1988 Փետրուար 22էն Դեկտեմբեր 7 հայ ժողովուրդի վերազարթօնքը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. 22 Փետրուարէն 7 Դեկտեմբեր 1988 Հայ Ժողովուրդի Վերազարթօնքին Նուիրուած Ձեռնարկ

shahanՍտորեւ կը ներկայացնենք «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի ձեռնարկի ընթացքին արտասանուած խօսքը.

1988 Փետրուար 22էն Դեկտեմբեր 7 հայ ժողովուրդի վերազարթօնքը, ինքնին արդէն կը խօսի հայ ժամանակակից պատմութեան ամէնէն կարեւոր թուականի երկու հանգրուաններու մասին։

Նախ պէտք է կեդրոնանալ օրուան ընդհանուր քաղաքական պայմաններուն վրայ, որպէսզի աւելի յստակ կարենանք պատկերացնել այն մթնոլորտը, որուն մէջ հայ ժողովուրդը սկսաւ առնել իր ազատագրման առաջին քայլերը։

1988ին տակաւին կը գործէր Խորհրդային միութիւնը իր ամբողջական համակարգով եւ համապատասխան ծառայութիւններով։ Այլակարծութիւնը, բացառուած եւ արիգլուած երեւոյթ էր իսկ այլախոհները կը նկատուէին հայրենիքին շահերուն դէմ գործողները։ Հետեւաբար անմիջականօրէն քրէական յանցանքի արժանի աքթեր կը նկատուէին բողոքելը, ցոյց կազմակերպելը, քաղաքական պահանջներ ներկայացնելը։

Ճիշդ է, որ ագզային հարթութեան վրայ աննախադէպ համաժողովրդային պոռթկում արձանագրած էր հայ ժողովուրդը 1965ին, երբ բազմահազար զանգուածը հայրենիքի մէջ ˃մեր հողերը˃ պահանջեց թշնամիէն կամ ընդհանրապէս աշխարհէն։ Այս համաժողովրդային հոգեփոխութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով էր, հայրենի ժողովուրդին մօտ ձգած էր հոգեբանական հսկայ ազդեցութիւն, որ ժամանակի տարածութեան վրայ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Այսուհանդերձ, ազգային պոռթկումի այդ ալիքը որոշ սահմաններու մէջ արտօնուած էր օրուան ամբողջատիրական կարգերուն կողմէ։ Քաղաքական տրամաբանութեան վրայ կառուցուած որեւէ վերլուծում, այդ օրերու համեմատական ազատութիւնը եւ նման պահանջատիրական զանգուածային դրսեւորումի թոյլտուութիւնը, կը վերագրէ Խորհրդային միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու օրուան իրավիճակին։

Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ նուազագոյն առիթին, հայրենի ժողովուրդը կրնայ բռնցկուիլ մէկ մարդու նման եւ համազգային պահանջատիրութեան ռահվիրան դառնալ։ Այս իրականութիւնը մենք պէտք է նկատի ունենանք ամէն անգամ, երբ վճռորոշ պահու համահայկական միասնականութիւնը ինքզինք դրսեւորելու անհրաժեշտութեան առջեւ գտնուի։
Խորհրդային միութեան մայրամուտի օրերուն էր, որ բողոքի առաջին ցոյցերը, ˃Նայիրիտ˂ գործարանի յարուցած դժուարութիւններու եւ անպատեհութիւներուն դէմ, փողոց դուրս հանեց հայ ցուցարաները։ Բայց այս խնդիրը բաւարար չէր, որ կայանար 1965ի մթնոլորտը։ Արցախեան հայրենիքի վտանգուած ըլլալու փաստն էր, անոր հայաթափման քաղաքականութիւնը, ազրպէյճանական ճնշամիջոցները եւ ազատագրուելու տենչը, որ համակեց ողջ հայութեան հոգիները։ 1965ի շունչը արդէն հետզհետէ վերստին զգալի կը դառնար Երեւանի փողոցներուն մէջ։ Անոր ազդանշանը կու գար Ստեփանակերտէն։ Արցախահայութիւնը պահանաջատիրական բնոյթի ելոյթներով կ՜առաջադրէր միացում Հայաստանի։

Այս, արդէն հայութեան վերազարթօնքի Արցախեան ազդանշանն էր։ Ստեփանակերտէն Երեւան եւ Երեւանէն մինչեւ Սփիւռք, կայծակնային արագութեամբ, հայութիւնը կը մագնիսանար Արցախի Ազրպէյճանէն անջատման եւ Հայաստանի միացման գաղափարին շուրջ։ Պատկերը գեղեցիկ զուգահեռ էր 65-ի զարթօնիքին հետ։ Գաղափարախօսական զուգահեռներու առանցքը, խորքին մէջ, միացեալ Հայաստանի համազգային մտապատկերն էր։ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին մեր հողերու պահանջատիրութիւնը ուղղուած էր սահմանէն անդին` հայրենիքի արեւմտեան հատուածին. 88ի միացումը նոյն ամբողջական հայրենիքին այս անգամ հարաւ արեւելեան մասին կը վերաբերէր։ Հայութիւնը միակամ էր եւ անտեղիտալի, երբ առաջադրուած ամբողջական Հայաստանի կերտման ի խնդիր դրսեւորուելու առիթ կար։

Նոյն ոգին էր, վերազարթնած ոգին, որ Սադարապատի մէջ ոչ միայն փրկեց հայութեան մնացորդացը ցեղասպանութեան ենթարկուելու անմիջական վտանգէն, այլ փրկեց այս անգամ միեւնոյն ամբողջական Հայաստանի արեւելեան հատուածը։ Աւելի ուշ նոյն հայրենիքի Զանգեզուրը։

Պատմական այս բոլոր փաստերը ամուր կերպով կը վերընդգծեն եւ կը վերահամոզեն, որ տարածքային պահանջատիրութեան գաղափարախօսական սկզբունքին շուրջ, շատ արագ, կը կայանայ հայութեան համախմբումը։ Եւ այդ համախմբուած երեւոյթին վրայ, ամէն գնով, ազգային իրաւունքներուն վերատիրանալու պատրաստակամութիւնը ամենազանգուածային ձեւով կ՜իրականանայ բոլոր հանգրուաններուն։

88ի հայութեան վերազարթօնքը սակայն միայն համազգային տարողութիւն չունեցաւ։ Ժամանակակից քաղաքագիտական վերլուծաբանները չեն բացառեր այն տեսութիւնը, որ Խորհրդային միութեան փլուզումը սկսաւ Արցախեան հարցով։ Անշուշտ, որ կար օրուան համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Միխայել Գորբաչովի վերակառուցման եւ հրապարակայնութեան շարժումը։ Սակայն, որեւէ ազգ, որեւէ ժողովուրդ, չէր համարձակած փորձաքարի զարնուիլ եւ ամբողջ հանրապետութեամբ դուրս գալ փողոց պահանջելու համար ազգային իր իրաւունքները։ Աւելի մասնակի, ստալինեան սխալները սրբագրելու ազգային որեւէ նախաձեռնութիւն գոյութիւն չունէր Խորհրդային միութեան ամբողջ տարածքին։

Հայութեան առաջին գիծ գալը այս իմաստով մեծ վտանգ կը պարունակէր իր մէջ։ Սակայն արցախահայութեան կը սպառնար երկրորդ ցեղասպանութիւն։ Փաստօրէն, ազրպէյճանական ճնշումներու հետեւանքով ծայր առած հայաթափումը` Արցախի ազերիացումը կը հետապնդէր. Իսկ քաղաքակիրթ բողոքի ցոյցերը կը ստանային սումկայիթեան պատասխաններ։ Սումկայիթը, Պաքուն, Կիրովապատը ցեղային զտումի ամէնէն փաստացի օրինակներն էին։Վերստին զարթնիլը, վերազարթօնքը հրամայական պահանջ էր, կասեցնելու համար արցախահայութեան սպանդը եւ Արցախի վերջնական կորուստը։
Վտանգուած հայրենիքին համար ազգովին ընդդիմանալը, բողոքելը եւ այդ օրերուն տակաւին աննախատեսելի հետեւանքներ կրելու պատրաստ ըլլալը զոհաբերութեան հաւաքական օրինակ էր։

Եւ այս իմաստով Ազատութիւն հրապարակը առ նուազն քսան տարիով կանխած է ուքրանական մեյտանը։ ˃Ազատութիւն˂ հրապարակը ի տարբերութիւն Թիֆլիսին, Քիեւին եւ նախկին Խորհրդային միութեան այլ հանրապետութիւններուն, կայացաւ ,երբ տակաւին ամբողջատիրական կարգեր էին, թէկուզ վերակառուցման եւ հրապարակայնացման կարգախօսերով։ Օսեթայէն, Աբխազիայէն եւ Մերձդենսդրէն շատ առաջ հայերը, թէկուզ որսորդական հրացաններով, դիմած էին ինքնապաշտպանութեան, ջարդէ եւ ցեղային զտումի փորձերէ փրկելու համար արցախահայութիւնը։

