Դաշնակցութեան Օրուան Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

FotorCreatedԽաչերեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Իշխանութիւններուն`
Նեմեսիսի Հերոսներուն Աճիւնները Հայրենիք Վերադարձնելու»

Նալպանտեան. «ՀՅԴ-ն Կը Պահէ Իր Կոչումը`
Ըլլալով Յեղափոխական, Ազգային Ու Ընկերային
Արդարութիւն Հետապնդող Կուսակցութիւն»

Իր 124 տարուան պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած ու անոր համար գործող կուսակցութիւնը, ազգային քաղաքական ուղղութեան մէջ անշեղ մնացողը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկան ու ապագան իր հիմնական նպատակը նկատողը, միշտ երիտասարդ կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը անգամ մը եւս առիթը ունեցաւ լիբանանահայութեան ներկայացնելու իր միամեայ գործունէութեան հաշուետուութիւնը` Դաշնակցութեան օրուան հանդիսաւոր եւ բազմամարդ տօնակատարութեան ընթացքին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 124-ամեակի ժողովրդային հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 21 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Շաղիկ Յովսէփեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ժողովուրդին ծոցէն ծնած ու անոր ծառայութեան լծուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ հայու նոր տիպարի մը ստեղծման երեւոյթին: «Տիպար մը, որ իր յեղափոխական վճռակամութեամբ եւ բարոյական ազնուականութեամբ պիտի հանդիսանար հայութեան քաղաքական ու տնտեսական ազատագրութեան մարմնացումը»: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը բոլոր ժամանակներուն եւ ամէնուր եղած է իր ժողովուրդին կողքին` իր գոյութեան 124 տարիներուն ընթացքին ազգային ազատագրական դրօշը բարձր պահելով, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին համար միշտ աշխատանք տանելով, իր կուսակցական ճիւղաւորումներով, քարոզչական, երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորներով ըլլալով երաշխիքը հայ ժողովուրդի նպատակներու իրագործման:

Անդրադառնալով Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան` Շաղիկ Յովսէփեան դիտել տուաւ, որ անիկա առիթ է հաշուետուութեան, ուխտի վերանորոգման, համահայկական մարտահրաւէրները ժողովուրդին հետ բաժնեկցելու, հայութեան յառաջիկայ օրերու առաջադրանքը սահմանելու, կառչելու մեր գաղափարական սկզբունքներուն, բարոյական արժէքներուն, ուշադրութիւն սեւեռելու հայ երիտասարդութեան վրայ` զայն առաւելագոյն չափով ներգրաւելով ազգային, միութենական ու համայնքային աշխատանքներուն մէջ:

Եդուարդ Պօյաճեանի 1946-ին գրուած «Դաշնակցականը» գրութենէն հատուածներ ներկայացուց Հրայր Գալեմքերեան` լաւագոյնս պատկերելով տիպար դաշնակցական մարդը. «Անոնք հայ են նախ եւ առաջ, զտուած հայ տղամարդ` ամէնօրեայ ինքնասրբագրումի արժանաւորութեամբ»:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, որ Դաշնակցութեան օրուան խորհուրդին անդրադառնալով` ըսաւ, թէ այս օրը առիթ է Դաշնակցութեան գործունէութեան հրապարակային ներկայացման` հեռու ինքնագովութենէ, հարցերը մշուշապատուած ներկայացնելէ: Ան դիտել տուաւ, որ այս օրը պէտք է ընկալել ոչ զգացական կերպով, այլ էապէս բարոյական, ոչ անիրապաշտ ու վիպապաշտ, այլ հիմնովին առարկայական, ոչ կարգախօսային եւ բաղձանքային, այլ լրիւ գործնական եւ ռազմավարական:

Այս հաստատումով Յ. Խաչերեան ներկայացուց Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան միամեայ բազմաբնոյթ գործունէութիւնը` իր ձեռքբերումներով եւ բացթողումներով, իր իրագործածներով եւ իրագործելիներով:

Շրջանին ապրած սրընթաց մագլցումներուն, ցնցիչ վերիվայրումներուն, նորանոր տագնապներուն, այլափոխուած պատերազմներուն եւ ծայրայեղական շարժումներու ծագման անդրադառնալով` ան նշեց, որ այս բոլորը կը պատահին այնպիսի հայօճախներու մէջ, ուր կան դասական ու կազմակերպուած գաղութներ, միջինարեւելեան հայրենամերձ գաղութներ, որոնք այսօր կանգնած են հայաթափման սեմին: Յակոբ Խաչերեան յատուկ կերպով յիշեց սուրիահայութիւնն ու լիբանանահայութիւնը, որոնք իրենց հայեցիութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ հայկական աշխարհին մարդուժ հասցնելու կարողութեամբ կը շարունակեն մնալ անփոխարինելի հնոցը հայկական սփիւռքին: Ան աւելցուց, որ կայ նաեւ այլ կարեւոր հանգամանք մը, որ մեզ կը ստիպէ այս հարցերու վերլուծման ընթացքին ազգային հայեցակէտերը լարելու, այդ ալ այս բոլորին մէջ Թուրքիոյ ունեցած ուղղակի առնչութիւնն է` թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ: «Հայոց ցեղասպանութեան մեծագոյն վկայարանին պայթեցումը հարազատ էր Թուրքիոյ ոճին: Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւններուն հետ հաշուեյարդար կատարելը, աճիւններու ցեղասպանութիւն ընելը միայն ցեղասպան պետութեան ձեռագիրը կրնար կրած ըլլալ», ըսաւ Յ. Խաչերեան: Լիբանանի պարագային ան նշեց, որ թէեւ թրքական միջամտութեան բացայայտ դրսեւորումները նուազած են, սակայն մեզ պէտք չէ հանգստացնէ թրքական երեւութական նահանջի այս պատկերը, որովհետեւ թրքական բոլոր շարժումներուն ակընդէտ հետեւելու եւ քաղաքական թէ քարոզչական մակարդակներու վրայ հակազդելու խնդիր ունինք այս օրերուն:

Լիբանանեան ներքին ճակատի վրայ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նախ եւ առաջ ողջունեց համալիբանանեան այն ընդհանուր զօրակցութիւնը, որ պետական եւ ժողովրդային մակարդակներով ցոյց տրուեցաւ լիբանանեան բանակին, ընդդէմ ահաբեկչական յարձակումներուն, ապա շեշտեց, որ կարիք կայ նոյն կեցուածքը դրսեւորելու տարբեր վտանգներու դիմաց քաղաքական դաշտը ամուր պահելու, օրինական հաստատութիւնները թափուր չձգելու, ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու եւ ընդհանրապէս սահմանադրական կարգը չխախտելու: «Շրջանին անցուդարձերը եւ Լիբանանի շուրջ վառած հրդեհներու կայծերուն այս երկիրը հասնիլը յաւելեալ հրամայական են, որ երկխօսութիւնը կայանայ, համախոհութիւնը ստեղծուի եւ հանրապետութեան նախագահի թէ ընդհանրապէս հաստատութիւններու վերաբերող ընտրութիւնները տեղի ունենան իրենց ատենին` ժողովրդավարութեան ճշդած կանոններուն յարգումով», յայտնեց Յ. Խաչերեան: Այս բոլորէն մեկնելով Խաչերեան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն` բոլոր կողմերուն հետ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան կիրարկումով, աշխատեցաւ հեռու մնալ բեւեռացումներէ եւ շարունակեց առաջադրել համախոհութիւնը` միշտ իբրեւ գերագոյն նպատակ ունենալով լիբանանահայ գաղութին անվտանգութիւնը:

Յաջորդ բաժինով Յակոբ Խաչերեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արժանավայել նշումին` սփիւռքի ամէնէն պահանջատէր գաղութին արժանավայել տարողութեամբ, բոլորի՛ս ծրագրումով, բոլորի՛ս մասնակցութեամբ, բոլորի՛ս ներդրումով:

Ան շեշտեց, որ բանաձեւուած մեր պահանջներուն ամբողջութիւնը լիբանանահայ գաղութը պէտք է յաջողի հասցնել ո՛չ միայն լիբանանեան շրջանակներուն, այլ նաեւ արաբական ակադեմական, քաղաքական եւ հասարակական լայն շերտերուն:

