Իրաքի Հայկական Համայնքը Նեղ Կացութեան Մէջ Է

Հարցազրոյց Պարոյր Յակոբեանի Հետ

mosulՍեպտեմբեր 19-20 տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցան համահայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, անդամներ, այս ծիրին մէջ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Պարոյր Յակոբեանին հետ:

– Ինչպիսի՞ն է Իրաքի հայ համայնքին այսօրուան իրավիճակը:

– Իրաքի գաղութը վերջին տարիներուն բաւական նեղ կացութեան մատնուած է, նօսրացման ենթարկուեցաւ քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով, եթէ 40-50 թուականներուն 40 հազար հայ կ’ապրէր այնտեղ, այսօր տասը հազար են միայն, արտագաղթը սկսած է 1958 թուականի յեղափոխութենէն ետք, անշուշտ` աւելի դանդաղ կերպով, Սատտամի իշխանութեան տարիներուն եւս արտագաղթողներ կային, 2003 թուականէն սկսեալ տեղի ունեցած պատերազմին պատճառով մինչ օրս արտագաղթի մեծ թափը կը շարունակուի:

Հայերը աւելի կեդրոնացած են Պաղտատի, Պասրայի, Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ: Այսօր քրտաբնակ շրջաններու պայմանները համեմատաբար աւելի լաւ ըլլալով` հայերը միւս քաղաքներէն կը գաղթեն դէպի հիւսիսային շրջաններ: Ինչ կը վերաբերի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքին, ՊՀԵԵ Միութիւնը, ՀԲԸ Միութիւնը, ԻՀՏՄ Միութիւնը կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը պահպանել` կազմակերպելով մշակութային կամ բարեսիրական բնոյթի ձեռնարկներ, իսկ ՀՄԸՄ-ը կ’իրականացնէ մարզական զանազան ծրագիրներ:

Պասրայի մէջ շատ քիչ հայեր մնացած են, եկեղեցին կը գործէ, իսկ Մուսուլի բոլոր հայերը դժբախտաբար քաղաքէն հեռացած են, բարեբախտաբար այդտեղի եկեղեցին չէ վնասուած, այնտեղ նաեւ մարդկային կորուստներ չունինք, բայց մարդիկ իրենց տարիներու կուտակածը, տուն տեղը լքելով` հեռացած են աւելի ապահով վայրեր:

Այսօր Էրպիլի մէջ նոր գաղութ կը կազմաւորուի, միւս քաղաքներէն գաղթող հայերը կը փորձեն հաւաքուիլ եկեղեցւոյ շուրջ` կիրակնօրեայ դպրոց հիմնելով եւ տարբեր ազգային ձեռնարկներ կազմակերպելով, Էրպիլի եւ Քերքուքի մէջ նոր եկեղեցիներ կը կառուցուին, նշեմ, որ Քերքուքի մէջ շատ քիչ հայեր մնացած են…

– Ի՞նչ կը պատմէք ազգային վարժարաններուն մասին, քանի՞ դպրոց կը գործէ այսօր:

– Սատտամի ժամանակ մեր ազգային վարժարանները պետականացուած էին, 2003-էն ետք մենք առաջինը եղանք, որ կրկին ազգային վարժարան հիմնեցինք. սկիզբը բաւական աշակերտութիւն ունէինք, խանդավառ էինք, նոր ծրագիրներ մշակեցինք, բայց ամէն ինչ փոխուեցաւ արտագաղթի պատճառով, այս տարի Պաղտատի ազգային դպրոց կը յաճախէ 85 աշակերտ միայն: Միւս հայաշատ քաղաքներուն մէջ ոչ մէկ հայկական դպրոց կը գործէ: Քրտական շրջաններու քաղաքներէն` Զախոյի մէջ հայկական մանկապարտէզ մը կայ, Էրպիլի եւ Տհոքի մէջ կիրակնօրեայ դպրոցներ ունինք: Իսկ Պասրայի մէջ նախկին ազգային դպրոցին մէջ կը դասաւանդուի հայոց լեզու եւ կրօն:

– Իրաքահայութիւնը որքանո՞վ մասնակից է Իրաքի քաղաքական կեանքին:

– Խորհրդարանին մէջ հայ չունինք, բայց քրտական խորհրդարանին մէջ մէկ հայ կայ, որ քրտական կուսակցութեան մը անդամ է եւ հայութեան շահերը կը պաշտպանէ:

– Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ծրագիրներ նախատեսուա՞ծ է կազմակերպել Իրաքի մէջ:

– Կեդրոնական յանձնախումբ նշանակուած է, յանձնախումբին նախագահը Իրաքի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանն է, ատենապետը ես եմ, ատենադպիրը Մելքոն Մելքոնեանն է, գործող բոլոր հայկական միութիւններէն ներկայացուցիչներ նշանակուած են, Միջին Արեւելքի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու խորհրդաժողովներուն կը մասնակցինք: Իրաքի ներկայ պայմաններուն մենք չենք կրնար քաղաքականօրէն ձեռնարկներ կազմակերպել: Մենք կը պատրաստուինք 100-ամեակը նշել հետեւեալ ձեւով. 10 հատ խաչքար պատուիրած ենք բոլոր եկեղեցիներուն մէջ զետեղելու համար, նկարիչ Անդրանիկ Օհաննէսեան 100 կտաւ պիտի պատրաստէ, այդ առիթով ցուցահանդէս պիտի կազմակերպենք` հրաւիրելով հայ եւ օտար մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ` պետական այրեր, իրաքահայ բանաստեղծ` Արամ սրկ. Քեթենճեան Ցեղասպանութեան նուիրուած 100 քառեակ պիտի գրէ, խորհրդաժողովներ պիտի կազմակերպենք` հրաւիրելով արաբ մտաւորականներ:

– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովը:

– Նման ժողովներ մեծ առիթ մըն են համախմբելու սփիւռքի հայութիւնը, որոնք իրենց դժուարութիւններն ու ձեռքբերումները կը փոխանակեն. ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Ցեղասպանութեան ձեռնարկներն ու սուրիահայութեան հարցը, անդրադարձ եղաւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հարցեր, որոնք բաւական կարեւոր են: Ընդհանրապէս, կը կարծեմ, Հայաստանի անկախութեան ամէնէն լուրջ ձեռքբերումներէն մէկը սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումն է, ժամանակին կար Մշակութային կապի կոմիտէն, որուն գործերը սահմանափակ էին, մինչդեռ հիմա սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական ծաւալուն, նպատակայարմար ծրագիրներ կ’իրականացնէ:

– Դուք Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս, Հայաստանի նախագահին կողմէ պարգեւատրուեցաք «Մովսէս Խորենացի» յուշամետալով, ի՞նչ ըսելիք ունիք այդ մասին:

– Խորին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ պրն. նախագահին եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, այս պարգեւը հաճելի է ու պարտաւորեցնող: Վերջապէս, յաջողութիւն կը մաղթեմ նախարարութեան բոլոր ազգանուէր եւ հայապահպան ծրագիրներուն:

ԶՐՈՒՑԵՑ` ՍՕՍԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել