Յունաստան կը քրէականացնէ ցեղասպանութեանց ժխտումը

Fotor0910160630Պրիւքսել, 10 սեպտեմբեր, 2014.- Երէկ՝ 9 սեպտեմբեր 2014-ին, Յունաստանի խորհրդարանը, քուէներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց «խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ» օրէնքի նախագիծը, որ մշակուած էր երկրի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ:

Օրէնքի թիւ 2 յօդուածին մէջ կ’արձանագրուի, թէ քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի եւ ազատազրկման ու տուգանքի ենթակայ կ’ըլլայ հրեաներու Ողջակիզման, միջազգային դատարաններուն, կամ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւնները ժխտող, հեգնող, կամ ոեւէ ձեւով նուաստացուցիչ յայտարարութիւն կատարող անձ:

Նշենք, որ Յունաստանի խորհրդարանը երեք ցեղասպանութիւններ ընդունած է պետական օրէնքով՝ Պոնտոսի յոյներու (1994), հայերու (1996) եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու (1998): Երէկ քուէարկուած օրէնքին համաձայն՝ այս երեք ցեղասպանութիւններն են որոնց ժխտման համար է նաեւ, որ կը նախատեսուի քրէական հետապնդում եւ դատապարտման պարագային ազատազրկում եւ ծանր տուգանք:

Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբը, երկար ժամանակ, լռելեայն եւ յամառօրէն հետապնդած է, գործակցելով յունական, պոնտական եւ փոքր ասիական կազմակերպութիւններու հետ, յաջողցնելու համար այս օրէնքին ընդունումը յունական պետութեան կողմէ: Այս աշխատանքի ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաթիւ հանդիպումներ համապատասխան նախարարներու եւ երեսփոխաններու հետ: Յանձնախումբի անդամներ ներկայ եղած են խորհրդարանի յատուկ յաձնաժողովի նիստին եւ հոն ներկայացուցած նման օրէնքի մը քուէարկման անհրաժեշտութիւնը: Երկար ձգձգումներէ ետք, ի վերջոյ ընդունուեցաւ համապատասխան օրէնքը:

2008-ին Եւրոպական միութիւնը ընդունեց «ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ որոշում շրջանակ»ը, որուն հիման վրայ Յունաստանի խորհրդարանը որդեգրեց ներկայ օրէնքը:
«Սեպտեմբեր 9, 2014-ը պատմական օր մըն է ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն համար, քանի Յունաստանը եւրոպական այլ երկիրներու կարգին, կը քուէարկէ ցեղասպանութեանց ուրացման դէմ օրէնք մը: Օրէնք մը՝ որ կրնայ կանխարգիլել բոլոր անոնց, որոնք կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը եւ կը նզովեն ցեղասպանութեանց զոհերը», ըսաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը:

«Կոչ կ’ուղղենք Եւրոմիութեան անդամ մնացեալ երկիրներուն, որ դիմեն նման մարդկային արդար քայլերու, պատժելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ջատագովներուն: Թուրքիան եւս պէտք է գիտակցի, թէ ինչքան կը շարունակէ ժխտողականութեան իր քաղաքականութիւնը, թող չակնկալէ, որ կրնայ դառնալ Եւրոպայի մարդկային արժէքներուն հաւատացող երկիրներու ընտանիքին անդամ», ըսաւ Գասպար Կարապետեան:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Յունաստանի կառավարութիւնը, խորհրդարանի անդամները, Պոնտոսի եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու կազմակերպութիւնները եւ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբը, իրենց արդար պայքարի յաջող աւարտին համար: Յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ յոյն ժողովուրդին, որ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ կը շարունակէ մնալ եղբայրական զգացումներով մեր ժողովուրդին հանդէպ:

Տպել Տպել