Նոր Սկիզբ

ARF-logo-color1Հնարաւո՞ր է, որ 124ամեայ կազմակերպութեան մը տեղական կառոյցը կարենայ հերթական ժողովը վերածել անկիւնադարձի, նոր սկիզբի մը մեկնակէտի:

Խոչընդոտող ազդակները շատ են՝ սկսելով տարիներու աւանդական գործելակերպի ուղղորդող սովորութիւններէն, որոնք սովորամոլութեանց վերածուելու ամէն պայման կրնան ստեղծել, մինչեւ առարկայական, միջավայրային գործօնները, որոնք մաշումի ամէնօրեայ պատերազմ կը տանին ազգային ձգտումներու տէր նոյնիսկ ամէնէն յանձնառու գաղափարի մարտիկներուն դէմ:
Հակառակ այս բոլորին, մեր համոզումով՝ այո՛, հնարաւոր է: Նախ, յստակացնենք, որ կը խօսինք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցին մասին, որ նոր գումարեց իր 49րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը, որ ընտրեց իր ղեկավար մարմինը՝ Կեդրոնական կոմիտէն:

Ի միջի այլոց, նախկին Կեդրոնական կոմիտէն կը բաղկանար 9 անդամներէ, որոնցմէ երեքը 11 հոգինոց նոր կազմին մէջ չեն: Ուրեմն՝ ղեկավար մարմինը գրեթէ կիսով նորոգուած է:

Հիմնաւորումներ.

Ժողովի ընթացքին, Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն՝ Դաշնակցութեան շարքերը համալրող 28 երիտասարդներու ոգեպնդող ուխտով: Նորեկներու խանդավառութիւնը եւ աշխատելու տենդը անպայմանօրէն վարակիչ իր դերը կը կատարէ՝ պարտաւորեցնելով թէ՛ պատասխանատուները եւ թէ շարքայինները համապատասխան աշխուժութեամբ վերադառնալու գործի դաշտ:

Ժողովը կառոյցի բոլոր օղակներուն նաեւ կու տայ անցեալի բեռէն թեթեւնալու օրինական միջոց. սխալներու եւ թերացումներու գիտակցումի արձանագրութեամբ եւ (կրօնական բառ մը) ապաշխարանքով, նոր ծրագիրներ կենսագործելու հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ բոլորին:

Ժողովի մթնոլորտը ինքնին կարեւորագոյն ազդակ է նոր ժամանակաշրջանի ոգին ու տրամադրութիւնը նախանշող: Պէտք է ըսել, որ անցեալ շրջանին իրագործուած աշխատանքները, կազմակերպական, քաղաքական ու տնտեսական ոլորտներու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները իրենց ներդրումը պիտի ունենան նոր երկամեան սկսելու՝ առաւել խանդավառ, առաւել ոգեւորուած:
Նոր սկիզբի հիմք կը ծառայէ նաեւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան կենսունակութիւնն ու այժմէականութիւնը, կուսակցութեան առաջադրանքներու խարսխումը՝ ազգային հրատապ խնդիրներու լուծման փնտռտուքին մէջ:

Նոր սկիզբ՝ նոր պարտաւորութիւններով, նոր նուաճումներու տեսլականով:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com
25/06/2014

Տպել Տպել