Համահայկական համարկման մասին


Հայութիւնը իր նորագոյն անկախ պետականութեան երկրորդ տասնամեակը ամբողջացնելու վրայ է: Սկզբնական շրջանի խորհրդանշապաշտութիւնը տեղ տուած է առարակայականութեան եւ իրապաշտութեան: Խանդավառութիւնը տեղ-տեղ փոխարինուած է կասկածով, յաճախ անտարբերութեամբ, վերջերս ալ՝ վախով: Ո՞ւր կ’երթանք ազգովին. ո՞րն է մեր յաջորդ հանգրուանը: Ժամանակն է կատարելու առժամեայ հաշուեկշիռ մը: Ի՞նչ ունէինք անկախութենէն առաջ եւ ի՞նչ ունինք այսօր: Ի՞նչ աւելցած է եւ ի՞նչ պակսած է: Ի՞նչ պէտք է ընել հաւաքականութեան վաղուայ գոյութիւնը ապահովելու համար: Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի վաղը աւելի ընդունելի ըլլայ քան՝ այսօրը: Հարցերը բազմատեսակ ու բազմաթիւ են եւ անոնց քննութիւնը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ: Ամէն ինչ ալ մէկը միւսին չափ կարեւոր կը թուի ըլլալ: Այդ իսկ պատճառով ցանկագրում պէտք է կատարել՝ առաջնահերթութիւններ ճշդելով:

Ամէն ինչ կարելի չէ միաժամանակ նոյն թափով հետապնդել:Այդ բոլորին պատասխանը մէկ յօդուծի առարկայ չի կրնար ըլլալ: Սակայն սխալած ըլլալու նուազագոյն հաւանականութեամբ կարելի է հաստատել, թէ այդ բազմաթիւ հարցերուն մէջ հայոց պետականութեան ամրապնդման խնդիրը ունի յատուկ տեղ: Առանց պետականութեան եւ անոր ամրութեան մնացեալ բոլոր խնդիրներու լուծումը կը դառնայ հարցական. առ նուազն՝ պակասաւոր: Իսկ այդ գործին համար անհրաժեշտ է հայկական հաւաքականութեան ուժերու ամբողջական լարումը: Ուժերու լարում տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական կռիւներու ժամանակ. ատիկա ալ շատ պակասաւոր կերպով: Մեր օրերուն այդ գիտակից հաւաքական ճիգը թերեւս աւելի՛ անհրաժեշտ է, քան արցախեան գոյամարտի օրերուն, որովհետեւ ներկայ պայմանները նոյնքան ահազանգային ըլլալով հանդերձ չունին զանգուածները դիւրաւ մտահոգելու ու խանդավառելու տեսանելի եւ ազդու յատկանիշներ:

Այսօրուայ պայմաններուն մէջ հաւաքական ճիգի արդիւնաւետ գործածութիւնը կ’ենթադրէ հայութեան բոլոր հատուածներու բարոյահոգեբանական եւ առարկայական գործօններու համադրում, ինչ որ իր կարգին կը պահանջէ այդ հատուածներու համարկումը՝ իրարու աստիճանական ընդելուզումը: Հայութեան պարագային այս գործը բաւական դժուար ու ժամանակ խլող գործողութիւն կը խոստանայ ըլլալ, քանի անոր հատուածներու միջեւ տարբերութիւնները բաւական մեծ են՝ պատմական պատճառներով: Հայաստանը իր ատենին բաժնուած ըլլալով նախ երկու, ապա՝ երեք կայսերական ամբողջութիւններու միջեւ, այդ ճիւղերը ունեցած են ընկերամշակութային տարբեր զարգացումներ. այդ տարբերութիւնները աւելի՛ եւս շեշտուեցան Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան պատճառով: Ցեղասպանութեան եւ ներկայիս Հայաստանէն տնտեսական արտագաղթի հետեւանքով հայութիւնը դարձած է աշխարհացրիւ:

Հայութեան հատուածներու միջեւ համարկման որեւէ փորձ անիմաստ էր Խորհրդային Միութեան օրերուն, քանի կեդրոնական իշխանութիւններու կողմէ որեւէ հարցի քաղաքական շահագործումը ընթացիկ երեւոյթ էր: Անկախութենէն ետք համարկումը տեղի կ’ունենայ տարերային կերպով, բայց տեղ-տեղ նաեւ՝ առաւել կամ նուազ չափով ծրագուած ձեւով: Սփիւռքահայերու Հայաստան այցելութիւնները հաղորդակցութեան միջոցներու մասայականացումով դարձած են աւելի յաճախակի՝ ընդգրկելով հայրենակիցներու ժամանակի ընթացքին աճող թիւ մը. լեզու եւ մտածում հաղորդակցութեան եւ փոխազդեցութիւններու հետեւանքով կը դառնան աւելի ու աւելի հասարակաց: Վերջին քսանամեակին չպակսեցան ծրագրեալ փորձերը: Անոնց կարգին են իննըսունական թուականներու վերջաւորութեան սկսած Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները, հեռատեսիլի արբանեակային սփռումի մէկէ աւելի կայանները, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը եւ վերջապէս՝ համահայկական գործող կառոյցներու ստեղծումը (Հայաստան հիմնադրամ) կամ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կառոյցներու համահայկական տարածումը (ազգային կուսակցութիւններ, մարզական ու բարեսիրական միութիւններ):

Համահայկական կառոյցներու բազմացումը կ’արագացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի իրարու համարկումը: Հայաստանը եւ Սփիւռքը պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութեան (հայութեան) բաղկացուցիչ երկու (կամ բազմաթիւ) մասեր եւ երբե՛ք իբրեւ տարբեր ամբողջութիւններ: Այս ինքնին հասկնալի պահանջին գոհացումը կարեւոր չափով առաջքը կ’առնէ բախումներու, որոնք անխուսափելի են, երբ տարբեր մտայնութեան տէր մարդիկ հասարակաց գործի կը ձեռնարկեն: Իսկ բախումները թէկուզ բազմաթիւ ու յաճախակի, բայց՝ աւելի տկար կ’ըլլան, երբ բոլորը սկիզբէն մասնակցած են գործի ծրագրումին եւ կը պատրաստուին ծրագիրներու գործադրութեան: Կազմուած ծրագիրներու գործադրութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի այդ կառոյցը եւս ”խօսարան”ի համբաւ ստանալով գիտակից հանրութեան առջեւ արհամարանքի առարկայ չդառնայ: Պայման է նաեւ, որ այսպիսի կառոյց մը վճռական կերպով չզբաղի բաղադրող հատուածներու զուտ ներքին հարցերով, այլ միայն՝ ամբողջ հաւաքականութեան առնչուող հարցերով:

Անշուշտ, այս մտահոգութիւնը նոր չէ: Վերեւ նշուած եւ այլ նախաձեռնութիւններ այս մտահոգութեան արտայայտութիւնն են: Սակայն ցարդ ներկայացուած ու դեռ իրենց սաղմնային վիճակին մէջ գտնուող ծրագիրները ունին լուրջ թերութիւններ, որոնք կասկածելի կը դարձնեն իրենց ապագայ յաջողութիւնը: Աւելին՝ իրենց բնոյթով անոնք հայութենէն ներս նոր պառակտումներ յառաջացնելու կարելիութիւնը կը ստեղծեն: Անոնցմէ ոմանք կը միտին Սփիւռքը նոր՝ համագաղութային կերպով կազմակերպելու (Սփիւռք ընդդէմ որո՞ւ): Ուրիշներ իրենց բնոյթով երեւութապէս համահայկական՝ սակայն խորքին մէջ հակակշռին բանալին ի յառաջագունէ յստակ ու մշտնջենական կերպով որոշած ըլլալով չեն կրնար սրտանց ընդունելի ըլլալ հայկական ամբողջական հասարակութեան կողմէ:

Ընկերային ներկայի պայմաններուն համար կառոյց մը առաւելագոյն յաջողութիւնը կրնայ արձանագրել, եթէ կը յարգէ առ նուազն ժողովրդավարութեան պայմանը, որպէսզի անհատները (գոնէ անոնք, որոնք համազգային հարցերով կը տագնապին) յանձնառութեամբ լծուին աշխատանքի: Հետեւաբար՝ ընտրական գործընթացը անխուսափելի է, թէեւ՝ սփիւռքեան պայմաններու մէջ շատ դժուար իրագործելի:

Ի հարկ է, համահայկական որեւէ կառոյցի հիմնական վայրը հայրենիքը պէտք է ըլլայ առանց բացառելու օժանդակ երկրորդ հասցէի մը միաժամանակեայ գոյութիւնը: Ազդեցիկ ըլլալու համար այդ կառոյցը պէտք է ըլլայ պետական. ասիկա կը նշանակէ, թէ այդ կառոյցի որոշումները պարտադիր պէտք է ըլլան գործադիր իշխանութիւններուն համար: Ասիկա իր կարգին կ’ենթադրէ, որ կառոյցը, ժողովրդավարութեան պայմանը ամբողջացնելու համար, խորհրդարանական նկարագիր պէտք է ունենայ: Այդ կառոյցը չի կրնար ըլլալ ինքը՝ խորհրդարանը (Ազգային Ժողով), քանի ան ստեղծուած է միայն ՀՀ տարածքին համար եւ կ’ընտրուի բացառաբար ՀՀ բնակչութեան կողմէ: Հետեւաբար պէտք է ստեղծել ընտրեալներէ կազմուած երկրորդ կառոյց մը, որ զբաղի բացառաբար համահայկական խնդիրներու (Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ, հայեւթուրք յարաբերութիւններ, Հայ Դատ, ՀՀ քաղաքացիութեան համահայկական հարցեր եւ այլ՝ տակաւին սահմանելի հարցեր):

Այս երկրորդ՝ համահայկական խորհրդարանը կարելի է անուանել ծերակոյտ (սենատ), այնպէս, ինչպէս գոյութիւն ունի անիկա որոշ թիւով երկիրներէ ներս: Ներկայացուցչութիւնը պէտք է ըլլայ համեմատական՝ ըստ իւրաքանչիւր համայնքի ներկայացուցած թիւին:

Կասկածէ վեր է, որ այսպիսի կառոյց մը նոյնպէս բախումի միջավայր է, սակայն միաժամանակ՝ փոխադարձ առարկայական ծանօթացման ու յաւելեալ մերձեցման միջավայր է:

Ժամանակը հասած է, որ զգացականութիւնը փոխարինուի ուժական ու արդիւնաւետ առարկայականութեամբ: Այդ ձեւո՛վ միայն կարելի է փարատել հայութեան վրայ կուտակուող ամպերը, որոնք փոթորիկի մը նախանշան համարուելու բոլոր տուեալները ունին. փոթորիկ՝ որ կանխարգիլելու կամ ատկէ պատսպարուելու կարողականութիւնը ունի՛ հայութիւնը:

Դոկտ. Մկրտիչ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

«ԱԶԴԱԿ»
«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել