Զօրակցութեան Հարիսա

apoՔեսապի բնակիչները, անոնք, որոնք արդէն իսկ վերադարձած են ազատագրուած հայկական գիւղի իրենց բնակարանները, որոշած են Օգոստոս 17ին՝ Սուրբ Աստուածածնայ տօնի օրը, իրենց ծննդավայրին մէջ պատրաստել եւ ուտել աւանդական հարիսան:

Ծովափի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի խօսքերով՝ «Կը մաղթենք Ս. Աստուածածնայ տօնը այնտեղ, մեր տուներուն մէջ նշել, եւ մենք վստահ ենք, որ Աստուած մեզի հետ է. մեր տօնական հարիսան պիտի եփենք, բաժնենք եւ ուտենք՝ մեր սիրելի Քեսապէն ներս»:

Քեսաբի հայ առաքելական Սբ. Աստվածածին եկեղեցին

Քեսաբի հայ առաքելական Սբ. Աստվածածին եկեղեցին

Մեր կարծիքով, զօրակցութեան հրաշալի արտայայտութիւն կրնայ ըլլալ՝ հայաբնակ բոլոր շրջաններուն մէջ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի գաղթօճախները, այդ օրը, հայկական կեդրոններու ու եկեղեցիներու մէջ, ի զօրակցութիւն Քեսապի մեր հայրենակիցներուն՝ պատրաստել եւ բաշխել հարիսա:

Նաեւ, առիթը օգտագործել՝ իրականացնելու հանգանակային միօրեայ արշաւ մը, որուն մասնակցողները կը վճարեն խորհրդանշական գումար մը (քսան տոլար), փոխան իրենց մատուցուած հարիսային:

Անոնք, որոնք չեն կրնար կեդրոն մը երթալ ու հարիսան վայելել, կրնան իրենց շրջանի հայ կեդրոններուն առաքել իրենց նուիրատուութիւնը:

Այս պարագային, հանգանակուած գումարի չափը չէ որ կարեւոր է, այլ՝ զօրակցական քայլը, համաժողովրդական համերաշխութեան դրսեւորումը:

Կը յուսանք, որ շրջանիս բոլոր միութիւնները, հոգեւոր թէ աշխարհիկ կեդրոնները, արձագանգեն մեր այս առաջարկին, կազմակերպեն հարիսայի մատուցման աշխատանքը եւ կատարեն անհրաժեշտ կարգադրութիւնները՝ հաւաքուած գումարները փոխանցելու Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան միացեալ մարմինին:

Եկէք Սուրբ Աստուածածնայ տօնը նշենք՝ ամէնէն աւանդական, ամէնէն համեղ ազգային համերաշխութեամբ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com

27/06/2014

Տպել Տպել