւորող հանգրուան:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումը յիշեցում մըն է նաեւ միջազգային համայնքին, թէ Թուրքիան բաց հաշիւներ ունի հայութեան ու համայն մարդկութեան առջեւ, երբ կը շարունակէ անտեսել մարդկային, բարոյական ու իրաւական համաշխարհային արժէքներն ու սկզբունքները։
Համազգային շարժումին կը միանայ Յունաստանի մէջ կազմուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Միացեալ Մարմինը, որ բազմազան նախաձեռնութիւններով՝ պիտի նշէ 100ամեակի իմաստն ու հայութեան պահանջատէր կեցուածքը:

Յունաստանի միացեալ մարմինը կազմուած է Յունաստանի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ռ.Ա.Կ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան համագործակցութեամբ:

Այսու կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն՝ միահամուռ կամքով զօրավիք կանգնինք Մարմնոյ ծրագիրներուն եւ մասնակից դառնանք բոլոր միջոցառումներուն, բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի արժանավայել ոգեկոչման Յունահայ գաղութէն ներս։

Արժեւորենք խորհրդանշական այս թուականը՝ միասնականութիւնն ու վճռակամութիւնը դարձնելով մեր աշխատանքներու մղիչ ուժը:

Գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ տէր կանգնինք մեր արդար իրաւունքներուն:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի
Յունաստանի Միացեալ Մարմին

azator.gr

Տպել Տպել