Եւ ոչ ոք թող այս իմաստով այլ ազգերու շարժումներէն, ցոյցերէն եւ ինքնորոշուելու ճիգերէն դաս առնելու յորդորներ կարդա հայութեան, որուն վերազարթօնքը կանխած է այն բոլորը, որոնք այսօր կ՜արձանագրուին նախկին Խորհրդային միութեան տարածքին։ Եւ աւելորդ չըլլար հաստատելը, որ 88ի շարժումին հետ հաշուի նստեցան թէ՜ խորհրդային իշխանութիւնները եւ թէ՜ գերտէրութիւնները։ Հրահանգները, ռազմական միջամտութիւնները, ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները չկրցան հրապարակէն հեռացնել ամբոխը, որ վճռած էր Արցախը դուրս բերել Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութենէն։ Միլիոնաւոր հայեր ժամը հասած կը նկատէին սրբագրելու Սթալինի կողմէ տեղի ունեցած հողերու առեւտուրը։

Հետագայ դէպքերու հոլովոյթը նկատի ունենալով` գերագնահատում չըլլար, 88-ի շարժումը Խորհրդային միութեան փլուզման նախանշանը համարելը։ Տասնամեակներ առաջ Դաշնակցութեան գաղափարախօսները մարգարէացած էին կրեմլինի կազմաքանդումը.

Ազգային վերածնունդի եւ մէկ կողմէ ազրպէյճանական սպառնալիքի ու միւս կողմէ Մոսկուայի բանեցուցած քաղաքական ճնշումներու ստեղծած գերլարուած իրավիճակին մէջ կը պատահէր բնութեան աղէտը։

26 տարի առաջ ճի՜շդ այս օրը տասնեակ հազարաւոր հայեր կ՜իյնային փլատակներու տակ զոհ երթալով Սպիտակն ու Գիւմրին հարուածած մեծ տարողութեամբ երկրաշարժին։

Երկրաշարժի գործած աւերի ծաւալը եւ զոհերու ահաւոր քանակը կայծակնային միեւնոյն արագութեամբ գործի լծեց համահայկական ցանցը։ Աշխարհի որեւէ անկիւն գտնուող հայը անտարբեր չմնաց ի տես այս ողբերգութեան։ Փլատակներուն տակէն վիրաւորները փրկելու աշխատանքներ, անտուն մնացած մարդոց պատսպարաններ տրամադրելու, վերապրողներ փնտռելու, սնունդի եւ հագուստեղէնի կարիքներուն հասնելու, բժշկական սարքեր ուղարկելու եւ մարդասիրական բնոյթի աշխատանքէ ակնկալուած բոլոր ոլորտներուն պահանջած կարիքներուն ընդառաջ` աշխարհի հայերը շարժեցան շատ արագ.կազմակերպեցին շտապ օգնութեան մարմիններ , հանգանակեցին գումարներ, կազմակերպեցին օժանդակութեան թռիչքներ եւ փութացին ժամանել Սպիտակ եւ Գիւմրի` իրենց հայրենակիցներուն կողքին ըլլալու համար։

Աննախընթաց համակարգուած համազգային շարժում էր, որ եկաւ աւելնալու արդէն իսկ գաղափարախօսական հիմունքի վրայ կայացած միասնականութեան երեւոյթին վրայ։

Կարեւոր հանգամանքը եւս պէտք չէ անտեսել երկրաշարժի առիթով յառաջացած այս երեւոյթներուն վրայ։ Միջազգային համամարդկային հսկայական շարժում մը ծաւալեցաւ այս առիթով։ Հայաստանը դարձած էր այդ օրերուն աշխարհի կեդրոնը, ուր կ՜աճապարէին հասնիլ տարբեր պետութիւններու, տարբեր ազգութիւններու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ամոքելու համար հայութեան ցաւը եւ մասնակից դառնալու փրկարար աշխատանքներուն։

Երեւոյթը հաւանաբար քաղաքական բացատրութիւն ունէր նաեւ։ Միջազգային ընտանիքը նեցուկ կը կանգնէր ժողովուրդի մը, որ միեւնոյն տարուան սկիզբը համարձակած էր ընդդիմանալու խորհրդային կարգերուն, քաղաքակիրթ, օրինական բայց ամենազանգուածային ձեւով։

Եւ եթէ Արցախեան շարժումը Խորհրդային միութեան նախկին հանրապետութիւններուն ազգային հարցերու արծարծման նախադէպը ստեղծեց եւ ատով իսկ հիմնական գործոն դարձաւ ամբողջատիրական դրութեան փլուզման, ապա երկրաշարժը այս պարագային միջազգային կառոյցներու առաջին անմիջական շփումն էր խորհրդային համակարգին հետ։ Անկախ իր ունեցած ուժգնութենէն, երկրաշարժը անհամեմատ եւ անհամապատասխան աւեր սփռեց եւ զոհեր խլեց։ Աշխարհը ականատես եղաւ ոչ միայն քաղաքաշինական, ճարտարապետական եւ ենթակառուցուածքային դրութիւններու այլ ամբողջ խորհրդային համակարգի մը փլուզման։ Պարզուածը մանրապատկերն էր արտաքին ամուր շղարշին տակ փխրուն էութեան ընդհանուր համակարգին։
Երկրաշարժի պատճառով միջազգային ընտանիքի Խորհրդային միութիւն շռնդալից մուտք գործեց խորհրդային Հայաստանի երկրորդ կարեւորագոյն քաղաքէն։
Ազգային պահանջատիրութեամբ Երեւանը, եւ երկրաշարժի հետեւանքներով Գիւմրին իրենց հզօր ազդեցութիւնը ունեցան ամբողջատիրական կարգերու կազմաքանդումի սկսուած գործընթացի արագացման մէջ։

Փոխուած էին ժամանակները, փոխուած էին մանաւանդ քաղաքական պայմանները։ Բոլոր պետութիւնները իրենց մարդասիրական, ծառայութիւններով անարգել մուտք կը գործէին երկաթէ վարագոյրէն ներս .մուտք կը գործէին ա՜յն բաժինէն, որ ազգային իր իղձերու իրագործման համար խախտած էր արդէն խորհրդային կարգերու ճշդած խաղի կանոնները։
Անկախ միջազգային ընտանիքին թէ մարդասիրական եւ թէ քաղաքական շարժառիթներով ցոյց տուած աշխուժութենէն, ներազգային իմաստով վերաամրագրուած էր ազգային զարթօնքը։ Գաղափարախօսական համախմբումը միայն տարածքներուն համար չէր, այլ նաեւ հայրենի ժողովուրդին։ Երկրաշարժի առիթով Երեւան ժամանած Խորհրդային միութեան ղեկավարը սպառնական ոճով կը խօսէր ղարաբաղեան շարժումի ղեկավարութեան հասցէին։

Բայց շարժումը անդարձ էր այլեւս։ Ամբողջ հայութիւնը վճռած էր զօրակցիլ արցախահայութեան։ Այս խնդիրը միայն Արցախահայութեան չէր վերաբերէր այլ ամբողջ հայութեան։

Դժբախտաբար սակայն, փրկարարութեան աշխատանքներուն տարողունակութեան համապատասխան չեղան վերականգնման աշխատանքները։ Մինչեւ այսօր տակաւին, աղէտի գօտիի հետքերը կը մնան Սպիտակի մէջ։ Երկրաշարժէն 26 տարի ետք մենք պէտք է կարենայինք ազգովին յայտարարել աղէտի գօտիի անուանափոխումը զարգացման գօտիի։

Այնպէս ինչպէս Արցախեան ազատամարտի օրերուն համահայկական համախմբուածութեան եւ գործնական աշխատանքներու արձանագրած թափին համապատասխան չէր Արցախի զարգացման, վերաբնակեցման, եւ բոլոր ոլորտներու մէջ համահայկական ներդրում ապահովելու հայկական աշխարհի կողմէ կատարուելիք աշխատանքներուն կշռոյթը։
Հայութեան վերազարթօնքի կարեւոր հանգրուաններու վերլուծման պահուն մէկ անգամ եւս պէտք է յիշել, որ միայն վտանգի պահը չէ, որ պէտք է համախմբէ ողջ հայութիւնը։ Այո՜ Սարդարապատը, այո՜ ցեղասպանութեան յիսնամեակը, այո՜ Արցախը, այո՜ երկրաշարժը , բայց նաեւ վերականգնումի աշխատանքները, նաեւ վերաբնակեցումը, նաեւ արցախաշինութիւնը, նաեւ պետականութեան հզօրացումը։

