Թափանցիկ Նենգութիւն

Fotor0102414076Դիւանագիտական խաղերը, որոնց նպատակը որոշ գին վճարելու գնով իսկ առաւելագոյն օգուտներ քաղել պէտք է ըլլայ, երբ անմեղներու արեան մէջ թաթախուած կ՛ընթանան, պէտք է արժանանան համընդհանուր դատապարտումի:

Թուրքիան այդպիսի խաղերով այսօր կը փորձէ ոտքը կախ պահել Քոպանիի քիւրտերուն օժանդակելու հարցով, եւ դեռ իր դաշնակից երկիրները, յատկապէս Հիւսիսային Ատլանտեան Ուխտի պետութեանց ղեկավարները, կը տատամսին փոխելու իրենց բանակցութեանց ոճը՝ Թուրքիայէն անմիջական ու գործնական աջակցութիւն ստանալու, որպէսզի վայրկեան առաջ օգնութիւն հասնի ջարդի վտանգը դիմագրաւող բնակչութեան:

Ինչո՞ւ Թուրքիա տակաւին կը մերժէ թոյլ տալ իր դաշնակիցներուն՝ օգտագործել Քոպանիի մօտիկ ռազմական ինքնաթիռներու «Ինճիրլիկ» օդակայանն ու խարիսխը՝ կռուողներուն ռազմամթերք եւ այլ օգնութիւն հասցնելու գործը դիւրացնելու եւ արագացնելու համար:
Ինչո՞ւ Թուրքիա այսքան քաշքշեց Քոպանիի քիւրտ կռուողներուն օգնութեան ճամբայ բանալու հարցը. չէ՞ որ կրնար շա՜տ ուշ ըլլալ ու քաղաքը կրնար իյնալ արնախում հրոսակներու ձեռքը: Օպաման ի՞նչ խոստումներ պէտք է տար Էրտողանին, որ ան ի վերջոյ նուազագոյն այս գործակցութեան համաձայնութիւն տար:

Մենք թերեւս չունինք հնարաւորութիւնը վերծանելու թրքական «բարդ» դիւանագիտութեան ծալքերը, որպէսզի հասկնանք, թէ Թուրքիա իսկապէս ի՛նչ շահեցաւ իր այս քայլերով: Այսուհանդերձ, կրնանք հաստատել, որ թրքական վարչակարգի գլուխը կանգնած Էրտողանը, իր իսկ առաջադրած թուրք-քրտական յարաբերութեանց բնականոնացման քաղաքականութիւնը ականահարեց, եւ այն, ինչ շահուած էր այս ընթացքին, ամբողջութեամբ շոգիացաւ, եթէ՝ աւելի չվատթարացաւ:

Այսօր, Թուրքիոյ քիւրտերը, Քրտական Բանուորական կուսակցութեան մարտիկները եւ ընդհանրապէս այդ տարածաշրջանի քիւրտ բնակչութիւնը նորոգուած ատելութեամբ կը պատրաստուին հակադարձելու թրքական նենգութեան եւ վերադառնալու ազատագրական պայքարի իրենց դիրքերը:

Կրնանք նաեւ հաստատել, որ Հիւսիսային Ատլանտեան Ուխտի անդամ պետութիւնները այսօր առաւել կասկածով ու վերապահութեամբ կը գնահատեն Թուրքիոյ կեցուածքը՝ հետագայ համագործակցութեանց պայմանները վերարժեւորելու հրամայականին առջեւ գտնելով իրենք զիրենք:

Իսկ եթէ յանդգնինք թափանցել թրքական նենգ դիւանագիտութեան խորքերը, ապա արդեօք քրտական հարցը իւրովի լուծելու եւ Սուրիոյ հանդէպ ունեցած նկրտումները կեանքի կոչելու նպատակները չե՞ն բացայայտուիր:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com

22/10/2014

Տպել Տպել