Ան կոչ ուղղեց հայրենի իշխանութիւններուն` հայոց պատմութեան մէջ իրենց անունը ոսկեղէն տառերով փորագրած վրիժառուներուն աճիւնները հայրենիք փոխադրելու: «100-ամեակին առիթով, այս հանգամանաւոր բեմէն կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան` արժանավայել պետական շուքով եւ զինուորական ամէնէն բարձր մակարդակի պատուով ստանձնելու եւ հայրենի հողին խառնելու ցեղասպան պետութեան պատասխանատուները պատժած հայկական Նեմեսիսի վրիժառուներու աճիւնները: 100-ամեակը մեծագոյն առիթն է Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք թուրք դահիճները զգետնած եւ հայ ժողովուրդի ոգեկանը վերականգնած հերոսներուն հայրենադարձութիւնը ամրագրելու: Անոնց ամփոփումը ուխտավայր Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր գալիք սերունդներուն համար պիտի ըլլայ մնայուն ներշնչարան ցեղասպանին դէմ` վրիժառութեան հպարտանքով հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներուն համար պայքարի ոգին առաւել մղումով լարելու:

Բոլորիս ճիտին պարտքն է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման համար ցեղասպանութեան պատասխանատուները զգետնած եւ դէպի յաւերժութիւն խոյացած հայ վրիժառուներուն աճիւնները խառնել հայրենի հողին: Բա՜ւ է, որ անոնք որքան մսեցան օտար ցուրտ հողին տակ: Ժամանակն է հայրենի հողին մէջ վերջնական հանգիստի», հաստատեց ան:

Յակոբ Խաչերեան անդրադարձաւ հայրենական տարբեր ծրագիրներու Լիբանանի դաշնակցական կառոյցի տարբեր թեւերուն մասնակցութեան` ուսանողական, երիտասարդական թէ ուղեկից միութիւններու ճամբով, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ԱՌԻ-ի իրականացուցած ծրագիրներով: Ան աւելցուց, որ հայրենիք հասկացողութեան մէջ կ՛իյնայ նաեւ Արեւմտահայաստանը, որ իբրեւ աշխատանքային միջավայր չբացակայեցաւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան գործունէութեան դաշտէն: «Երիտասարդական ուխտագնացութիւնները բռնագրաւուած հայրենիք, անպայման կը տեղադրուին ամբողջական Հայաստանի կերտման Դաշնակցութեան ընդհանուր առաջադրանքի փուլ առ փուլ իրագործման շրջածիրին մէջ: Եւ եթէ դէպի հայրենիք տարազին տակ ներկայացող մեր գործունէութեան առիւծի բաժինը կը վերաբերի դաշնակցական երիտասարդութեան, այդ կը նշանակէ, որ ռազմավարական իմաստով եւ երկարաշունչ ծրագրումներու ամէնէն կարեւոր դերը վստահած ենք երիտասարդութեան», շեշտեց Յ. Խաչերեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ հայ կեանքի ղեկավարման համար իրենց կողմէ երիտասարդութեան տրուած առիթներուն համապատասխան ամբողջական ընդառաջում չնկատեցին երիտասարդութեան կողմէ` հաստատելով, որ կը հաւատան, թէ գործի պատասխանատուութիւն ստանձնելու երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքին մէջ ներդրում ապահովելու կարիք ունինք տակաւին:

«Մեր համոզումը կը մնայ նոյնը: Շատ արագ կշռոյթներով փոխուող ու զարգացող 21-րդ դարու մեր կեանքը պիտի ղեկավարուի երիտասարդ եւ մնայուն կերպով սերնդափոխուող կառոյցներով», ընդգծեց Յակոբ Խաչերեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին արծարծած յաջորդ նիւթը հայապահպանումն էր: «Կը գիտակցինք անշուշտ, որ այս հարցի դիմագրաւումը մեր կողմէ ակնկալուած արդիւնքներուն չէ յանգած: Այստեղ իրար ամբողջացնող ծրագիրներ պէտք են: Հայկական դպրոց, հայաշունչ ընտանիք, հայաբոյր օճախ, հայավայել աշխատանք, արժանապատիւ կենցաղ: Բայց նաեւ պայքար յոռի բարքերու, այլասերումի, խեղճ վիճակներու եւ թերի կրթութեան դէմ: Լոզունգային մարտավարութենէ հեռու, այս առաջադրանքներն ու դժուարութիւններու լուծումները այլեւս գործնական դրսեւորումի կը սպասեն», դիտել տուաւ ան:

Յակոբ Խաչերեան շեշտեց, որ «Դաշնակցութիւնը պիտի վերցնէ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ այստեղ ապաստանած սուրիահայութեան կարիքներուն փութալու պարտաւորութիւնը, թէ՛ լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ համայնքի անվտանգութիւնը պահելու, թէ՛ հետեւելու թշնամիի շարժումներուն, թէ՛ օժանդակելու տագնապի մատնուած Միջին Արեւելքի երկիրներու հայութեան: Միաժամանակ գաղութի հայեացքը սեւեռած պահելու հայրենիքին, մասնակցելու արցախաշինութեան ծրագիրներուն, համագաղութային միասնական աշխատանքը շարունակելու, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը արժանավայել ձեւով նշելու: Ու տակաւին մեր շարքերու երիտասարդ խաւին վրայ գուրգուրալու, նոր մարդուժ պատրաստելու, ազգային կառոյցներու ղեկավարութիւնը երիտասարդացնելու, հայաշատ թաղամասերու հայեցի դիմագիծն ու այնճարահայութեան ապահովութիւնը պահպանելու»:

Այս բոլորին լոյսին տակ եւ բազում մարտահրաւէրներու դիմակայման ի խնդիր` Յակոբ Խաչերեան ժամանակը հասած նկատեց վերջ տալու եկեղեցական թէ յարանուանական, կուսակցական թէ միութենական ներքին անիմաստ եւ տեղ չհասցնող մրցակցութիւններուն: «Հայութեան պայծառ ապագան կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել միայն այն ատեն, երբ մենք համոզուինք ու հաւատանք, որ մենք իրարու մրցակիցներ չենք, մենք համագործակիցներ ենք. եւ մեր ուս ուսի համագործակցութեան արդիւնքը մեզ կրնայ դուրս բերել միջազգային մրցադաշտ, ուր բոլորս միասին պիտի մրցինք օտարին, ոչ հայկականին հետ, բոլո՜ր մարզերուն մէջ», եզրափակեց ան (Յակոբ Խաչերեանի խօսքին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային):

Ապա ներկայացուեցաւ խմբային նուագ` կատարողութեամբ «Կռունկներ» նուագախումբին, որուն մաս կը կազմեն Գէորգ Քէօշկերեան` տհոլ, Անդրանիկ Քէշիշեան` ձեռնադաշնակ, Վիգէն Քէշիշեան` շուի, Յակոբ Քելուկեան` տուտուկ:

Հանդիսութեան երկրորդ պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը:

Նալպանտեան հաստատեց, որ իր 124-ամեակը նշող կուսակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ երեք դարեր շարունակ հաւատարիմ մնացած է իր կոչումին ու առաքելութեան եւ ժողովուրդէն ծնած ու հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումը կը պահէ` ըլլալով յեղափոխական, ազգային ու ընկերային արդարութիւն հետապնդող կուսակցութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ այս տօնակատարութիւնը կ՛ենթադրէ, որ կուսակցութիւնը ժողովուրդին հետ կիսուի մէկ տարուան գործունէութիւնը, նաեւ` կուսակցութեան սպասումներն ու ակնկալիքները, սակայն աւելցուց, որ նկատի ունենալով շրջանային եւ համաշխարհային քաղաքական վիճակը եւ հոն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը` հայ ժողովուրդին շահերուն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութեան համար, արժէ նաեւ խօսիլ այդ մասին:

Մարիօ Նալպանտեան նշեց, որ Սեւծովեան ափերը լուրջ հարցերու դէմ յանդիման են, որովհետեւ այդ ծովը իր շուրջ ապրող ժողովուրդներուն համար բարեկամական ծով ըլլալու փոխարէն դարձած է ալեկոծ: Ան անդրադարձաւ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ լարուածութեան, քաղաքական անհասկացողութեան, որոնք իրենց անդրադարձը կ՛ունենան նաեւ Կովկասի եւ Հայաստանի վրայ, որ իբրեւ զարգացող երկիր այսօր մեծապէս կը տուժէ այս տագնապէն ու լարուածութենէն:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անդրադարձաւ Թուրքիոյ վատ դերակատարութեան, անոր ծաւալապաշտ եւ ապակայունացնող քաղաքականութեան, որով խախտած է միջազգային օրէնքի բոլոր սկզբունքները` աւելցնելով, որ թէեւ լռելեայն մեղսակիցները կը դատապարտեն Թուրքիան, բայց ոչինչ կը փոխուի անոր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մէջ, որուն թիրախը ոչ միայն արաբական աշխարհն է, այլ նաեւ Կովկասը: Անոր համաձայն, Թուրքիոյ այս քաղաքականութեան արմատները պէտք է փնտռել սուլթանական Թուրքիոյ մէջ, յատկապէս Թանզիմաթի երկրորդ շրջանին, եւ որ ահաւոր հետեւանքներ ունեցաւ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն վրայ` վկայ յոյները, ասորիները եւ հայերը:

Մարիօ Նալպանտեան յայտնեց, որ այսօր սուլթանական Թուրքիոյ ամէնէն արմատական թեւը որոշած է դադրիլ միայն Արեւմուտքի բանբերը ըլլալէ, ան իր սեփական օրակարգը ունի շրջանին մէջ եւ Ազրպէյճանի հետ գործակցելով կը ծրագրէ ապակայունացնել Հայաստանը: Ան անդրադարձաւ ազրպէյճանական ոչ միայն ապակառուցողական գործելաոճին, այլ նաեւ յարձակողական քայլերուն, որոնց մէկ դրսեւորումն էր հայկական ուղղաթիռը վար առնելու արարքը:

Նալպանտեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մասին` յայտնելով, որ անիկա անկայուն է, որովհետեւ անձնական նախասիրութիւնները կը գերազանցեն հաւաքական շահերը: «Հոս է, որ պէտք է կարդալ ու տեսնել, ենթատողերու մէջ, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս նոր ծրագիրներու մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ունեցած ներդրումը` հետեւողական եւ ժրաջան ճիգերով», աւելցուց Նալպանտեան: Անոր համաձայն, թէեւ Հայաստան կը գտնուի սահմանադրական փոփոխութեան սեմին, սակայն ասիկա ոչինչ կը նշանակէ, եթէ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան քաղաքականութեան մէջ արմատական փոփոխութիւններ չկատարուին: Ան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է ձերբազատի փտածութենէն բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ մարզերուն մէջ` հաստատելով, որ ասիկա ընելու գլխաւոր պատասխանատուն թէեւ պետութիւնն է, սակայն ասիկա նաեւ համահայկական հասկացողութեան մաս պէտք է կազմէ եւ համընդհանուր պայքարի վերածուի:

Մարիօ Նալպանտեան նշեց, որ թէեւ այսօր Հայաստան զարգացման ուղիին վրայ է եւ բաւական լաւ ընթացքի մէջ, սակայն պարզ քաղաքացիին չեն հասնիր այս բոլորը, եւ ան կը շարունակէ ընկերային-տնտեսական տագնապներ դիմագրաւել: Ան շեշտեց, որ այսօր կ’ապրինք նաեւ ազգային ողբերգութիւններ, որոնցմէ մէկը արտագաղթն է, որ պէտք է վերջ գտնէ: Այս իմաստով ան անհրաժեշտ նկատեց պետութեան կողքին կանգնիլ, համահայկական ճիգեր ի գործ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ ներդրումներու ճամբով այս ահաւոր ախտին վերջ մը դնել:

Անոր համաձայն, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ծաւալած պայքարը միջազգային բեմերուն վրայ մեզ պէտք է մղէ մտածելու, որ մենք իրաւունք չունինք ժամանակ վատնելու, հայ ժողովուրդի կարողականութիւնը բաժան-բաժան պահելու` հաստատելով, որ Ազրպէյճանի կողմէ համաշխարհային ատեաններու մէջ եղած խեղաթիւրումները եւ իր քաղաքականութիւնը կրնան աւերներ գործել եւ հարուած հասցնել հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն:

Մարիօ Նալպանտեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը համայն հայութիւնը կը դնէ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մէջ, երբ պէտք է վերցնենք այդ դրօշը, ատակ ըլլանք դիմագրաւելու տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներ:

Ան նաեւ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին, հոն Թուրքիոյ ունեցած ժխտական դերակատարութեան եւ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ հայկական գաղութներուն դիմաց ցցուող տարբեր տեսակի դժուարութիւններուն մասին` հաստատելով, որ այս բոլորին մէջ Դաշնակցութիւնը կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին եւ կարելին կ’ընէ անոր հասնելու այս դժուարին օրերուն:

Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան ունեցած դերակատարութեան Միջին Արեւելքի գաղութային կեանքին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ` հաստատելով, որ անիկա պիտի դառնայ հիմնական ազդակը, որուն շուրջ պիտի կառուցուի նոր Միջին Արեւելքը: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ լիբանանահայութեան ունեցած ներդրումին եւ դրական գործունէութեան մասին` գնահատանքով արտայայտուելով այս իմաստով իրենց դերը ունեցողներուն հասցէին:

Մարիօ Նալպանտեանի համաձայն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններուն սեմին պէտք է արժեւորում կատարել եւ նշել, որ տասնամեակներու ընթացքին կրցանք կառուցել յիշողութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ հատուցման պահանջ: Յիշողութիւն, որովհետեւ մենք կրցանք անհատներու յիշողութիւնը վերածել հաւաքական յիշողութեան, որ սփիւռքին տուաւ քաղաքական նոր դիմագիծ: Ճշմարտութիւն, որովհետեւ մենք պայքարեցանք ու կը պայքարինք պատմութեան խեղաթիւրման բոլոր այն փորձերուն դէմ, որոնք կ’ուզեն մեր պատմութիւնը նորէն գրել: Արդարութիւն, որովհետեւ մեր սերունդներուն պահանջը եղած է արդարութիւն, եւ մեր սերունդներու պայքարին մէջ կրցանք լռութեան պատը ճեղքել մէկ բռունցքով, որ մղեցինք քաղաքական մարտեր: Հիմնական ու նոր հանգրուանն է հատուցումը, որ կ՛ենթադրէ նաեւ իրաւական ծանօթութիւն եւ լուրջ քննարկում: Այս ուղղութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր դերը ունի եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ:

Իր վերջին խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` Մարիօ Նալպանտեան ըսաւ. «Լիբանանահա՛յ երիտասարդ, լիբանանահա՛յ դաշնակցական հայ երիտասարդ, ձեզմէ մեծ սպասումներ կան ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ հայրենի ժողովուրդին կողմէ, որովհետեւ դուք ժառանգորդն էք այն սերունդներուն, որոնք լռութիւնը վերածեցին ահազանգի, ինկած թեւերը վերածեցին բռունցքի եւ ատոր հասնելու համար դուք պիտի ըլլաք համարձակ, պիտի ըլլաք նախաձեռնող, որոշ պարագաներու մէջ պիտի ըլլաք ըմբոստ: Սակայն նաեւ` կարգապահ: Եթէ կայ բան մը, որ կը յատկանշէ մեր կուսակցութիւնը 124 տարիներու ընթացքին, եղած է կարգապահութիւնը եւ դաշնակցական տիպարի գոյութիւնը. այդ բոլորին արժանապատիւ ժառանգորդները եղէ՜ք» (Մարիօ Նալպանտեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Վերջին բաժինով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ազգային-յեղափոխական երգեր մեկնաբանեցին Վիգէն Տիշչեքենեան, Հրաչ Կայծակեան, Յարութ Լափաճեան եւ Սերոբ Յակոբեան նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Աւարտին երգիչները միասնաբար երգեցին «Մեզ միացնողը Դաշնակցութիւնն է»-ն, երգ եւ երաժշտութիւն` Սեդօ Պաղտասարեանի:

Յայտնենք, որ ներկաներէն մաս մը տօնակատարութեան հետեւեցաւ նաեւ այլ սրահի մէջ:

Դաշնակցութեան 124-ամեակի հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել