ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրին այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրայի հետ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանէն խնդրեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումին առիթով իր շնորհակալութիւնը փոխանցել յունական իշխանութեանց, խորհրդարանին եւ յոյն ժողովուրդին:
Հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպանին խորհրդականը, առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ-յունական, հայ-թրքական եւ յոյն-թրքական յարաբերութիւններուն:
Դեսպանը իր երկրին խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրինագիծին անդրադառնալով յայտնեց, որ նշեալ օրէնքը միայն ցեղասպանութիւններու ժխտումին չի վերաբերիր, այլ նաեւ այլատեացութեան, ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան` աւելցնելով, որ նշեալ օրէնքը ցեղասպանութիւններու ծալքերուն գիտական նպատակներով ակադեմական շրջանակներու կողմէ քննարկումը չ՛արգիլեր, այլ միայն դեսպանին բառերով` «չարամիտ նպատակներու» դրսեւորումը:
Ան նաեւ ՀՅԴ պատուիրակութեան յայտնեց, որ Յունաստանի մէջ օրէնքներու որդեգրման հոլովոյթը տարբեր է Ֆրանսայի մէջ կիրարկուած հոլովոյթէն եւ յունական խորհրդարանը լիազօրութիւնը ունի որդեգրելու օրէնքներ, որոնք պետութեան պաշտօնական թերթին մէջ լոյս տեսնելէ անմիջապէս ետք ուժի մէջ կը մտնեն, ուստի Սահմանադրական դատարանի վճիռով օրէնքի մերժման ֆրանսական նախադէպի կրկնութիւնը բացառուած է:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Յունաստանի դեսպանին նուիրեց Հայ դատին եւ հայ մշակոյթին վերաբերող հրատարակութիւններ:
Շուրջ 45 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումը աւարտեցաւ ապագայ գործակցութեան փոխադարձ պատրաստակամութեան արտայայտութեամբ:
aztagdaily.com







