Նամակ Քաթրին Աշթոնէն

logoՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը այսօր նամակ մը ստացաւ (թարգմանուած, կցուած) Եւրոպական միութեան յանձնաժողովի փոխ նախագահ, Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ տիկին Քաթրին Աշթոնէն, ի պատասխան մեր յունիս 6, 2014 թուակիր նամակին՝ ուր մտահոգութիւն յայտնած էինք Սուրիու հայ համայնքի ճակատագրին, Քեսապի դէմ յարձակումին, Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան եւ պատերազմինմէջտեղ գտնուող կրօնական, ազգային խոցելի համայնքներու իրավիճակին մասին:Ashton

Եւրոպայի արտաքին գործերու ծառայութիւն

Հիւսիսային Ափրիկէի, Միջին արևելքի, Արաբական թերակղզիի, Իրանի եւ Իրաքի գլխաւոր տնօրինութիւն
Միջին արևելքի բաժանմունք 1. Եգիպտոս, Յորդանան, Լիբանան, Սուրիա

Բաժնի տնօրէն
Պրիւքսել, 03.07.2014

Սիրելի պրն. Կարապետեան,

Շնորհակալութիւն ձեր յունիս 6-ի նամակի համար՝ ուղղուած բարձր ներկայացուցիչ տիկին Աշթոնին, ուր անրադարձած էք սուրիահայութեան կացութեանը։ Ան իր անունով ինձմէ խնդրեց պատասխանել ձեզ։

Եւրոպական Միութիւնը կը կիսէ ձեր մտահոգութիւնը սուրիահայութեան ծանր կացութեան վերաբերեալ, յատկապէս անմեղ քաղաքացիներու, որոնք ծայրայեղ ուժերու թիրախը դարձած են։

Ես նոյնպէս տեղեակ եմ Քեսապի եւ շարք մը այլ բնակավայրերու վրայ յարձակումներու մասին։ Ես միշտ աջակցած եմ ԵՄ հետեւողական քաղաքականութեանը, որ ներկայացուած է ԵՄ բազմաթիւ արտաքին գործերու խորհուրդի Սուրիոյ մասին եզրակացութիւներու մէջ, դատապարտելով իւրաքանչիւր յարձակում Սուրիոյ քաղաքացիական բնակչութեան վրայ։ Վերջերս, ԵՄ-ն անգամ մը եւս յիշեցուց իր խստացող անհանգստութեան մասին՝ Սուրիոյ խոցելի խումբերու, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու վատացող իրավիճակին մասին։

Եւրոմիութիւնը բազմիցս մատնացոյց ըրած է Ալ-Քայիտայի եւ անոր յարակից խմբաւորումներու վտանգաւոր ըլլալը Միջին արեւելքի կայունութեան համար։ ԵՄն կ’աշխատի տարածաշրջանի բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի սահմանափակէ նման խմբաւորումներու ազդեցութիւնը, կոչ ընելով դադրեցնել անոնց ցուցաբերած օժանդակութենէն։ Մենք յստակ որոշած ենք՝ համագործակցիլ երրորդ երկիրների հետ, նպատակադրելով ահաբեկչութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարը:

Խնդրենք վստահ եղէ’ք, որ մենք պիտի շարունակենք մեր ունեցած միջոցներով մեր բոլոր ջանքերը գործադրել՝ պայքարելու համար ծայրայեղականութեան դէմ, եւ մեծ եռանդով օժանդակելու Սուրիոյ մէջ տարբեր ազգային եւ կրօնական խումբերու համատեղ եւ խաղաղ գոյատեւումը:

Յարգանքներով՝

Վասիլիս Պոնտոսօղլու

Տպել Տպել