ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը

20140805-LebGGՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Արսալի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումը:

Կեդրոնական կոմիտէն այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի կը հաստատէ իր զօրակցութիւնը բանակին:

Լիբանանի համար նահատակուած եւ Լիբանանի գոյութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու նպատակով իրենց արիւնը երկրին հողին շաղախած զինուորներուն համար, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը ցաւակցի բանակի հրամանատարութեան եւ զինուորներուն ընտանիքներուն հետ:

Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ բոլորին նեցուկ կանգնելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` պահպանելու համար ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարելու համար ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Տպել Տպել