Պաշտոնական բացում՝ Համազգայինի 20րդ ուսանողական հաւաքին

ԵՐԵՒԱՆ.- Համազգայինի 20րդ ուսանողական հաւաքի (ֆորում) պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 19 Յուլիս 2014ին, կէսօրուան ժամը 12ին՝ ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի, հաւաքի երկար տարիներու դասախօս եւ դաստիարակչական բաժինի պատասխանատու դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, ինչպէս նաեւ համազգայնականներու եւ Համազգայինի բարեկամներու:
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Համազգային հիմնարկի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի ծագումը, ամբողջ աշխարհի մէջ անոր տարածումն ու գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, ապա՝ հաւաքին պատմականը: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը 20 տարիներ առաջ երիտասարդական-ուսանողական հաւաքը (ֆորում) ստեղծելու գաղափարը յղացած է, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հաւաքը հայրենիքի մէջ կազմակերպելու կարեւորութեան:
Ապա, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան անդրադարձաւ հաւաքի ծրագիրի կարեւորութեան եւ հայրենիքի մէջ կազմակերպուելու անհրաժեշտութեան:
Ուսանողական հաւաքի բարի գալուստ մաղթեց նաեւ հաւաքի դաստիարակչական բաժինի վերահսկող անդամ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, որ շեշտը դրաւ հաւաքին ոգիին եւ հայկական շունչին վրայ՝ ըսելով, որ իւրաքանչիւր ֆորումական Հայաստանէն տուն պիտի մեկնի ալ աւելի հայացած եւ իր շրջապատը ուղղէ դէպի հայրենիք:
2014ի հաւաքի ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեան ամփոփ կերպով խօսեցաւ անոր յաջողութեան գլխաւոր բանալիին՝ կարգապահութեան ու օրէնքներու յարգումին մասին: Ան խնդրեց բոլորէն ճշդապահ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականացնել, փոխանցեց կեցութեան հետ կապուած անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ հաւաքի ընթացքին եւ յանձնախումբերու աշխատանքներուն մասին մանրամասնութիւններ:
11 շրջաններէ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն եւ Պրազիլէն ժամանած հայ ուսանողները իրենք զիրենք ներկայացուցին եւ իրարու հետ ծանօթացման առաջին հանգրուանէն ետք ճաշեցին, բարձրացան փոխադրակառք եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Երեւանի պատմութեան թանգարան, Սասունցի Դաւիթի արձանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Մայր Հայաստան յուշարձան: Իւրաքանչիւր վայրի մասին հաճելի եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան:
Յոգնութեան եւ անքնութեան դիմադրելով ֆորումականները պատրաստուեցան ու մեկնեցան «Երեւանեան գիշերներ» ճաշարան, ուր շարունակուեցաւ արդէն իսկ սկսած ընկերական մթնոլորտի ամրապնդումը:
Կիրակի, 20 յուլիսին Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները լսեցին «Հայ դատ, 100-ամեակ եւ հատուցում» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան խօսեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին` նկատի ունենալով քանի մը տարբեր մարզեր` հողային պահանջներ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ եւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններ` շեշտը դնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վրայ:
Ապա առիթ տրուեցաւ ֆորումականներուն իրենց հարցումները ուղղելու օրուան դասախօսին: Պատասխանելով հարցումներուն` Մանոյեան ըսաւ, որ պէտք է ճանաչման հանգրուանէն անցնիլ հատուցումի հանգրուանին: Ան աւելցուց, որ սփիւռքը պէտք է հատուցման մասին հարցեր բարձրացնէ թէ՛ քաղաքականօրէն, եւ թէ՛ գիտականօրէն:
Կէսօրուան ճաշէն ետք Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Չարենցի կամար, Գառնիի տաճար եւ Գեղարդ: Երեւան վերադարձին անոնք դիտեցին Հայաստանի Պարի պետական համոյթի ելոյթը` Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ:
Երեկոյեան ընթրիքէն ետք հաւաքին մասնակիցները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը եւ հաճելի երեկոյ մը անցուցին:
Համազգայինի 20-րդ ուսանողական ֆորումի երրորդ օրը` 21 յուլիս 2014¬ին, հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սիմոնեան խօսեցաւ համալսարանի բաժանմունքներուն, այլ համալսարաններու հետ համաձայնագիրներու, ինչպէս նաեւ հայագիտական ճիւղերու մասին: Ֆորումականները ուղղեցին շարք մը հարցումներ եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ապագային Հայաստանի մէջ ուսանելու գծով: Հանդիպումի աւարտին մասնակիցները այցելեցին համալսարանի թանգարանը:
Ապա, խումբը այցելեց Երեւանի Ճատրակի տուն եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան:
Ճաշի դադարէն ետք, ֆորումականները լսեցին շահեկան դասախօսութիւն մը լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի կողմէ` «Հայկական ժառանգութիւնը Ջաւախքի եւ արդի Վրաստանի մէջ» խորագիրով: Դասախօսը զեկուցեց համշէնահայութեան, Աբխազիոյ, Ջաւախքի եւ ընդհանուր առմամբ Վրաստանի հայկական համայնքին մասին` անդրադառնալով շրջանի քաղաքական եւ ժողովրդագրական պատկերին:
Իսկ երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան քարաօքէի երեկոյի մը եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամանակ անցուցին:







