Շուէտի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմութիւն

Յունիս 29, 2014-ին Սթոքհոլմի հայկական կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ Շուէտի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը: Միջոցառումը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին, ՀՀ դեսպան՝ պրն. Արտակ Աբիդոնեանը, հիւպատոս՝ պրն. Դաւիթ Մանուկեան, հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի նախագահ՝ պրն. Կառլէն Մանսուրեան, Հ.Յ.Դ Շուէտի կոմիտէի ներկայացուցիչ պրն. Մահտէսեան Արմենակ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

ՀՀ դեսպան Արտակ Աբիդոնեան ողջոյնի իր խօսքն կ'ուղղէ ներկաներուն:

ՀՀ դեսպան Արտակ Աբիդոնեան ողջոյնի իր խօսքն կ’ուղղէ ներկաներուն:

Նախ խօսք առաւ պարոն Արմենակ Մահտէսեան, որ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմութիւնը Շուէտի հայկական համայնքին համար պատմական իրադարձութիւն մը նկատեց: Ապա՝ իր կարգին պրն. դեսպանը, շնորհաւորական մաղթանքը ուղեց յանձնախումբի անդամներուն, իր համոզումը յայտնելով, թէ դեսպանութիւն եւ Հայ Դատի յանձնախումբ սերտ գործակցութիւն պիտի ունենան մեր ազգային խնդիրներուն շուրջ:

Ներկաները իրենց հարցերն կ'ուղղեն Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի (նստած, աջին): Ձախին՝ Արշակ Գաւաֆեան, նորակազմ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ:

Ներկաները իրենց հարցերն կ’ուղղեն Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի (նստած, աջին): Ձախին՝ Արշակ Գաւաֆեան, նորակազմ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ պրն. Գասպար Կարապետեան բացատրելէ ետք, նոր կազմուող Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերուն կարեւորութիւնը շեշտեց, թէ վերջին ութ ամիսներու ընթացքին Շուէտինը Հայ Դատի յանձնախումբի չորրորդ կազմութիւնն է, Ռումանիոյ, Լեհաստանի եւ Աւստրիոյ յանձնախումբերու կազմութենէն ետք: Աւելցուց, թէ այս գործընթացը պիտի շարունակուի եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի կազմուին երկու նոր յանձնախումբեր եւս: Ան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք ներկայիս մեր ժողովուրդի դիմագրաւող ազգային գերխնդիրներն ու մարտահրաւէրները, իր համոզումը յայտնեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերու ցանցի ընդլայնումով եւ նուիրեալ անձերու մասնակցութեամբ, Հայ Դատի աշխատանքներու իրագործումը եւ մեր հիմնախնդիրներու հետապնդումը աւելի լայն կերպով ծրագրուած կարելի պիտի ըլլայ եւ աւելի մեծ թիւով երկիրներու մէջ համակարգուած ձեւով զանոնք ընթացքի մէջ դնել: Գասպար Կարապետեան յաջողութիւն մաղթեց նոր յանձնախումբի անդամներուն, յայտնելով, թէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ամէն կերպ պիտի զօրակցի իրենց աշխատանքներուն:

Շուէտի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները համայնքային ներկայացուցիչներու, ՀՀ հիւպատոս պրն. Դաւիթ Մանուկյանի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի հետ

Շուէտի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները համայնքային ներկայացուցիչներու, ՀՀ հիւպատոս պրն. Դաւիթ Մանուկյանի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի հետ

Յանձնախումբի ատենապետ պրն. Արշակ Գաւաֆեան հաւաստիացուց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը կարելին պիտի ընէ արդարացնելու իր առաքելութիւնը եւ արդէն անմիջապէս պիտի մշակուի կարճաժամկէտ ծրագիր ի տես Շուէտի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր ամսին: Շուտով նաեւ պիտի մշակուի յանձնախումբի գործունէութեան ամբողջական ծրագիրը: Ան խնդրեց նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներէն, որ զօրավիգ կանգնին յանձնախումբի աշխատանքներուն:

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին Գասպար Կարապետեան մանրամասնօրէն պատասխանեց ներկաներու կատարած հարցումներուն:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ,

Պրիւքսել

29/06/2014

Տպել Տպել