Ակնարկ. Կազան Եւ Իբրեւ Ցեղասպան Փոխադարձ Ամբաստանութիւնները

izraelԿազայի մէջ արձանագրուած սպանդը անկասկած արժանի է միջազգային դատապարտանքի։ Կոչեր, յայտարարութիւններ, պատգամներ այս պարագային որեւէ հիմնական նշանակութիւն չեն ունենար, երբ բացայայտ պատերազմ յայտարարուած է ժողովուրդին դէմ, երբ տուժողն ու սպաննուողը անզէն բնակչութիւնն է՝ կիներ, երեխաներ, տարեցներ։

Այս մէկը առաջին դէպքը չէ, երբ Իսրայէլ զինուորական գործողութիւններու հունաւորումը կ՛ուղղէ դէպի բնակչութիւն։ Ի վերջոյ պատերազմը եւս ունի իր օրինաչափութիւնները, երբ հասկացողութիւնը կը վերաբերի զինեալ ուժերու միջեւ արձանագրուող բախումներուն։ Այդպէս չէ այս պարագային։ Երեխայ զոհերն ու վիրաւորները ցնցած են աշխարհն ու հանրային կարծիքը։ Այդ ցնցումը սակայն չ՛առարկայանար `վայրագութիւնները սանձելու առումով միջազգային համապատասխան կառոյցներու կողմէ սպասուող միջոցառումներով։ Զինադուլը կ՛ուշանայ, սպառնալիքները կը շարունակուին, հեռակայ եւ օդային ռմբակոծումները կը վերածուին ցամաքային ներխուժումներու եւ զոհերու թիւը կը բազմապատկուի։

Կազայի սպանդը կը լուսաբանուի միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ՝ ստեղծելով տեղեկատուականին եւ զինուորաքաղաքականին միջեւ զգալի տարբերութիւն մը։ Լրատուական բաց համակարգի այս օրերուն, լուրերու արտահոսք փակելը, զոհերու ազգային պատկանելիութիւնը կեղծելը դժուար իրականացուելիք գործողութիւններ են։ Պատերազմական գործողութիւններու դիմելու հիմնաւորումներն են, որոնք կը հակադրուին իրարու, կ՛ողողեն տեղեկատուական դաշտը, անվերջ կը մեկնաբանեն ինքնապաշտպանուելու իրաւունքը։ Արդիւնքը սակայն եւ սփռուող պատկերները միանշանակ կ՛ընդգծեն Իսրայէլի բանակին կողմէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին յառաջացուցած հետեւանքները։

Այս բոլորին մէջ անգամ մը եւս իրադրութիւնները վերլուծելու պահուն, ազգային ոսպնեակները լարելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք։ Նախ անշուշտ, տարածաշրջանի բռնկուածութեան նոր տարողութեան ի տես, եւ ապա նկատելու, որ նոյն տարածաշրջանին մէջ խալիֆայութիւն հաստատողները, որոնք անհանդուրժող են այլադաւանութեան նկատմամբ, նոյն կատաղութիւնը չունին իսլամ բնակչութիւն ոչնչացնող Իսրայէլի նկատմամբ։ Եւ յիշել պարզապէս, որ Մուսուլի քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան հեռացումին հետ կը հեռանային նաեւ այնտեղ մնացած վերջին քանի մը հայերը։

Դիտակէտերու այս արագ անցումին ընթացքին, կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան խաղաթուղթի հանգամանքին վրայ։ Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ վարչապետը Իսրայէլը կ՛ամբաստանէ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով։ Առաջին անգամն ալ չէ, որ Թել Աւիւէն իրեն կը յիշեցնեն 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը։ Այս խաղաթուղթը Անգարայի կողմէ կը շահարկուի վարչապետի մակարդակով, մինչ Թել Աւիւի կողմէ` նախարարի մակարդակով։ Առաջին հայեացքով նախարարով յիշեցում կատարելը դիւանագիտական ոճով սպառնալ է Անգարային, որ եթէ շարունակէ նման բնութագրումներ տալ Կազայի պատահարներուն, ապա իրենք եւս կը բնութագրեն 1915-ի դէպքերը։ Իրատեսական չէ ակնկալելը, որ նման պաշտօնական եւ իրաւական բնութագրումներ կատարուին. Այսուհանդերձ, իբրեւ ցեղասպան այս փոխադարձ ամբաստանութիւնները կրնան որոշ ժամանակի համար շարունակուիլ, ընդհատուիլ եւ վերստին բարձրաձայնուիլ։ Չմոռնանք, որ էրտողան նախընտրական փուլի մէջ է եւ յայտարարութիւնները ինչպէս արտաքին, նաեւ ներքին սպառման համար իսլամական կարեւոր շրջանակներ կրնան ներգրաւել։ Ի վերջոյ Անգարա-Թել Աւիւ պատերազմը յայտարարողական մակարդակի վրայ է, այնքան ատեն որ ի զօրու կը մնայ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած ռազմավարական դաշինքը։

Ի հարկէ այս բոլորը հայկական կողմին համար խանդավառիչ տուեալներ ունենալու պատճառ չունին։ Վերընդգծելը կարեւոր է սակայն, որ շուրջ 100 տարի առաջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումն ու հետեւանքներու վերացումը անհրաժեշտութիւն է կանխարգիլելու համար այսօր Կազայի մէջ եւ այլուր արձանագրուող զանգուածային ջարդերն ու պատերազմական ոճիրները։ Կրկնակիօրէն անհրաժեշտ, երբ ցեղասպանը ի՛նք ցեղասպանութեամբ կ՛ամբաստանէ զանգուածային սպանդներու պատասխանատուները։

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել