Ակնարկ. Խաղաղապահ Գործողութեան (Ան)Իրականացումը

Fotor072000631Ազրպէյճանական զօրքերու գերաշխուժացումը, հետախուզական ներթափանցման գործողութիւններ իրականացնելու առումով, կարելի չէ բացատրել բացառապէս ներքին սպառման շարժառիթներով։ Արդէն ռազմական վարքագիծի վերածուած է ոչ միայն արցախաազրպէյճանական այլ նաեւ ՀՀ-Ազրպէյճան շփման գիծերէն ներս կատարուող հերթական ոտընձգութիւններու շարքը։ Նախիջեւանի ուղղութիւնը կրնայ այս բոլորին մէջ առանձնահատուկ նշանակութիւն ունենալ, բայց նախադրեալները կը յուշեն, որ նոր ճակատի բռնկման հնարաւորութիւններու հաւանականութիւնը շատ նուազ է այստեղ։

Եթէ պատերազմի վերսկսման հնարաւորութիւնը այս պահի դրութեամբ նուազ հաւանական է, ապա անվերջ այդ տեսութիւնը բարձրաձայնելը, այդ մասին վերլուծումներ հրապարակելը, Արցախի խրիմացումին մասին խօսիլը վերածուած է հրապարակագրական նորաձեւութեան։ Հաստատումը չի վերաբերիր միայն ազրպէյճանական կողմին, այլ նաեւ՝ հայկական։ Երկու պարագաներուն ալ որոշ վերլուծումներու մէջ կայ ներքին շուկայի մէջ առաւելներ ձեռք ձգելու ինքնամղումի գործօնը։ Ազրպէյճանականը անհամեմատելի մեծ տարողութեամբ։

Հրադադարի խախտումի այս անվերջանալի խաղի կանոնները կը թելադրուին միաժամանակ առնչակից կողմերէ։ ԵԱՀԿ-ի այլեւս անբովանդակ յայտարարութիւնները, արձանագրուող զոհերուն, վիրաւորներուն եւ ոտընձգութիւններուն նկատմամբ շարունակուող համահաւասարեցման վարքագիծը եւ անհետեւանք մշտադիտարկումները այս առումով կը նախանշեն որ հրդադարային խախտումներու այս գոյավիճակի շարունակութիւնը բանակցութիւններու միջնորդական աշխատանքի փիլիսոփայութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունի։ Երեւան-Ստեփանակերտ-Պաքու երթուղին կամ հակառակ շրջայցը միջնորդական մեթոտաբանութեան յանկերգային ընթացքին մասին կը խօսին։

Շեշտադրումներու փոփոխութիւնը կամ յստակ ուղերձներու փոխանցումը կը կատարուի այս կամ այն գերմիջնորդին կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին։ Այդպէս էր Քարնըկի կեդրոնին մէջ համանախագահ Ուորլիքի կատարած յայտարարութիւնը. այնպէս են նաեւ միւս գերմիջնորդին յատկապէս Ազրպէյճանի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան նոր ելեւէջները։ Վեց կէտերէ բաղկացած հակամարտութեան լուծման սկզբունքներուն մէջ, իբրեւ վեցերորդ կէտ Ուորլիք կը յայտարարէր. կարգաւորումովպետքէապահովուինանվտանգութեանմիջազգայիներաշխիքներ, ինչ որ կը ներառէխաղաղապահգործողություն: Չկայայնպիսիբեմագրութիւն, ուրխաղաղութիւնըապահովուիառանցլաւմշակուածուբոլորկողմերուվստահութիւնըվայելողխաղաղապահգործողութեան:

Պէտք է պարզ ընկալել Ուորլիքի առաջադրած խաղաղապահ գործողութիւնը։ Այդ գործողութիւնը կ՛իրականցուի միջազգային ուժերուվ.նախընտրաբար ՆԱԹՕ-ով , բայց չէ բացառուած նաեւ ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահներով։ Ուղերձի խառն բաժինը այստեղ բոլոր կողմերու վստահութիւնը վայելող խաղաղապահ գործողութեան նշումն է։ Բոլոր կողմերը չեն մասնակիացուած։ Պէտք է հասկնալ հայկական (արցախեան եւ հայաստանեան), ազրպէճանական եւ ենթադրաբար` միջնորդ երկիրները։ Բոլոր կողմերու փոխանցած այս առաձգականութիւնը առնչակիցներու կամ մասնակիցներու պատկանելիութեան անորոշութիւն կը ստեղծէ։ Ինչ որ հակամարտութեան ներկայ գոյավիճակի կամ սառեցուած իրավիճակի տեւողութեան մասին կը յուշէ։

Եւ բնական է, որ «խաղաղապահ գործողութիւն» բանաձեւ ենթարկուի տարատեսակ մեկնաբանութիւններու։ Յատկապէս այդ ուժերու բաղադրութեան բաժինը։ Եւ եթէ ԵԱՀԿ-ը կը շարունակէ պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման անբովանդակ յայտարարութիւններ կատարելով նպաստել հրադադարի խախտումի րեժիմի շարունակման, եւ եթէ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման համար Ուորլիքի պետութեան համար ձեռնտու է հրադադարի խախտումի դէպքերու թափ ստանալը, նոյնը կարելի է վերագրել Հայաստանի ռազմավարական յատուկ դաշնակիցին, որ մէկ կողմէ դէպի ԵՏՄ ուղի կ՛ուզէ հարթել Ազրպէյճանին, որ իր թոյլտուութեամբ կանաչ լոյս կու տայ Նազարպայեւներուն Ալիեւի ստորագրութիւնը կրող նամակներ կարդալու եւ մանաւանդ որ կը շարունակէ սպառազինել Ազրպէյճանը։ Պէտք է այս բոլորէն հասկնալ , որ Պաքուն կը քաջալերուի նաեւ Մոսկուայէն հրադադարի խախտման դէպքերը շարունակելու։ Գուցէ ոչ պատերազմական գործողութիւններ սկսելու։ Այս գոյավիճակը շարունակելու։

«Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» գոյավիճակի երեւոյթը առիթ կու տայ շահագրգիռ եւ առնչակից կողմերուն պարբերաբար ընդգծելու խաղաղապահ գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Յայտարարութեամբ կամ սպառազինական առեւտուրով թէ՛ ԱՄՆ-ը եւ թէ՛ ՌԴ-ն այս ուղղութեամբ ուղերձներ կը փոխանցեն։ Խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան մասին է հիմնական տարակարծութիւնը։

Խաղաղապահ գործողութեան գաղափարէն կը թուի որ անհանգիստ է հարեւան Իրանը։ ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանը մեկնաբանելովղարաբաղեանհակամարտութեանգօտիինմէջխաղաղապահներուտեղաւորմանհաւանականութիւնը՝իրանցիդիւանագէտըյայտարարածէ, որպաշտօնականԹեհրանընմանատիպնախաձեռնութեանդէմէ: Ըստ իրեն՝հարցինլուծումըկախեալէՀայաստանէն, ԱզրպէյճանէնեւԵԱՀԿՄինսկիխումբէն: «Սակայնեսվստահեմ, որօտարուժերուտեղակայումըսպառնալիքէտարածաշրջանայինանվտանգութեան: ՎառօրինակենԻրաքնուԱֆղանիստանը», յայտարարածէդեսպանը։

Այս հաւանականութեան չէ արձագանգած միւս հարեւանը, որ տարբեր առիթներու կ՛ինքնաառաջադրուի միջնորդի դեր ստանձնելու արցախեան հակամարտութեան մէջ։

Խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան շուրջ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարակարծութիւնը կը յուշէ, որ այնքան ալ հաւանական չէ նման գործողութեան իրականացումը։ Գոյավիճակի պահպանումը կը բխի առնչակից կողմերու շահերէն։

«Ա.»

aztagdaily.com

19.07/2014

Տպել Տպել