Վերազարթօնքի երկարատեւութեան անհրաժեշտութիւնն է, որ պիտի յաջողի վտանգաւոր օրհասական պահերէն անդին երկար շունչի վրայ մագնիսացած եւ համախմբուած պահել հայութեան ներուժը։

Համախմբուած ներուժի հրամայականը ինքզինք շատ աւելի պարտաւորեցնող կը դարձնէ մանաւանդ այս ներկայ ժամանակահատուածին։ Ամիսներ մեզ կը բաժնեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն, որ համազգային առումով շրջադարձի վերածուելու հանգամանքները կը փորձէ հաւաքել իր շուրջ։

Համահայկական միասնականութիւնը պահանջատիրութեան առանցքին շուրջ ձեւաւորուելու ընթացքին մէջ է ։ Աւելի ճիշդը, միջազգային իրաւական կառոյցներուն հայութեան պահանջատիրական թղթածարը ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը. Եկեղեցական պահանջատիրութեան նախաբանը կատարած են արդէն երկու հայրապետները միացեալ յայտարարութեամբ Թուրքիայէն պահանջելով հայոց եկեղեցիները, վանքերն ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը։ Հայաստանի հանրապետութիւնը հայ իրաւագէտներու յանձնած է միջազգային օրէնքի նկատառումով հատուցումներու թղթածրար պատրաստելու աշխատանքը։ Արդէն իսկ հրապարակուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յանձնարարութեամբ հայ եւ օտար մասնագէտներէ բաղկացած աշխատախումբի պատրաստած այս հարցին առնչութեամբ իրաւագիտական հայեցակարգը։
Բոլոր նախադրեալները կը նշեն ուրեմն, որ ազգային գաղափարախօսութեան հարթութեան վրայ հայութեան վերազարթօնքը կը թեւակոխէ մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման ճանապարհին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ներազգային միասնականութեան շատ կարեւոր հանգրուանը։

Ազգովին կը պատրաստուինք պահանջելու եւ մեր պահանջները իրաւականացնելու ուղղութեամբ։ Եկեղեցիներ թէ յարանուանութիւններ, Հայաստանի հանրապետութիւն, Արցախ թէ Սփիւռք բոլոր կուսակցութիւններով, շերտերով, կազմակերպութիւններով շուտով 2015ի Յունուարին կը յայտարարեն միացեալ հռչակագիր մը այս ուղղութեամբ։ Սարդարապատի կամքը, 65ի շունչը, արցախեան ոգին թէ երկրաշարժով կայացած հայահաւաքը, բոլորը իրենց հանգրուանային ազդեցութիւնը ունեցած են այսօրուան համախմբուածութեան ձեւաւորման մէջ։

Փետրուար 88էն դեկտեմբեր 88 հայութեան վերազարթօնքը անպայման իր դերակատարութիւնը կ՜ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` մեր պահանջատիրութեան իրաւական դրոյթներուն շուրջ համահայկական համախոհութիւն եւ միասնականութիւն յառաջացնելու առումով։ Մանաւանդ, որ այլեւս ունինք երկու հանրապետութիւն, կայացած պետականութիւն եւ հայրենիքի հետ իր աշխատանքները համակարգող Սփիւռք։

Պահը մօտեցած է, որ հայութեան վերազարթօնքը սկսի արդիւնաւորուիլ իրաւաքաղաքական մակարդակի վրայ եւս։
Եւ ինչպէս որ 88ի շարժումը կամ երկրաշարժի առիթով ստեղծուած իրավիճակը իրենց ազդեցութիւնը ունեցան Խորհրդային միութեան փլուզման գործընթացին վրայ այդպիսով մաս կազմելով նաեւ աշխարհաքաղաքական հիմնական փոփոխութիւններու, բնաւ անիրատեսական պէտք չէ հնչէ, որ 100-ամեակը այս անգամ ուրիշ ուղղութեամբ ցնցէ այժմու Թուրքիոյ պետական հիմները եւ առիթ տայ նոր քարտէսներու վերագծման։

Պայմանաւ սակայն, որ վերազարթօնքի միեւնոյն ոգին բացարձակութեան մակարդակի վրայ անսասան եւ անխափան պահէ հայոց միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը։

Այո. Մենք միեւնոյն ոգիով կը վերատիրանանք մեր պատմական իրաւունքներուն եւ անպայման կը կերտենք ամբողջական հայրենիքը։

Տպել Տպել