Եւրոպայի մէջ 2014 հոկտեմբերը՝ Արցախի ամիս

logo2013 թուականի հոկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած եւրոպահայութեան երրորդ համագումարէն ետք, որուն ընթացքին լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն ողջոյնի իր խօսքն ուղղեց, այս տարի՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը հոկտեմբեր 2014-ը կը յայտարարէ «Արցախի ամիս», Պելճիքայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցչութեանց հետ գործակցելով, իրականացնելու համար տարբեր ձեռնարկներ եւ ցուցադրութիւններ:15

Հայաստանէն, Արցախէն եւ այլ վայրերէ արուեստագէտներու, մտաւորականներու ներկայութեամբ, ամբողջ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան գիրքի ներկայացումներ, նկարչական եւ այլ ստեղծագործական ցուցադրութիւներ, ֆիլմի ներկայացումներ: Ղարաբաղեան զինադադարի քսանամեակին առիթով, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը շրջանային յանձնախումբերուն հետ, միջազգային հանրութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութեանը կ’ուզէ յանձնել, որ Արցախի հանրապետութիւնը այսօր կայացած ու ստեղծագործող պետութիւն մըն է, որուն հետ պարտին հաշուի նստիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումներ առաջարկող կողմերը:

Յուլիսի վերջ, համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեամբ, հասարակութեան տեղեակ պիտի պահենք ծրագրի մանրամասնութեանց մասին:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ
Պրիւքսել
25/06/2014

Տպել Տպել