Մենք գիտենք արժէքը

Fotor0816143417Հայաստան չի կրնար անտարբեր ըլլալ որեւէ ազգի, հաւաքականութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին նկատմամբ:

Հայութիւնը, հայ մարդը, ո՛ւր ալ ըլլայ, իր զայրոյթը, իր բողոքը չի կրնար չարտայայտել՝ ի դէմս անմարդկային ոճիրներու, փոքրամասնութեանց դէմ գործադրուած բնաջնջման ծրագիրներու:

Բացի բողոքելէն ու զայրանալէն, նաեւ մենք չենք կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ մարդիկ իրենց հաւատքի, ազգային պատկանելիութեան համար կը սպաննուին, կը կոտորուին:

Մենք, աշխարհի որեւէ ժողովուրդէ աւելի գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ առանձին մնալ վայրագ ջարդարարներու դիմաց:
Մենք, աշխարհի որեւէ ժողովուրդէ աւելի գիտենք, թէ ի՛նչ կ՛արժէ այդ ծանր պահուն օգնութեան համար պարզուած ձեռքը, ի՛նչ կ՛արժէ ցաւը ամոքելու, ապաստան տրամադրելու ազնուութիւնը:

Քեսապի մեր հայրենակիցներու ոդիսականը մեզի կրկին ու կրկին կը յիշեցնէ մեր պարտաւորութիւնը՝ ամէն ինչ ընել կանխելու համար ցեղասպանութիւնը, ո՛ւր ալ զգացուի անոր հաւանականութիւնը:
Այսօր Իրաքի հիւսիսային շրջանի եզիտիներու տեղահանութիւնը, ինչպէս եւ անմարդկային բռնութիւնները նոյն եզիտիներուն կամ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ, կը պահանջեն մեր կողմէ առաւել աղմկալից դատապարտում, կը պահանջեն աւելի գործնական մասնակցութիւն՝ ցեղասպանական ոճիրները կասեցնելու եւ յանցագործները պատժելու գծով շրջանային կամ միջազգային ծրագիրներուն:

Եզիտի համայնք ու քաղաքացիներ իր տարածքին վրայ ունեցող Հայաստան պետութիւնը, յաւելեալ պարտաւորութիւն ունի յատուկ զգայնութիւն ցոյց տալու իրենց ազգակիցներուն դէմ կատարուած յանցագործութեանց վիշտը ապրողներուն, բարոյապէս կանգնելու անոնց կողքին եւ զօրակցութեան համոզիչ քայլեր առնելու՝ քաղաքական թէ այլ ուղղութիւններով:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

15/08/2014

Տպել Տպել