24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագրին ամօթալի ուրացումն ու լռութիւնը

կաըք1923 թուականի Յուլիս 24ի այս օրը գրուեցաւ սեւ էջերէն մէկը Հայ Դատի արիւնալի պատմութեան։

Յուլիսի այդ օրը, 91 տարի առաջ, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։

Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրքեւյունական խաղաղութեան դաշնագիր, առաջին ակնարկով Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի հետ ուղղակի աղերս չունի Լօզանի Դաշնագիրը։
Բայց որովհետեւ Լօզանի դաշնագիրը եկաւ ջնջելու եւ փոխարինելու 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը, հայ քաղաքական միտքը երկար տասնամեակներ զայն նկատեց եւ դատապարտեց իբրեւ Հայ Դատի նկատմամբ մեծապետական ամօթալի լռութիւնն ու խայտառակ ուրացումը խորհրդանշող իրաւական փաստաթուղթ մը։

Փաստ է, որ Լօզանի Դաշնագիրը իրաւաբանական դիտանկիւնէ միայն մասնակի ջնջումի եւ փոխարինման ենթարկեց Սեւրի Դաշնագիրը՝ որոշապէս արեւելեան Թրակիոյ եւ յոյնեւթրքական միջ¬պետական սահմանագծումներու վերաբերեալ նոր տրամադրութիւններ հաստատագրելով։
Այսուհանդերձ՝ որովհետեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանագծումին վերաբերեալ Սեւրի դաշնագրին ամրագրած Ուիլսընեան իրաւարարութեան վրայէն «լուռ» անցաւ Լօզանի դաշնագիրը, ո՛չ անոր ջնջումը եւ ոչ ալ վերահաստատումը կատարեց, հայ ժողովուրդը իրաւացիօրէն Դաշնակիցներու «մեծ ուրացում»ը տեսաւ 24 Յուլիս 1923ին ստորագրուած միջազգային այդ փաստաթուղթին մէջ։

Պատմական ծանրագոյն պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը։
Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումը կատարած Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութենէն ետք, Մուսթաֆա Քեմալի թուրք ազգայնամոլական շարժումը բուռն կռիւներ մղեց փլուզուած կայսրութեան թէ՛ արեւմուտքին եւ թէ արեւելքին…

– Լենինի Ռուսաստանին հետ մեղսակցաբար Քեմալ «յաջողեցաւ» կործանել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

– Ֆրանսացիներու հետ գաղտնի գործարքով, Քեմալ «կրցաւ» հայութենէ վերջնականապէս պարպել եւ իր տիրապետութեան ենթարկել առաւելաբար հայերով, յոյներով, արաբներով եւ ասորիներով բնակուած Կիլիկիան։

– Քեմալական այդ «նուաճումներուն պսակումը» եղաւ Հոկտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը՝ հարիւր¬հազարաւոր յոյն եւ հայ գաղթականներու իրենց հայրենի բնօրրանէն արտաքսումով…
Այսպէ՛ս, ռազմի դաշտերուն վրայ յաղթանակած Մուսթաֆա Քեմալի պարտադրած դաշնագիրը հանդիսացաւ Լօզանի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը։

Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը պաշտօնապէս բացուեցաւ 20 Նոյեմբեր 1922ին եւ աւելի քան ութ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Մ. Նահանգներու միջնորդութեամբ ու հովանաւորութեամբ, ի վերջոյ դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923ին։

Բանակցութեանց մասնակցող թրքական կողմը կը գլխաւորէր Իսմէթ Ինէօնիւ. յունական կողմի ներկայացուցիչն էր Էլեֆթերի Վենիզելոս. անգլիական պատուիրակութեան նախագահն էր լորտ Քըրզըն. իսկ ամերիկեան միջնորդութեան ղեկավարն էր ծովակալ Պրիսթոլ։ Դաշնագիրը ստորագրեցին, վերոյիշեալ 4ի կողքին, Ֆրանսա, Իտալիա, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա եւ Ճափոն։
Թէեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը, Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ եւ Աւետիս Ահարոնեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան աջակցութեամբ, դիւանագիտական բուռն աշխատանք ծաւալեց, որպէսզի հայեւթուրք հարցի վերաբերեալ Սեւրի Դաշնագրին տրամադրութիւնները վերահաստատուին, բայց թրքական կտրուկ մերժումին բախելով՝ դաշնակից մեծ տէրութիւնները շրջանցեցին հայկական այդ պահանջը եւ բաւարարուեցան Լօզանի դաշնագրին մէջ մտցնելով 16րդ յօդուած մը, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն վերաբերեալ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման: Յօդուածը յստակօրէն կ’ամրագրէ, նաեւ, թէ՝ «Ներկայ յօդուածին տրամադրութիւնները չեն կանխեր դրացիական յարաբերութիւններէ բխող որեւէ յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են կամ կրնան կատարուիլ Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկիրի(ներու) միջեւ»:

Բացայայտ է, որ Դաշնակիցները ուրացան իրենց խոստումներն ու յանձն առած պարտաւորութիւնները Հայ Դատի արդար լուծման նկատմամբ։

Բայց նաեւ ընդդիմացան Հայաստանի եւ հայութեան առընչուող Սեւրի Դաշնագրին յօդուածներն ու տրամադրութիւնները ջնջելու եւ նոր՝ թրքանպաստ յօդուածներով փոխարինելու թրքական կողմի պնդումներուն։

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց «կարգաւորման» համար 2009ին ստորագրուած Փրոթոքոլի առիթով, թրքական դիւանագիտութիւնը տենդագին աշխատանք թափեց Լօզանի դաշնագրին տալու իր նախասիրած մեկնաբանութիւնը եւ պնդելու, որ ժամանակն է վերանայելու Սեւրի Դաշնագրով նախատեսուած ու Մ. Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած սահմանները…

Բոլորէս առաջ թրքական պետութիւնը ինք շատ լաւ կը գիտակցի, որ նոյնիսկ Լօզանի ուրացումով փաստօրէն չփոխարինուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ուիլսընեան սահմանագծումի միջազգային փաստաթուղթը, որ իրաւական իր այժմէականութիւնը կը շարունակէ պահպանել…
Լօզանի Դաշնագիրը նաեւ այլապէս, Թուրքիոյ Հանրապետութեան վրայ իր պարտք դրած ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու յօդուածներով, այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի։

Ինչպէս յոյներու եւ քիւրտերու, նոյնպէս եւ հայերու ազգային, կրօնական, մշակութային ու կրթական իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ ամրագրող Միջազգային Իրաւունքի պարտամուրհակ է, նաեւ, Լօզանի Դաշնագիրը։

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր հռչակման օրէն լծուեցաւ ազգային փոքրամասնութեանց դէմ թրքացման քաղաքականութեան՝ շարունակ ոտնակոխելով նոյնինքն Լօզանի Դաշնագրով վճռուած ազգային-փոքրամասնական իրաւունքները։

Այդ հիման վրայ էր, որ 20րդ դարու երկրորդ կիսուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեան հետեւողականօրէն պահանջատէր ներկայացաւ թրքական իշխանութիւններէն՝ Լօզանի Դաշնագրով նախատեսուած հայոց կրթական հաստատութիւնները, ազգապատկան կալուածները եւ կրօնական-մշակութային կոթողները հալածանքի եւ աւերումի դէմ պաշտպանելու մնայուն օրակարգով։

Լօզանի Դաշնագրին ստորագրութեան 91րդ տարելիցն է այսօր։

Օրն է Հայկական Պահանջատիրութեան վերանորոգման՝

– Նախ Սեւրի Դաշնագրով ամրագրուած Հայ Դատի քաղաքական արդար լուծման շուրջ հիւսուած Լօզանի ամօթալի Ուրացման եւ Լռութեան Պատը քանդելու։

– Ապա զօրակցելու Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութեան ազգային իրաւունքներուն պաշտպանութեան, «քողարկուած հայեր» ըլլան անոնք թէ ազգային իրենց պատկանելութիւնը աշխարհին բաց ճակատով ներկայացնող Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներ։

– Նաեւ տէր կանգնելու Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատկանող ազգային կալուածներուն եւ հարստութեանց, որոնք հակառակ Լօզանի Դաշնագրի տրամադրութիւններուն, բռնագրաւման տակ կը պահուին թրքական իշխանութեանց կողմէ։

– Վերջապէս Թուրքիան եւ Լօզանի Դաշնագիրը ստորագրած պետութիւնները դնելու պարտաւորութեանը տակ՝ պաշտպանելու հայ ժողովուրդի մշակութային կոթողները եւ քաղաքակրթական կնիքը, թրքացման ու քանդումի ամէն կարգի փորձերուն դէմ։

Ն.

azator.gr

Տպել Տպել