Ակնարկ. Պաքուին Յանձնարարած Առաջադրանքը` Ստեղծել Նախապատերազմական Իրավիճակ

Արցախ-Ազրպէյճան-Հայաստանի Հանրապետութեան շփման գիծերու կամ ընդհանրապէս սահմանային գօտիներու վրայ արձանագրուող հրադադարի խախտումները թեւակոխած են նոր փուլ: Կը թուի, որ խօսքը խախտումներու հերթական բնոյթի մասին չէ, որքան նախապատերազմական իրավիճակի ստեղծման փորձին` Ազրպէյճանի կողմէ:

Որոշ առումով ներքին սպառման, շատ աւելի համոզիչ` տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող իրադրութիւններու ընդհանուր մթնոլորտէն մեկնած, յամենայն դէպս, Պաքուն համարձակ քայլեր կ՛առնէ ստեղծելու համար նախապատերազմական իրավիճակի ընդհանուր մթնոլորտը: Հայկական կողմէն կան ոչ միայն համարժէք պատասխաններ, այլեւ աւելին, համարժէքէն անդին, պատժիչ գործողութիւններ, խիստ հակահարուածներ, սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորներու բազմապատկուող թիւեր:

Ի՞նչն է պատճառը, որ հակառակ հետախուզական ներթափանցման բոլոր գործողութիւններու ձախողութեան, հակառակ դիրքերու կորուստին եւ հակառակ սպաննուածներու թիւի աճին, տակաւին Պաքուն կը շարունակէ ռազմական այս վարքագիծը: Որքան ալ թէ՛ իր հասարակութեան եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան համար ազրպէյճանական քարոզչամեքենան խեղաթիւրուած ներկայացնէ պատահարները, այնուամենայնիւ իր ձեռնարկած գործողութիւններու անարդիւնաւէտութիւնն ու սպաննուած զինուորներու աճող թիւերը կրնան պումըրանկի ազդեցութիւն ունենալ ներազրպէյճանական շրջանակներու մէջ: Ուրեմն` դարձեալ յանկերգուող հարցումը. Ինչո՞ւ ազրպէյճանական գործողութիւններու այս թափը:

Արդէն պաշտօնականացած է, որ 8 կամ 9 օգոստոսին երկարատեւ ընդմիջումէ ետք տեղի պիտի ունենայ նախագահներ Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումը: Հանդիպման նախօրեակին գերլարուած իրավիճակի կամ ուղղակի նախապատերազմական իրավիճակի ստեղծումը առաջադրանք է. գուցէ ոչ զուտ ազրպէյճանական առաջադրանք:

Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ պաշտօնական յայտարարութիւնները ստեղծուած իրավիճակին մասին համընկնումի բաժիններ ունին անշուշտ: Այս օրինաչափութիւնը պէտք է յարգուի, որովհետեւ երկուքը` Ֆրանսայի հետ միասին, ստանձնած են միջնորդական առաքելութիւն, արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն: Ակնկալելի էր, որ երկուքին յայտարարութիւններուն մէջ բացակայէր կողմի վերագրումը եւ ընդգծուէր մտահոգուած ըլլալու փաստն ու ռազմական գործողութիւններէ զերծ մնալու կոչը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան այս բաժինը որոշ դիտարժան նշանակութիւն կրնայ ունենալ. «Պատասխան գործողութիւնները եւ բռնութեան աճը աւելի կը դժուարացնեն խաղաղ կարգաւորման հաստատումը»: Ուաշինկթընի այս տրամաբանութեամբ, եթէ պատասխան գործողութիւններ կան, ուրեմն նախայարձակ գործողութիւններ պէտք է եղած ըլլան. Կ՛ենթադրուի, որ Ուաշինկթընը իրազեկ է, թէ ո՞վ է նախայարձակը եւ ո՞վ է պատասխանողը: Բայց առանց նախայարձակ կողմը քննադատելու պատասխանող կողմին վրայ պատասխանատուութիւն բարդելը թէ` դժուարացուցած կ՛ըլլայ խաղաղ կարգաւորման հաստատումը, առնուազն մտածելու տեղի կու տայ քաղաքական հետաքրքրական այս տրամաբանութեան մասին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կո՛չ կ՛ուղղէ երկու նախագահներուն ըստ կարելւոյն շուտ հանդիպելու: Ըստ կարելւոյն շուտը արդէն 4 օր ետք է: Այն, ինչ որ իբրեւ կոչ կը բացակայի Մոսկուայի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Հիմա լուսարձակի տակ կու գայ նաեւ այլ կարեւոր հանգամանք մը: Միջնորդ երկիրներէն երկուքը երրորդին դէմ որոշած են դիմել պատժամիջոցներու: Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցային քաղաքականութեան առաջնորդ Միացեալ Նահանգները կը հաւաքագրեն այլ պետութիւններ, որոնց կարգին անշուշտ Եւրոպական Միութեան երկիրներ, եւ անոնցմէ առաջինը` Ֆրանսան: Իրար դէմ պաղէն դէպի գաղջ պատերազմի անցած երկիրները միասնաբար ստանձնած են միջնորդութիւն խաղաղօրէն կարգաւորելու նախապատերազմական իրավիճակ մը: Այս հանգամանքներու ստեղծած համապատկերի ճիշդ ընկալումը գուցէ օգտակար կ՛ըլլայ հասկնալու Պաքուի գերաշխուժացումը եւ միջնախագահական ձեւաչափով կայանալիք հանդիպումի նախօրեակին նախապատերազմական իրավիճակի ստեղծման փորձերը:

Ահա ճիշդ այստեղ է, որ եթէ համոզումը կայ, որ ա՛յս է առաջադրանքը` իբրեւ յանձնարարական տրուած Պաքուին, հայկական կողմը այդ մթնոլորտի տեղեկատուական բաժնի ստեղծման չնպաստելու զգօնութիւնը պիտի ունենայ: Նկատելի է թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւններու մամուլի հրապարակումներով փոխանցուած ուղերձներու զսպուածութիւնը, ուղղակի թէ անուղղակի: Հայկական բանակը գերսթափ վիճակի մէջ է եւ կը ձախողեցնէ Պաքուի ձեռնարկած ներթափանցման բոլոր գործողութիւնները: Հայկական կողմը կը շարունակէ ընդգծել իր եւ միջնորդական կառոյցներու կողմէ առաջարկուած եւ ազրպէյճանական կողմէն մերժուած կարգաւորման խաղաղ ճանապարհները, միաժամանակ պարզ դարձնելով, որ հետզհետէ աւելի պիտի խստացնէ նման սադրանքներու պատասխանելու իր ոճը:

Իր խիստ կեցուածքով միաժամանակ Երեւանը կը հասկցնէ, թէ հնարաւոր չէ ուժի լեզուով իրեն դիւանագիտական-քաղաքական զիջումներ պարտադրել, միւս կողմէ Արցախի տարբեր պաշտօնական ներկայացուցիչներ աւելի եւ աւելի ամուր կերպով կ՛ընդգծեն, որ Մատրիտեան սկզբունքները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար ընդունելի չեն. մասնաւորաբար ընդունելի չէ ներկայիս ձեւաւորուած սահմաններէն որեւէ չափով նահանջ: Իրավիճակը լարուած է, բայց հայկական ուժերուն կողմէ` վերահսկելի:

«Ա.»

«ԱԶԴԱԿ», Ակնարկ

Տպել Տպել