Ակնարկ. Կանխահաս Սպառնալիք Եւ Հաւանական Հետեւանք

FotorCreatedԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած քաղաքական սպառնալիքը, ուղղուած` Միացեալ Նահանգներուն, կը յիշեցնէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հերթական բանաձեւի քննարկման նախօրեակին Անգարայի բեմադրած արարը: Կը հետեւին այլ արարներ նման պարագաներու: Բանաձեւի քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ Անգարան կը սաստկացնէ իր սպառնալիքները. եթէ բանաձեւը անցաւ` տուն կը կանչէ տեղւոյն իր դեսպանը:

Կիսապաշտօնական ամպիոններէ կը սկսին լսուիլ տուեալ պետութեան հետ կնքուած առեւտրական թէ ռազմավարական համաձայնութիւններու առկախման, յետս կոչման մասին պահանջներ: Ի վերջոյ` դեսպանը կը վերադառնայ իր աշխատանքին եւ ընդհանրապէս գործընթացը կ՛արձանագրէ «դարձ` ի շրջանս իւր» տեսութեան իրականութիւնը:

Ամբողջ առանձնայատկութիւնը այս նուիրականացած գործընթացին համեմատութեամբ այն է, որ Չաւուշօղլուն կանուխ կը շարժի այս պարագային: Թուրքիան կրնայ վերանայիլ իր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներուն հետ, եթե այդ երկրի իշխանութիւնները յաջորդ տարի բարձրացնեն 1915 թուականի իրադարձութիւններու հարցը: Անոր խօսքով` Թուրքիան թոյլ չի տար, որ այդ փաստը կիրարկուի իբրեւ Անգարայի վրայ ճնշման միջոց:

Խօսքը յաջորդ տարուան մասին է եւ ուղղակիօրէն կը կապուի 100-ամեակին: Ուղերձը միայն Ուաշինկթընին չէ ուղղուած: Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին փոխանցելով այս սպառնալիքը, թուրք արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ թրքական արխիւները հայկական պնդումներուն առումով այլ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն` աւելցնելու համար, որ երրորդ երկիրներու միջամտութիւնը կը ստուերէ Թուրքիոյ եւ տուեալ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:

Միեւնոյն յանկերգն է: Թրքական աբիւրները կ՛ըսեն այլ բան. հայկականները` այլ. այս բանավէճը պէտք է ընթանայ պատմաբաններու ձեւաչափով, առանց երրորդ կողմի միջամտութեան: Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ Ուաշինկթընի ճամբով Չաւուշօղլուն մէյ մը սպառնալով, մէյ մը առաջարկ կատարելով «մի՛ խառնուիք թուրքերու եւ հայերու գործին» կ՛ըսէ եւ կը վկայակոչէ երկու կողմերուն մօտ գոյութիւն ունեցող արխիւներու բովանդակութեան հակասութիւնը: Այդ հակասութիւնը փարատելու համար, ըստ թրքական մօտեցումին, պէտք կայ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբին երկարապատում, անվերջանալի քննարկումներուն, որոնք կ՛առկախեն երրորդ կողմի միջամտութեան որեւէ փորձ:

Պահ մը հայեացքները Ուաշինկթընէն դարձնենք տարածաշրջանի գերուժին ուղղութեամբ եւ նկատենք, որ Փութինի այցելութիւնը Անգարա տակաւին կը մնայ անորոշ: Նոյնիսկ յետաձգուած: Արագ անցնինք. սպառնական ոճ Ուաշինկթընին ուղղուած եւ չորոշուող ու յետաձգուող այցելութիւններ Ռուսիոյ հետ կապուած: Այստեղ հաւանաբար աւելորդ չ՛ըլլար նկատելը, որ սուրիական գերհանգոյցին հետ կապուած տրամագծօրէն հակոտնեայ են Անգարայի եւ Մոսկուայի մօտեցումները: Այստեղ սպառնական ոճը թէեւ հայկական հարցին հետ կապ չունի, այսուհանդերձ կը շեշտէ ոչ բնականոն յարաբերութիւններու ներկայ պատկերը:

Արագ անցումներու դիտարկումներուն մէջ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ պէտք է նայիլ, թէ ինչպէ՞ս կը տեղաւորուին (կամ աւելի ճիշդը չե՛ն տեղաւորուիր) Թուրքիոյ նորընտիր նախագահին նախընտրական արշաւի ընթացքին կատարած ցեղապաշտական յայտարարութիւնները կամ վերջերս կիներուն նկատմամբ կիրարկուած բռնամիջոցներու դէմ պայքարելու օրուան առիթով սեռային անհաւասարութեան աղաղակող հաստատում կատարելու փաստը: Այս երեւոյթները, ամէնէն մեղմ ըսելաձեւով, որեւէ աղերս չեն կրնար ունենալ եւրոպական արժեհամակարգին հետ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ունայն շրջագիծի մէջ պահելու թէ կրօնական մարտավարութեամբ ամբոխներ սիրաշահելու իր քայլերուն մէջ Անգարան պէտք է հաշուարկէ իսլամներուն «յայտնաբերած» Ամերիկայի կեդրոնին` Ուաշինկթընի հետ սպառնալով խօսելու, Մոսկուայի հետ շրջանային հարցերով հակադրուելու եւ եւրոպական արժէքները հարուածելու փաստերուն ունենալիք հետեւանքները:

Այդ հետեւանքները կրնան անուղղակիօրէն առնչուիլ նաեւ 100-ամեակին: Որովհետեւ Չաւուշօղլուն գուցէ իրաւացի է իր յայտարարութեան վերջին բաժինին մէջ. «Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ, որ այսպէս կոչուած «ցեղասպանութիւնը» օգտագործուի որեւէ մէկուն կողմէ Անգարայի վրայ ճնշում գործադրելու համար…»: Ցեղասպանութեան հարցը կրնա՛յ օգտագործուիլ Անգարայի վրայ ճնշում բանեցնելու համար:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել