Ակնարկ. Թուրքիոյ Երկակի Խաղը Կ՛առաջնորդէ Մեկուսացման

qwu8dՄիջազգային փորձագիտական խաւը հետզհետէ աւելի ընդգծուած ձեւով կը խօսի Թուրքիոյ դերի լուսանցքայնացման կամ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մեկուսացման գործընթացին մասին: Խնդիրը կը վերաբերի Արաբ Բունարի պատերազմին Թուրքիոյ կիրարկած երկակի խաղին, որ յայտնապէս չի տեղադրուիր տարածաշրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ունեցած պատկերացումներու ընդհանուր պարունակին մէջ:

Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը կարեւորագոյն դերակատար էին իսլամական ծայրայեղականութեան ծնունդին եւ զարգացման մէջ, այսուհանդերձ աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու իրականացման համար ստեղծուած այս գործիքը կրնար դուրս գալ վերահսկողութենէն եւ խանգարիչ տարրի վերածուիլ նոյն այդ կեդրոններու մշակած ծրագիրներու իրականացման, այլ ուղղութիւններու վրայ:

Բախման կէտը այս պարագային Արաբ Բունարն է, ուր շահերը հակադրուած են փաստօրէն: Մուսուլի հետ զուգահեռը այս պարագային կրնայ օգտակար ըլլալ: Մուսուլի դէպքերը իրենց սահմանափակուածութեամբ, սահմանագիծեր չհատելու կանխորոշումներով եւ մանաւանդ ինքնավար Քիւրտիստանի տարածքներ զինուորական թափանցումներ չկատարելու փաստերով ընդունելի էին Միացեալ Նահանգներուն եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին համար: Իսլամականներուն թոյլատրուած էր շատ արագ գործադրել գործողութիւններ, որոնց դիմաց չարձանագրուեցան որեւէ հիմնական դիմադրութիւններ: Այստեղ զոհը եզիտիներն էին, որոնց զբաղեցուցած տարածքները պէտք է մաքրազտուէին եւ անցնէին իսլամականներու վերահսկողութեան տակ: Մուսուլը, իր ընդհանուր գիծերուն մէջ ոչ միայն չէր խանգարեր աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մշակած ծրագիրները, այլ կարելի է ըսել, որ հանգիստ կը տեղաւորուէր այդ ընդհանուր պարունակին մէջ:

Արաբ Բունարը այդպէս չէր փաստօրէն: Իսլամականները, Արաբ Բունարի դռներուն հասնելէն ետք չէր, որ պատուհաս դարձան ամբողջ աշխարհին: Սուրիոյ տարածքին անոնց զինումը, սուրիական սահմաններէն անարգել թափանցելը, ֆինանսաւորուիլը, արհեստագիտական հսկայական ծաւալներով զինուժով գերյագենալը եւ աշխարհաքաղաքացիական զինեալ խմբաւորումներու վերածուիլը հիմնական սպառնալիք դարձածի տպաւորութիւն չէին ձգեր այն կեդրոններուն մօտ, որոնք այսօր ուրիշ բնութագրում կու տան այդ գործիքին:

Այդ գործիքը Արաբ Բունարի մէջ խախտեց խաղի կանոնները. կը թուի, թէ անիկա դուրս եկած է հեռակառավարուելու մեքենականութեան թելադրանքներէն եւ կը շարժի ոչ անպայման համահունչ` հեռակառավարող վահանակներու հրամաններուն: Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ստեղծած այդ գործիքը հատած է այլ սահմաններ եւ կը կատարէ ոտնձգութիւն տարածքներու նկատմամբ, որոնք տարածաշրջանային տարբեր ծրագիրներու մէջ կը տեղաւորուին: Այս է հիմնական պատճառը, որ Մուսուլի արագակշռոյթ գրաւումի տարբերակը չէ աշխատած Արաբ Բունարի պարագային:

Հոս կայ դիմադրութիւն, որ միայն քրտական ինքնուրոյն դիմադրութիւն չէ: Հովանաւորչութիւնը քրտական ուժերուն բացայայտ է եւ ուղղակի: Դիմացը, այս դէպքին պարագային իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն տրուած օժանդակութիւնը հետզհետէ միայն թրքական է եւ ի տարբերութիւն քրտականին տրուած օժանդակութեան, կիսաթաքուն է եւ անուղղակի:

Ասով ալ կը բացատրուի Անգարայի որդեգրած կրկնակի խաղը` սահման տրամադրել-չտրամադրելու յայտարարութիւններով եւ հակասական քայլերով յատկանշուող: Միացեալ Նահանգներուն կողմէ քիւրտերուն օժանդակելու երեւոյթը անյարմար նկատուեցաւ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ: Բայց յարմարը ո՞ր մէկն էր: Այն, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը յայտարարէր, որ Արաբ Բունարի մէջ ժողովուրդ չկայ, այլ կան միայն զինուորներ եւ առ այդ օժանդակութիւնը հիմնաւորուած չէ՞. թէ՞ պաշտօնապէս յայտարարուած, բայց ցարդ չգործադրուած քիւրտ զինական օժանդակութեան համար անցքի տրամադրումը:

Անգարան իր ապահովական մղձաւանջներէն մեկնած այսօր յայտնուած է աշխարհաքաղաքական օրակարգի իրականացման համար խոչընդոտող դիրքի, բախման կէտի կիզակէտին:

Անգարայի այս դիրքը, կը թուի, որ աւելի սուղ պիտի արժէ, քան Ինճիրլիքի իր ռազմակայանը տրամադրել չտրամադրելու խաղը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել