ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Գծով

ARF_Logo-coloredՔալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող այսօրուան (Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27) որոշումը վճռական եւ պատմական քայլ մըն է Հայաստանէն դուրս մեծագոյն թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող նահանգին կողմէ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կ՛ողջունէ այս խիզախ ու անկիւնադարձային քայլը, որ ոչ միայն վկայութիւնն է ամերիկահայութեան տքնաջան աշխատանքին, այլ նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի հանրային պաշտօնատարներուն ցուցաբերած յարգանքին՝ հանդէպ բոլոր ժողովուրդներուն, այս պարագային նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Այս քուէարկութիւնը աւելի կարեւոր է յատկապէս այս օրերուն, երբ Ատրպէյճան սաստկացուցած է իր ռազմատենչ յայտարարութիւնները ու զինադադարի պայմաններուն խախտումները, բանաձեւը ձախողութեան մատնելու թրքական ու ատրպէյճանական լոպիներու ջանքերուն զուգահեռ։

Այս քուէն մեծապէս կ՛ամրապնդէ հայ ժողովուրդի ոգին՝ իր արդար տենչանքները հետապնդելու ճանապարհին, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին շղթայազերծած սեփական ճակատագիրին տէր ըլլալու, ինքնակառավարման ժողովրդավարական համակարգ մը ստեղծելու եւ այդ ճամբով իր գոյութեան սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու պայքարին կարեւորութիւնը:
Կը տօնենք բոլորիս յաղթանակը հանդիսացող այս քայլը ու կ՛ուզենք յատուկ գնահատանք արձանագրել հանդէպ Հայ Դատի գործիչներուն, որոնք տարիներով տքնած են այս նպատակին հասնելու համար։

Սոյն բանաձեւին որդեգրումը վճռական յաղթանակ մըն է հայ ժողովուրդին, Արցախի բնակչութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի համար պայքար տանող բոլոր ժողովուրդներուն ի նպաստ:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Տպել Տպել