Յայտարարութին

ազատ օրՀա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն նոր հանգ­րո­ւա­նը հա­մա­րո­ւող 100ա­մեա­կի նշու­մը՝ հա­յու­թեան ար­դար եւ գի­տա­կից պայ­քա­րի դրսե­ւո­րումն է, որ կը հա­մախմ­բէ հա­մայն ազ­գի նե­րու­ժը:

Յու­նա­հա­յու­թեան եւս ամ­բողջ ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ հա­մախմ­բո­ւած ու կեդ­րո­նա­ցած ձե­ւով գոր­ծե­լու ա­ռու­մով, ար­դէն կազ­մո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Յանձնա­խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ ՀՀ ­Դես­պա­նու­թեան ու գա­ղու­թիս միա­ցեալ ու­ժե­րէն եւ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի տար­բեր բնոյ­թի ձեռ­նարկ­նե­րը:

Մեր ազ­գի ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ձայն եւ հան­րա­յին շեշ­տադ­րում տա­լու ա­ռու­մով՝ նկա­տի առ­նո­ւած են քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին տար­բեր բնոյ­թի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, որ հա­յու­թեան ար­դար պայ­քա­րին ու պա­հանջ­քին վրայ պի­տի կեդ­րո­նաց­նեն օ­տար հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը, այն­պէս ինչ­պէս նա­խա­տեսո­ւած է կա­տա­րել ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին:

Անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն, Ս­փիւռ­քը կա­րո­ղա­ցաւ հա­մախմ­բո­ւիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մին, կո­րուստ­նե­րու հա­տու­ցու­մին եւ հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման գա­ղա­փա­րին շուրջ, յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով դժո­ւար այս ճամ­բուն վրայ: ­Ներ­կայ պա­հուս, 100ա­մեա­կի թո­ւա­կա­նը, ան­նա­խա­դէպ զար­գա­ցում­նե­րու կը հա­մընկ­նի, ուր ու­շա­դիր եւ զգօն պէտք է մնալ՝ հա­կազ­դե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ժխտո­ղա­կա­նու­թեան փոր­ձե­րուն, հա­մայն հա­յու­թեան միաս­նա­կան եւ կուռ դիր­քո­րո­շու­մը ներ­կա­յաց­նե­լով ամ­բողջ աշ­խար­հին:

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րը իր ծան­րակշիռ նշա­նա­կու­թիւնը ու­նի հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման ու յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան անվ­տան­գու­թեան ա­ռու­մով:

100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու մեկ­նար­կը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ պի­տի տրո­ւի 18 ­Յու­նո­ւար 2015ին, Ա­թէն­քի «­Քա­լու­թա» (Ա­յիոս ­Սոս­թիս) թա­տե­րատ­րա­հէն ներս կա­յա­նա­լիք մի­ջո­ցա­ռու­մով, ուր յու­նա­հա­յու­թեան պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւի 2015ի տա­րե­կան ծրա­գի­րը:

Բո­լոր մի­ջա­ցա­ռում­նե­րուն ի­րա­գործ­ման հա­մար անհրա­ժեշտ նիւ­թա­կան աղ­բիւր­նե­րը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ ­Յանձ­նա­խումբս պատ­րաս­տած է կտրոն­ներ՝ 5 եւ­րո­յի ար­ժէ­քով, ո­րոնց տրա­մադ­րու­թիւ­նը ի մօ­տոյ պի­տի սկսի մեր գա­ղու­թէն ներս, ա­պա­ւի­նե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու խոր հա­ւատ­քին՝ սա­տար կանգ­նե­լու հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան կե­ցո­ւած­քին եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի նշու­մը նշա­նա­կա­լից ու պա­տո­ւա­բեր կեր­պով յա­ջո­ղեց­նե­լու նպա­տա­կին մէջ։

* ­Պա­հան­ջա­տէ՛ր ըլ­լանք հա­յու­թեան ար­դար դա­տի հա­տուց­ման հա­մար։

* Վճ­ռա­կա՛մ մնանք մեր պայ­քա­րը յաղ­թա­նա­կով ա­ւար­տե­լու նպա­տա­կին մէջ։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

azator.gr

05/12/2014

Տպել Տպել