Ակնարկ. «Հասարակաց Ապագայ» Եւ Միակողմանի Հատուցում

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերջին յայտարարութիւնը որեւէ նոր տուեալ չ՛ապահովեր Անգարայի կողմէ որոշ ժամանակէ ի վեր կիրարկութեան դրուած թաւշեայ ժխտողականութեան քաղաքականութեան մէջ։ Ուղերձը նոյն յստակութեամբ բանաձեւուած է։ Իր վարչապետը «խաղաղասիրական մեծ քայլ առած է». Կատարուածը ցաւակցութենէն անդին «յարատեւ խաղաղութեան» առաջադրանքով հասարակաց ապագայի ապահովման միտող ծրագիր է։ Բնականաբար պիտի հետեւէր հայկական կողմէն առնուելիք համապատասխան քայլի սպասումը։

Մինչեւ հոս նոյն յանկերգն է։ Այս բանաձեւի իրականացման համար ներկայացուող հիմնաւորումները որոշակի դիտարժանութիւն կ՛ապահովեն։ Անոնք հետեւեալներն են.-Erdo_Ag-720x357

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ նոր եւ աւելի հիմնաւորուած խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը կը սկսի, եթէ մտաւորականներ եւ քաղաքագէտներ երկու կողմերուն միջեւ հոգեբանական պատուարները յաղթահարելու եւ արդար յիշողութիւն մը կառուցելու համար իրենց ներդրումը ունենան։

Նախքան յաջորդ կէտերուն անցնիլը, պահ մը կեդրոնանանք առաջին այս հիմնաւորումին վրայ։ Առաջարկուածը, գուցէ մասնագէտներու աշխատանք է.եւ եթէ կը խօսուի հոգեբանական պատուարները յաղթահարելու համար, մտաւորականներէն եւ քաղաքագէտներէն առաջ գուցէ հոգեբաններու կարիքը զգացուէր, ուսումնասիրելու համար երկու կողմերուն միջեւ գոյացած հոգեբանական պատուարներուն պատճառները։ Բայց այստեղ, խորքին մէջ թրքական միեւնոյն յանկերգային առաջարկին մէկ տարբերակն է, որ սահած է Տաւութօղլուի յայտարարութեան մէջ։ Մտաւորականներ ըսելով, Անգարայի վարիչը խորքին մէջ կը հասկնայ պատմագէտներ եւ գիտակցաբար բառի չօգտագործումով կ՛առաջադրէ պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի միեւնոյն ծուղակը։ Նոյն Տաւութօղլուն կը պատասխանէ՞ արդեօք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի նիստի բացումին նախագահ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, որ արխիւներու ուսումնասիրութեան կարիքը չկայ համոզուելու համար որ դէպքերը Ցեղասպանութիւն էին։

Առաջին հիմնաւորումին մէջ, թուրք նախարարը կը խօսի արդար յիշողութիւն մը կառուցելու անհրաժեշտութեան մասին։ Պարզ է ակնարկը։ Հայերը կ՛ապրին անարդար յիշողութեամբ։ Եթէ արդարացման ենթարկենք յիշողութիւնը, ապա այնտեղ պիտի յայտնուի հասարակաց ցաւը, որ նաեւ թուրքերունն է։ Այստեղ ահա կը սկսի աշխատիլ Անգարայի միւս թեզը, որ կառուցուած է զոհերու համահաւասարեցման սկզբունքին վրայ։ Արդար յիշողութիւնը դժուար թէ այլ բացատրութիւն ունենայ։

Հիմնաւորումները կը զարգանան. եթէ արդար յիշողութիւնը չկայանայ, այլ ուժեր պիտի շահարկեն հայ-թուրք հակամարտութիւնը եւ երկու կողմերը պիտի ենթարկուին շահագործումի։ Ներկայ գոյավիճակի պահպանման, առ այդ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ թուրքերու շահագործման ենթակայ մնալու պատասխանատուութիւնը հայկական կողմին է, ուրեմն, ըստ թուրք դիւանագէտի տրամաբանութեան։ Աւելին.հայկական կողմը այսպիսով պատասխանատուութեան տակ կը դրուի ոչ միայն հասարակաց անցեալի ճիշդ գնահատականը չտալու, այլ նաեւ գրաւի տակ դնելու երկու ժողովուրդներու հասարակաց ապագան։

Կարմիր թելի պէս բոլոր հիմնաւորումներուն մէջ կը գծուի հասարակաց բառը.հասարակաց անցեալ, հասարակաց պատմութիւն, հասարակաց ցաւ, հասարակաց յիշողութիւն, եւ հիմա հասարակաց ապագայ։ Հասարակացումի այս քաղաքականութիւնը, որ խորքին մէջ թաւշեայ ժխտողականութիւն է, կը յատկանշէ 100-ամեակին թրքական ռազմավարութիւնը։ Կը թուի, թէ հասարակաց ապագայ կառուցելու բազմաթիւ առաջարկներ պիտի ստանայ հայկական կողմը Անգարայէն։

Հայկական պատասխանը բոլոր խնդիրները հասարակացնելու թրքական այս խաղին լսուեցաւ քոնկրէսի ժողովասրահներուն մէջ, երբ հատուցման բանաձեւը 4347 համարակալումով արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին անունով Անգարայէն պահանջեց իրաւատիրոջ վերադարձնել քրիսոտնէապատկան գոյքերը։

Հատուցման իրաւաքաղաքական գործընթացը, 100-ամեակի արդէն հմինական փուլին մէջ, ծայր առած է։ Եւ այստեղ հոգեանններէն եւ մտաւորականներէն առաջ իրաւագէտները աշխատանք ունին կատարելիք. Եւ կը կատարեն արդէն։

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել