«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մեր Վազքը

2906maraton-720x476Երէկ Պուրճ Համուտի փողոցները ականատես դարձան քարոզչական ձեռնարկի մը համար օգտագործուած իւրայատուկ եղանակի, որ ուղերձ ունէր, որ նպատակ կը հետապնդէր:

Միջազգային կառոյցները, երիտասարդութեան հարցերով զբաղող ընկերաբանական- մասնագիտական կազմակերպութիւնները համաշխարհային մակարդակի վրայ կը շարունակեն հնչեցնել թմրեցուցիչի օգտագործման վտանգը, անոր մահացու հետեւանքները, սերունդներու փճացման արհաւիրքը:

Սակայն համաշխարհային այս աղէտը, հակառակ զգուշացումներուն, միջպետական համաձայնութիւններով համակարգուող հետապնդումներուն, կտրուկ մագլցողականութեամբ կը զարգանայ, իր ոլորտին մէջ ներառելով միջազգային ստուերային համակարգեր, մաֆիաներ, աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ յաճախ ալ տեղի տալով կառավարական մարմիններ-ստուեր չյայտարարուած գործակցութիւններու:

Թմրեցուցիչի մեծաքանակ մաքսանենգութիւնները աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ (չ)արտօնուած ցանքերը վիճակագրական տուեալներու համաձայն աստեղային գումարներով առեւտուրներու մասին կը խօսին, ինչ որ կ՛ընդգծէ ոլորտին վերաբերեալ համաշխարհային ցանցային կառոյցի գոյութիւնը, տարանցիկ ճամբաներու վերահսկողութիւնը եւ անոր առնչուող մարդկային զոհերու սրընթաց աճը:

Այս ոլորտը ազգ չի ճանչնար: Զոհերը եւս կը պատկանին բնականաբար տարբեր ազգերու, մաֆիայի ղեկավարները նոյնպէս: Աւելի պարզ կը բացատրուէր այս անդրազգային երեւոյթը, եթէ խնդիրը միայն դրամին եւ շահին վերաբերէր: Շատ աւելին է սակայն հետեւանքը: Սերունդներու ամբողջ խաթարումի քաղաքականութիւն մըն է, որ կը կիրարկուի ստուերային կազմակերպութիւններու կողմէ, երբեմն լուռ մեղսակցութեամբը պետութիւններու, երբեմն ակներեւօրէն զգալի առնչութիւններով: Համաշխարհային երեւոյթ է, որուն արդիւնքը սերունդներու ուղեղներու թմրեցման զանգուածային փաստերն են: Մարդկութեան դէմ ոճիրի համազօր այս եղելոյթին դէմ պայքարը, նշուած հանգամանքներուն նկատառումով կը բախի հսկայական դժուարութիւններու:

Մեծ հարցականներ ստեղծող այս աղէտի բարձր ալիքները ինչպէս ամէնուրեք, վաղուց հասած են Լիբանան, ուր առանց տեղատուութիւններու, անվերջ մակընթացութիւններու երեւոյթն է, որ կը պարզուի մեր առջեւ, մեր շուրջը, մեր անմիջական տարածութիւններուն մէջ:

Զոհերու առատութիւնը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր մղած է շրջանի պատասխանատու մարմինները յառաջացնելու համապատասխան յանձնախումբ ու գրասենեակ` պայծառ Հորիզոններու հեռանկարները պարզելու համար մեր երիտասարդութեան առջեւ: Զոհերու փրկութեան աշխատանքին զուգահեռ, նոր զոհեր չունենալու կանխարգիլման աշխատանքն է, որ կը տարուի մեծ թափով: Դպրոցներու, միութիւններու, համախմբումներու մէջ մեծ է տեղը կանխարգիլման եւ զգուշացման ծրագիրներուն: Անվերջ կ՛արծարծուի թմրեցուցիչի գործածութեան փորձութիւններէն հեռու մնալու, այս, իբրեւ թէ ինքնամոռացման միջոցէն բացարձակապէս հեռու մնալու հրամայականը եւ ծուղակ չներքաշուիլը:

Երէկ հարիւրաւորներ, երէցներ, չափահասներ, անչափահասներ վազեցին դէպի պայծառ Հորիզոնը: Այս մեր վազքն էր: Մեր թաղերը ոչ թմրեցուցիչային տարածքներ յայտարարելու, կանխարգիլելու նման դաւադիր թափանցումներ մեր շրջաններուն մէջ: Անիկա մեր վազքն է մեր երիտասարդութեան առողջութեան պահպանման, մեր նոր սերունդներու իրազեկման, տեղեկացուածութեան եւ հաւաքական ոչին` յոռիին, սերունդներու անվտանգութեան դէմ ցցուող սպառնալիքին:

Վազքը միայն քարոզչութիւն չէ: Վազքը կամք է ու վճռակամութիւն նաեւ մինչեւ վերջնագիծը հասնելու: Անիկա խորհրդանիշ է անտեղիտալիութեան, չընկրկելուն եւ նպատակին հասնելուն:

Երէկուան մեր վազքը շեշտեց այդ բոլորը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել