Անդրանիկ. Առաքելոց վանքին կռիւը-4


Անդրանիկ. Ես իմ կյանքում երբեք չեմ ձգտել անձնական երջանկության ու բարօրության։ Ես մշտապես ձգտել եմ միայն մի բանի եւ պայքարել եմ միայն մի բանի՝ իմ հարազատ ժողովրդի ազատության և բարեկեցության համար։ Ես չեմ փնտրում իմ վաստակի գնահատականը եւ ցանկանում եմ միայն այն, որ երջանիկ լինի այն ժողովուրդը, որին ես ծառայում եմ ամբողջ կյանքում:

ՄԵԾ ԿՌԻՒԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Նոյ. 12ի առաւօտն էր։ Օդը սկսաւ ալ աւելի ցրտանալ եւ ձիւնը բարձր լեռներէն հետզհետէ ցածնալով եկաւ հասաւ վանք։ Մեզ պաշարող 6000 թուրք զինուորները ձմրան փուքէն ու ցուրտէն պաշտպանելու համար մօտակայ հայ գիւղերէն-Բէրդակէն, Արախէն, Տէրքէ վանքէն, Ալի Զռնայէն վեց հարիւր լծկան եզներ բերած են իրենց ծառայեցնելու եւ գետնափոր տուներ եւ դիրքեր շինելու։ Մուշէն եւ Մուշի շրջանէն հայ վարպետներ եւ գիւղացիներ բռնի հաւաքելով բերուած էին այս շինութիւնը լրացնելու։ Վեց գիշերուան մէջ 196 գետնափոր տուներ շինուած էին այլեւայլ դիրքերու վրայ։ Ցորեկ ատեն աշխատանքի չէին կրնար լծել, քանզի անոնք պիտի վտանգուէին մեր կրակներէն, ուստի գիշերուան մութէն կ’օգտուէին միմիայն։ Շինուած դիրքերը թուրք զինուորներուն հազիւ վանքի պարիսպէն 200-250 քայլ հեռու էին։

Նոյ. 12ի առաւօտ կեղծ ցոյց մը կատարեցին թուրք զինուորները։ Իրենց դիրքերէն քիչ մը անդին փայտերու վրայ ֆէսեր դրած էին։ Մեր տղայքներ թուրք գլուխներ կարծելով կը կրակէին անվերջ եւ ուժգին կերպով, սակայն եւ այնպէս այդ ֆէսերը հոն էին եւ չէին իյնար։ Ինծի իմաց տուին, կեղծ խաղը իսկոյն նկատեցի եւ հրամայեցի որ դադրեցնեն իրենց կրակները։

Այդ կեղծ ցոյցէն հազիւ քանի մը ժամ անցած էր մուրճի մը խուլ ու անվերջ հարուածներուն ձայնը լսելի եղաւ։ Թուրք զինուորները յաջողած էին Աստուածածնի Աշտարակին արեւելեան սեղանի կողմի պատը ծակել եւ ներս մտնել։ Մէգը եւ մշուշը ամէն բան փակած էր մեր աչքերուն առջեւէն։ Թանձր մութ մշուշի պատ մը կար մեր եւ անոնց մէջտեղ։ Ոչինչ չէր լսուեր, ոչինչ չէր հասկցուեր բացի մուրճի մը անվերջ ու խուլ հարուածներուն շարունակական ձայներէն։ Մենք երբ հարուածներուն ձայնը լսեցինք, խորհեցանք թէ պարիսպն է որ կը ջանան ծակել, երբ լուսարար Սահակը եկաւ եւ հեւաշունչ ձայնով մը ըսաւ. «Փաշա՛ դուռը կը ծակեն»։ Թուրքեր Աշտարակի մատուռը մտնելէ վերջ կը ջանային դուռը ծակել եւ հրացանի ծակեր բանալ դրան վերեւ իրենց համար։ Այս ատեն մէգն ու մշուշը քիչ մը նօսրացաւ եւ նշմարելի կ’ըլլար ան այլեւս, ուստի մենք բոլորս մեր հրացանները ուղղելով դէպի թուրք զինուորին սատկեցուցինք զայն։
Սպաննուողը թուրք հարիւրապետ մըն էր, որ սրտնեղած իր զինուորին ապիկար մուրճի հարուածներէն, ինք անձնամբ ձեռք առած էր մուրճը դրան վերեւ հրացանի ծակեր բանալ ու ահա այդ ատեն էր որ օգտուելով մէգէն մենք սպաննեցինք զայն։

Պէտք էր հսկել վանքի պարիսպին, պէտք էր հսկել թշնամիին անցուդարձերը, պէտք էր հսկել եւ քաջալերել մեր դիրքերուն մէջ նստած տղայքները, իրեց այս յանդուգն ձեռնարկին համար,պէտք էր իմանալ թշնամիին ուժեղ ճակատը եւ հոն շարել վարպետ եւ ճարտար զարնող տղայքները թշնամին վհատութեան, յուսալքումի եւ պարտութեան մատնելու համար։ Վեց հազար զինուորներ ամէն դիրքերու վրայ ուժեղցած իրենց ափին մէջ առած կը կարծէին մեզ։ Անոնք վստահ էին թէ այսօր կամ վաղը պիտի կրնան ձեռք ձգել մեզ ալ ու ձողերու վրայ անցուցած մեր գլուխները ցոյցի պիտի դնեն Մուշի եւ Պիթլիսի հրապարակներուն վրայ, իրենց կուրծքերը պատուանշաններով զարդարելու եւ նոր դիրքերու արժանանալու։

Նոյ. 17ի առաւօտն էր։ Այսօրուան կռիւը ահաւոր եւ անբաղդատելի էր նախորդ կռիւներուն հետ։ Թուրք զինուորներն ու զօրականները իրենց պաշտօնատարներուն հետ զայրացած էին մեր կորովի եւ յանդուգն կեցուածքին համար։ Իրենց բոլոր երազները եւ ակնկալութիւնները չքացած եւ փճացած էին, ուստի իրենց ատելութեան մէջ մոլեգին, սկսան կրակ տեղալ անվերջ եւ անընդհատ, վայրկեան մը իսկ դադար չկար։ Վեց հազար հրացաններ ամէն կէտերէ ահաւոր ձայներով կուգային կը զարնուէին վանքի պարիսպին եւ գմբէթին, իրենց պատասխան ընդունելով միմիայն քանի մը հրացաններու համրուած փամփուշտները։ Ոչ թրքական հրացանները, ոչ ցուրտն ու քամին կրնային սարսափեցնել եւ մարել կրակը մեր սրտէն, երբ դեռ երէկ արցունքի եւ վրէժի հետ սիրելի Ղազարը դաղեցինք։ Պէտք էր սպաննե՜լ, սպաննե՜լ շարունակ լուծելու համար վրէժը ամէն անոնց որոնք ինկած էին։ Տարափի պէս տեղացող հազարաւոր գնդակները կը սուլէի՜ն, կ’անցնէի՜ն մեր գլխուն քովէն, մեր ոտքերուն առջեւէն, բայց վանքը հոն էր տիրական եւ հզօր։ Մենք երբեք չթերացանք, երբեք չընկճուեցանք, այլ մեր խիզախ կեցուածքով թշնամիին թուլցած եւ վհատած բազուկներուն յուսալքում պատճառեցինք զոհեր խլելով։
Պարտուած եւ ինկած էին թուրք բազուկները, ուստի թուրք դիւանագիտութիւնը իր ճարտար մեքենայութեամբ ուզեց կապել եւ խաբել հայ հերոսները, ուստի երբ անզօր էին իր հրացանները, իր լեզուն, իր սատանայական հնարքները ուզեց ձեռք առնել՝ իր պարտութիւնը, իր ամօթը ծածկելու համար։
Կէսօրուան մօտ էր, երբ յանկարծ հրացանները լռեցին եւ թրքական փողերը դարձեալ սկսան հնչել եւ ահա կին մը երեւցաւ ձեռքերը վեր օդին մէջ բարձրացուցած։ Այդ կինը դէպի մեզ կուգար ձեռքին մէջ թուղթի կտոր մը բռնած։ Երբ կինը վանքի փոքր դրան առջեւ հասաւ, իր ձեռքին մէջ բռնած այդ պահարանը դրան ճեղքէն մեզի տուաւ։ Նամակ մըն էր որ ուղղուած էր մեզի Թուրք կառավարութենէն հետեւեալ իմաստով. «Ի՞նչ կ’ուզէք, ի՞նչ է ձեր պահանջը եւ նպատակը»։

Պատասխանեցի թէ ես իմ ըսելիքներս գրաւոր չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ շատ երկար Է, կ’ուզեմ որ ՖԷրիք եւ Ալի փաշաները Պիթլիսի կուսակալին հետ հոս գան եւ ես այն ատեն բերանացի կ’ըսեմ իմ ըսելիքներս։

Կինը իմ երկտող նամակս առնելով մեկնեցաւ։

Նոյ. 19ի գիշերը ժամը 3.5ին նորէն թուրք զինուորները երեք տեղերով ուժեղ յարձակում մը սկսան։ Մեր 37 կանոնաւոր եւ չախմախլի հրացանները կը պատասխանէին անոնց։ Մութ էր երկինքը։ Ահաւոր մշուշ մը տարածուած էր մեր շուրջ։ Ձիւնը թուրք գնդակներու խառնուած այնքան ահաւոր ու սարսռացուցիչ չէին, որքան բնութեան տարրերուն առթած դժուարութիւնները։ Տասը քայլի վրայ ոչինչ չէր երեւեր։ Ես էի որ միայն իմ ձեռքիս մէջ մաւզէր հրացան ունէի։ Կասկած մը սիրտս կը մաշեցնէր թէ մի գուցէ թուրք զինուորները օգտուելով մշուշէն թնդանօթի կրակով կոտրէին վանքի մեծ երկաթ գամերով ծածկուած երկփեղկանի դուռը եւ ներս լեցուէին։ Այս կասկածին առջեւ տարուած ես մեծ դրան կը հսկէի, քաջալերելով դիրքին ետեւ դիւցազնօրէն կռուող մեր զինուորները, հաւաքելու իրենց ուժերը անվհատ, քանզի կը զգայի թէ մերն է յաղթանակը, որովհետեւ արդարութիւնն էր մեր ընկերը։
Արշալոյսը դարձեալ կը բացուէր եւ թուրք հրացանները դարձեալ կը լռէին իրենց անկումը եւ պարտութիւնը տեսնելով։

Նախորդ իրիկուան կասկածս փարատելու համար իսկոյն կանչեցի Միաբանութիւնը եւ զինուորներէն մաս մը եւ վանքին երկփեղկանի դուռը ետեւէն քարով, փայտով եւ հողով ամրացուցի։ Այլեւս ոեւէ մտահոգութիւն եւ վախ չունէի թնդանօթի կրակէն։

Մեր ամրացուցած այդ դուռը այդպէս մնաց մինչեւ 1908 Օսմ. սահմանադրութեան օրերուն։

Երկու օրուան հրացանի ահաւոր ձայներէն ազդուած Յարութիւնը սոսկալի կերպով կը պոռար։ Ան կը խորհէր թէ մենք զինք պիտի լքէինք եւ ինք ողջ ողջ Թուրքերուն ձեռքը պիտի մնար, ուստի անվերջ եւ անընդհատ կերպով կը պոռար եւ իր ձայնը կը լսէին Թուրք զինուորներն իսկ իրենց դիրքին մէջէն։ Քովը վազեցի եւ գրկեցի զայն եւ ըսի.«Ի՞նչ է Յարութիւն, ինչո՞ւ կը պոռաս»։ «Գնդակ մը չեմ արժեր որ չես սպաններ ու երթար եւ զիս հոս ողջ ողջ թշնամիին կը ձգես»։ «Յարութիւն ի՞նչ գաղափար ունիս մեր վրայ, մենք քէզի համար տեղ պատրաստած ենք, մեր ուսերուն վրայ առած պիտի տանինք քեզ, եթէ չկրնանք ես իմ ձեռքովս պիտի սպաննեմ քեզ»։

Նախորդ գիշերուան մութէն օգտուելով թուրք զինուորները գոմին պատը ծակած ներս խուժած էին։ Գոմին ներսի պատն ալ ծակելով մարագը եկած դիրքեր բռնած էին գոմին եւ մարագին մէջ մեզմէ եօթանասուն քայլի վրայ։ Յանկարծ մէկը քրդերէն լեզուով հայհոյանք մը ըրաւ դէպի մեզի եւ սկսաւ պոռալ.
«Անդրանիկ փաշա, Անդրանիկ փաշա, ես Մերտինի զաւակն եմ, Հասանին ալ հայրը, ո՞ւր պիտի ազատիս իմ ձեռքէս»։
Գէորգը թարգմանեց խօսուած խօսքերը. ըսի Գէորգ պատասխանէ անոր Քրդերէնով, քանզի ես Քրդերէն չեմ գիտեր։ Գէորգը պատասխանեց. «Ես պզտիկ Գէորգն եմ եւ Հասանին մօրը սիրականը, դուն ո՞ւր պիտի ազատիս իմ ձեռքէս»։

Մարդը ձայնը կտրեց. Այն ատենն էր որ թուրք մը ձայն տուաւ եւ ըսաւ.«Գէորգ Չավուշ դո՞ւն ես»։

Այդ վայրկեանէն Գէորգին անունը մնաց Գէորգ Չաւուշ։ Գէորգ կարգ մը հայհոյանքներէ վերջ պոռաց. «Գացէք սոխ ու սխտոր ծախեցէք, դուք ուր կռուիլը ուր»։

Վանքը հինգ հատ գազանի պէս շուներ ունէր։ Թուրք զինուորները սպաննած էին չորսը եւ մէկ հատը վիրաւոր ինկած էր վանքի պատին տակ։ Այս շուներուն սպաննուիլը մասամբ օգտակար եղաւ մեզի, այն գիշերը որ մենք վանքը ձգէինք, կրնար ըլլար որ անոնց ձայները մատնէին մեզ, ձախողանքի մատնելով մեր ձեռնարկը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԻՆ ՄԱՀԸ

Յարութիւնին վէրքը ես իմ ձեռքովս կը դարմանէի։ Վանքին մէջ պէտք եղած դեղօրայքները եւ միջոցները չունէինք։ Ինչ որ կրնայինք ընել ըրինք առանց բան մը զլանալու։ Հովանոցի ձողի մը (ճաղ մը) վրայ խայթան մը անցուցած երեսուն սանթիմ երկարութիւն ունեցող վէրքը զգուշութեամբ կը մաքրէի։ Գնդակը ջախջախած էր սրունգին ոսկորը եւ մկանները։ Վէրքը օրէ օր սկսաւ նեխիլ եւ ծանրանալ։ Այլեւս գիտէի որ ապրելու ոեւէ յոյս չկար, բայց չէի խնայեր ոեւէ բան քանզի Յարութիւնը ամէնէն քաջ եւ ամենէն շատ սիրուած զինուորն էր։ Նոյմ. 20ի գիշերը զիս իր քով կանչեց եւ ըսաւ. «Փաշա այլեւս գիտեմ որ պիտի մեռնիմ, եղբօրս տղին դպրոց դրէք եւ կռնակիս ապան անոր ղրկեցէք։ 10 արծաթ տուած էիր Համբարձումը թաղելու, ահա աւելցածը առ։ Վստահ եմ թէ դուք իմ վրէժս տասն անգամ աւելի պիտի լուծէք»։

Աւելորդ կը համարէի այլեւս քաջալերական ոեւէ խօսք խօսիլ։ Գրկեցի զայն, թեւերուս մէջ եւ համբուրել սկսայ։ Ջուր ուզեց, խմցուցի եւ քիչ վերջ բաժնուեցայ թաց աչքերով եւ կոտրած սրտով։ Յարութիւնը ինկա՜ծ էր, քաջ Յարութիւնը՝ անոր կորուստը մեծ շատ մեծ նշանակութիւն ունէր մեզի։ Զինուորները մէկիկ մէկիկ Յարութիւնին քովը ղրկեցի որ համբուրեն զայն եւ իրենց վերջին յարգանքը մատուցանեն՝ որուն արժանի էր Յարութիւն։

Առաւօտեան դէմ ժամը երեքին Յարութիւնն ալ մեռաւ, խոր սուգի եւ վշտի ենթարկելով իր բոլոր ընկերները։ Երգելով ու աղօթելով, խաչով ու խունկով Ղազարին նման թաղեցինք զայն Սբ. Գէորգի մատուռին առջեւ։

Յարութիւնը ազնուախոհութեամբ եւ քաջութեամբ առաջին էր զինուորներուն մէջ։ Բոլոր ընկերները ըլլային անոնք հինգ տարուան կամ երկու կամ երէկի եկողները՝ կը սիրէր, կը գուրգուրար անոնց վրայ։ Հուժկու էր, լայնսիրտ եւ անվախ։ Շատ համեստ էր եւ պարկեշտ, զոհաբերող ու ներող։ Միջակ կրթութեան տէր՝ բայց հայրենասիրութեամբ լեցուն էր։

Մեր փամփուշտները հատնելու մօտ էին, ուստի աէտք էր նոր փամփուշտներ լեցնել, վառուած փամփուշտներուն պակասը լրացնելու համար։ Գործի լծուեցանք եւ այդ գիշեր 5000 փամփուշտներ լեցուցած էինք յաջորդ օրուան յարձակումին դիմադրելու եւ ոեւէ պատահականութեանց տոկալու համար։

ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԹՈՒՐՔ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Նոյմ. 22ի կէսօրն էր։ Երկու կողմէն դադրած էին հռացանաձգութիւնները։ Այն հայ կինը որ քանի մը օրեր առաջ նամակ մը բերած եւ իր պատասխանը առած գացած էր, դարձեալ երեւցաւ իր ձեռքերը օդին մէջ բարձրացուցած։ Այս կնոջ կ’ընկերանար վանքին վանահայր Յովհ. Վարդապետը։ Մուշէն կուգային անոնք, իրենց հետ նամակ մը բերելով։ Վանահայրը եւ կինը վանքի դրան առջեւ հասան։ Դողդոջ ձայնով մը վանահայրը ըսաւ. «Աստուած օրհնէ, Աստուած օրհնէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր վիճակը չորս կողմ արիւններ թափուած էր։ Աստուածածնի մատուռին գետինը արիւնով ծածկուած էր։ Թուրք սպաննուածներն ու վիրաւորները գիշերով Մուշ կը բերուին յուսալքում չպատճառելու թուրք ժողովուրդին»։

«Հայր սբ. ինծի ըսէ թէ թուրք զինուորը ամենէն շատ ո՞ր կողմը կեդրոնացած է եւ այդ զօրքերուն հրամանատարին վրանը ո՞ր կողմն Է»։
«Փաշա՛, ամէն կողմերդ զօրքերով լեցուն Է։ Լսածիս նայելով հրամանատարին վրանը Խեւ Յովհաննու Քարերն են։ Աստուած օրհնէ ձեզ, կարդացէք այդ նամակը եւ պատասխանեցէք։ Սուլթան Համիտէն իրատէ (հրաման) ելած է որ Մուշի քաղաքապետը, Խոսրով Վրդ. Պէհրիկեանը, Մուղտատ էֆ.ին եւ Քոմիսար Մուհամմէտ էֆէնտին գան եւ լսեն ձեզ եւ իմացնեն Վերին Մարմիններուն ձեր պահանջքները»։

«Հա՛, ես ուզէցի որ Պիթլիսի կուսակալը, Ֆէրիք եւ Ալի փաշաները գան անոնց հրաման եղած է»։

Նամակին պատասխանեցինք թէ թող գան։ Յովհ. վարդապետը եւ կինը մեր նամակը ստանալով հեռացան վանքէն։

Այն օրը որ մենք իրենց նամակին պատասխանեցինք թէ թող գան, իսկոյն վանքին Առաջնորդարանը մաքրեցինք եւ մոմերուն դատարկ քառասուն սնտուկները բերինք եւ Առաջնորդարանին մէջ իրարու վրայ շարեցինք՝ վրայի չորս հինգ սնտուկները միայն փամփուշտներով լեցնելով։ Փամփուշտի այդ սնտուկներուն քով ցիրուցան ձգեցինք փամփուշտ լեցնող գործիքները, անգլիական եւ տեղական վառօդներուն տոպրակները եւ սնտուկները։ Մենք զմեզ պատրաստեցինք ընդունելու մեր «բարեկամները» որոնք պիտի գային մեզ մօտ լսելու մեր պահանջները…։

Նոյ. 23ի օրը ժամը 6.30ին (ը. թ.) թրքական փողերը դարձեալ հնչեցին։ Քանի մը վայրկեան վերջ մէկ քանի անզէն մարդիկներ երեւցան։ Անոնք դէպի մեզ քալել սկսան։ Երբ մեզի մօտեցան, տեսանք թէ Մուշի Առաջնորդ Խոսրով Վարդապետ Պէհրիկեան, Մուղտատ էֆ.ին, Մուհամմէտ Եֆ.ին եւ վանահայրը Յովհ. Վարդապետն էին։

Աչքի զարնող ինը տղաքները իսկոյն իրենց դիրքերուն վրայ պահապան դրի եւ մնացած զինուորներն ալ պահեցի որ անոնք չտեսնեն մեր զինուորին խեղճ հագուստը եւ իրազեկ ըլլան մեր ուժին եւ քանակին։

Երբ խումբը Աստուածածնի մատուռին առջեւ հասաւ՝ հոն կեցան եւ սկսան մէկ քանի վայրկեան թուրք զինուորին հետ խօսիլ։ Երբ դրան առջեւ հասան իսկոյն Վաղարշակն ու Բարսեղը ղրկեցի որ վանքին փոքր դուռը բանան եւ հիւրասիրեն դէպի Առաջնորդարան։ Տասը վայրկեանի չափ Վաղարշակին եւ Բարսեղին հետ խօսքի բռնուեցան քանզի կը վախնային ներս մտնել։ Իսկոյն վերէն պոռացի. «Կամ ներս թող գան, եւ կամ հեռանան. թէ ոչ մենք զարնել ուզէինք, արդէն զարկած էինք հեռաւորութեան վրայ։ Պէտք է գիտնան թէ երբ մենք խօսք կուտանք, ամէն գնով մենք մեր խօսքերը կը յարգենք»։
Ներս եկան եւ հիւրասիրուեցան Առաջնորդարան։

«Բարեւ ձեզ»։

«Բարի տեսանք»։

Սկսան իրենք զիրենք ծանօթացնել, Մուղտատ էֆ., Մահմէտ էֆ.ին, Առաջնորդը եւ Վանահայրը։

«Նստեցէ՛ք, նստեցէ՛ք», ըսի։

Մուղտատ էֆէնտին վախէն կը դողար։ Երբ Մուղտատի այդ վիճակը տեսայ՝ ըսի.«Կատարեալ կերպով դուք զձեզ ապահով զգացէք եւ մի՛ վրդովիք երբեք»։
Խոսրով Վարդապետ իր աջը երկարեց ինծի եւ ըսաւ.

«Համբուրէ, զաւակս, համբուրէ»։

«Մտածելիք ունիմ, պէ՞տք է համբուրեմ՝ թէ ոչ»։

«Աստուած օրհնէ, համբուրէ՛, համբուրէ՛»։

Համբուրեցի աջը։ Վանահայրը եւ Պէհրիկեանը դիտմամբ իրարու հետ կը շփոթէի անոնց անունները տալու ատենս։ Ես այդպէս կ’ընէի որ Յովհ. Վարդապետը որեւէ պատասխանատուութենէ ազատ պահեմ։ Վանահայր Յովհ. Վարդապետը երկար շատ երկար տարիներէ ի վեր կը ճանչնայի եւ վայելած էի շատ անգամներ անոր հիւրասիրութիւնը եւ բարեկամութիւնը։

Հայութենէ դարձած Մուհամմէտ էֆէնտին սխալներս կը շտկէր քմծիծաղով մը՝ երբ Յովհաննէսին Խոսրով եւ Խոսրովին Յովհաննէս կ’ըսէի։ Մեր խօսակցութիւնը սկսաւ եւ ես այսպէս խօսեցայ։

«Կը փափաքէի որ Ալի էւ Ֆէրիք փաշաները հոս ըլլային Պիթլիսի կուսակալին հետ, բայց քանի որ Սուլթան Համիտը ձեզ նշանակած է գալ եւ դուք եկած էք, լաւ…..»:

Այս ատեն էր որ Մուղտատ էֆէնտին խօսքս ընդմիջելով դողդոջ ձայնով մը ըսաւ.

«Փաշա՛, վանքը (թէ՛քէ՛ն) թող վկայ ըլլայ, ոչ մէկ բառ աւելի, ոչ պակաս պիտի ըսեմ։ Պիտի խօսիմ ինչ որ ըսէք մեզի»։
Մենք մեր կռնակները մոմերու դատարկ սնտուկներուն տուած էինք։ Իմ ձախ կողմս նստած էր «Գէորգ Զաուշը», անոր ձախ կողմը Հաճի Յակոբը. դուռը կեցած էր Վաղարշակը, իսկ լաւ զինուորներէն մաս մը դիրքերուն վրայ կեցած՝ կը հսկէին դուրսի անցուդարձերը։

Մուղտատ էֆէնտին դողդոջուն ձեռքով մատիտ մը բռնած սկսաւ նօթագրել կտոր մը թղթի վրայ ինչ որ ըսի։ Մեր պահանջները հետեւեալներն էին։

1.- Պօլիսէն մինչեւ հոս քաղաքական բոլոր հայ յանցաւորներու ներում։

2. – Իւրաքանչիւր գիւղէ հաւաքուելիք տասանորդը պէտք է գիւղացին ինք հաւաքէ եւ յանձնէ կառավարութեան՝ իրեն հետ ունենալով բարեխիղճ պաշտօնեայ մը միայն։

3.- Այն Քիւրտերը որոնք միշտ յարձակում գործեր են հայ գիւղերուն վրայ, զինաթափ ընել ել կամ պաշտպանել այդ գիւղերը։

4. – Այն բոլոր հայ գիւղերը որոնք գրաւուած են Քիւրտերէն, վերադարձուին Հայերուն։

5. – Այն բոլոր քիւրտ ցեղապետները որոնք կառավարութեան հետ հայ գիւղերէն տուրք կ’առնեն, անոնց ջնջումը։ Կառավարութեան մէջ կառավարութիւն չըլլար։

6. – Դուք յեղաբոխականներս աւազակներ կոչած էք։ Աւազակները պէտք է կառավարութիւնը ինք իր մէջ փնտռէ, որոնք ահագին զեղծումներ կը գործեն եւ կաշառքներ կ’առնեն։ Երկար տարիներէ ի վեր է որ ես հոս եմ իմ զինուորներուս հետ, գողութիւն մը ըրած չեմ։ Ձեր փօսթան ինծի հանդիպեցաւ, զայն տանող պաշտօնեաները ձգեցին ու բախան, մենք առանց կողոպտելու՝ թողուցինք եւ հեռացանք։ Յաջորդ օր ձեր զինուորները եկան եւ հոն գտան տոպրակները, ձիերն ու ջորիները։ Մենք խաղաղ ժողովուրդին ոչ մէկ օր կամ ոչ մէկ ատեն չարիք պատճառած ենք։ Դուք գիտէք որ շատ անգամ մեզի Քիւրտեր հանդիպած են, մենք զանոնք ոչ սպաննած եւ ոչ ալ անոնց չարիք հասցուցած ենք։ Բայց այն որ մեզի կամ հայ ժողովուրդին դէմ չարիք գործած է, մենք պատժած ենք զայն, ինչպիսին է Պըշարը Խէլիլը։ Պըշարը Խէլիլն էր որ Սերոբ Փաշային գլուխը կտրեց եւ անոր ընկերները սպաննեց իր էշիրէթին եւ Ալի փաշային հետ հայ դաւաճաններու մատնութեամբ։ Կոտորեց Թալւորիկի Սպաղանաց գիւղի 27 կին եւ երեխաներ Տէր Պետրոսի հետ։ Երբ անոնց դիակները Թաղուած էին հայ գիւղացիին կողմէն, 48 ժամ վերջը եկաւ հանեց եւ Ռէիս Մակարին տան մէջ լեցնելով քարիւղ ցանեց եւ վառեց զանոնք, անոնց հետքերը անհետացնելու համար։ Հէթինկ գիւղէն եօթը երիտասարդներ բռնելով կապեց զանոնք անոնց թեւերէն եւ գետը իջեցուց եւ հրացանազարկ ըրաւ բոլորն ալ։ Այս բոլորը կատարուեցան թուրք կառավարութեան թելադրութեամբ։ Թուրք. կառավարութիւնը միացած Խէլիլի հետ՝ այս ոճիրները գործադրեց եւ Սուլթան Համիտ անոր կուրծքը զարդարեց, Ալվարիճ հայ գիւղին տասանորդն ալ անոր ընծայելով։ Ահա այսպիսի հրէշներն էին որոնք պատժուելու տեղ կը վարձատրուէին շքանշաններով եւ ընծաներով։

Ես երեք տեղերու վրայ մարդիկ դրած Խէլիլի ճամբան կտրած էի, եկաւ ու ողջ ողջ ձեռքս անցաւ, հարցաքննութենէ մը վերջ այս խէնչէրովս եւ այս ձեռքովս անոր վիզը կտրեցի։ Ահա Սուլթան Համիտի տուած պատուանշանն ալ։ Խէլիլին գլուխը կտրելէս մինչեւ այսօր անոր հետ գործակցող ընկերներէն տասնեւեօթը հոգին ալ սպաննեցինք։ Կառավարութիւնը փոխանակ ուրախանալու չարագործներուն պատժուիլը տեսնելով, բանտարկեց երեսուն եւ մէկ անմեղ Հայեր, ենթարկելով զանոնք անլուր չարչարանքներու։

7.- Մոկունք գիւղի Շէրիֆին սպանութեան համար տասնեւհինգ անմեղ Հայեր բանտարկեցիք եւ քանի մը օր վերջ ձեր օրհնուած աղը տուիք եւ անոնք մեռան չարաչար մահերով։ Անոնց տրուած թոյնին սաստկութենէն գլուխներուն մազերն իսկ թափեցան։ Դուք առանց խղճահարուելու բանտերուն մէջ լեցուցիք մօտաւորապէս հարիւր եօթանասուն անմեղ հոգիներ եւ տակաւին կ’ըսէք ինծի թէ ի՞նչ է նպատակդ եւ ի՞նչ կ’ուզես։

8.- Սբ. Աղբերիկ վանքի վանահայր Ղազար վարդապետը դուք սպաննել տուիք երկու քիւրտերու ձեռքով, գիշեր ատեն վանքին դուռը բարեկամաբար ափ առնելով։ Այդ երկու քիւրտերն ալ ես սպաննել տուի։

9.- Տ.կերտէն մինչեւ Պարսից սահմանը զինուած 150.000 քիւրտեր կան, ի՞նչ են ասոնք, եւ որո՞ւ դէմ ուղղուած են անոնց զէնքերը։ Անոնք պահուած են միմիայն Հայուն պատուհաս դառնալու։ Եթէ կ’ըսէք թէ արդարութիւն կայ, ո՞ւր է, եւ ինչո՞ւ կը բանտարկուին Հայերը։ Ինչո՞ւ չեն բանտարկուիր քիւրտերը իրենց հրացաններուն համար, ո՞ւր է այդ արդարութիւնը եւ «հայրական գութը»։

10. – Այս ի՞նչ տեսակ պաշտօնէութիւն է որ ամէն տեսակ բռնութիւններ կը բանեցնէ Հայ ժողովուրդին վրայ տուրք հաւաքելու պատրուակին տակ, խլելով անոնցմէ իրենց վերջին հացի կտորը՝ հայ պատիւին հէտ։ Այս վերջինը մեզի համար, անտանելի է։ Դուք երբեք չէք խղճահարուիր ճնշելէ եւ հալածելէ տկար ժողովուրդները եւ թոյլ Քիւրտ էշիրէթներն ալ։

11. – Մարգար վարժապետը կախեցիք, Մուրատն ու Տամատեանը բանտարկեցիք, Սերոբ Փաշան եւ Գուրգէնը սպաննեցիք, եւ հիմա ես եմ որ հոս եմ։ Մենք հարիւրաւոր մղոններ կտրած հոս եկած ենք մեր պատանքները մեր տոպրակներուն մէջ դրած։ Եթէ այս համեստ առաջարկներուս բաւարարութիւն չտրուի, մենք ուժ ունինք վեց ամիս դիմադրելու – աչքերս դարձնելով դէպի մոմի դատարկ սնտուկներուն։ Քանզի թուրք ներկայացուցիչները չէին գիտեր թէ մոմերուն սնտուկները դատարկ էին։ Անոնք այն տպաւորութիւնը ստացան թէ այդ քառասուն սնտուկները լեցուն էին ռազմանիւթերով։ Այս բոլորին բաւարարութիւն տալու համար պէտք է վաւերացուին Սուլթանէն եւ օտար դեսպաններուն կողմէ, այն ատեն ես իմ երկրորդ ըսելիքս կ’ըսեմ։ Եթէ իմ ըսածներս հեռագրէք, քսանեւչորս ժամէն Պոլիս կ’երթայ, երկու օր հոն խորհրդակցելէ վերջ՝ անոնց պատասխանը 13 օրէն փօսթով հոս կը հասնի, իսկ եթէ դուք շինուածք մը ընէք կտոր մը թուղթի վրայ, այդ պիտի մերժուի մեր կողմէն եւ պիտի վերադարձուի ձեզի։

Մեր խօսակցութիւնը տեւեց 7-10.30 ը. թ., երբ մեր խօսքերը լմնցան Մուղտատ էֆէնտին ըսաւ թէ «Փաշա՛, կարելի չէ՞ որ երկու կողմէն զինադադար մը կնքուի մինչեւ մեր պատասխան ստանալը»։ «Յայտնեցէք ձեր զինուորականներուն, եթէ իրենք յարգեն իրենց խոստումները, ես ալ կը յարգեմ, եթէ զարնեն, ես ալ կը զարնեմ»։

Մեր խօսակցութեան միջոցը զինադադար մըն էր ինքնին, թուրք զինուորները ազատ ու անվախ իրենց դիրքերէն դուրս ելած ձիւնին վրալ կը քալէին ու կը ծխէին։

Ժամը 10.30ին «մնաս բարով» ըսելով մեկնեցան։ Երբ դուրս կ’ելլէին յիշեցուցի իրենց այն խոստումը որ նախապէս ըրած էին ինծի խօսելու իրենց բարձրագոյն պաշտօնէութեանց ճիշտ ու ճիշտ ինչ որ ըսինք իրենց։ Այս ատեն էր որ Պէհրիկեան վրդ. հայերէնով դարձաւ եւ ըսաւ, «տղաս այդ պահանջներդ մէկ օրուան, մէկ շաբաթուան եւ մէկ տարուան գործ չեն, այլ տարիներու»։

Երբ մենք թուրք ներկայացուցիչներուն հետ վանքին Առաջնորդարանին մէջ նստած մեր առաջարկները կը ներկայացնէինք, ինքնին զինադադար մըն էր։ Այդ պատեհութենէն օգտուելով Ռուսիոյ հիւպատոսը եկած եւ լուսանկարած էր թուրքերուն դիրքերը եւ պատնէշները Առաքելոց վանքին հետ։

Խէլիլի սպանութեան պատմութիւնը մասնաւոր նպատակաւ պատմեցի թուրք ներկայացուցիչներուն, քանզի կառավարութիւնը 31 Հայեր բանտարկելով ծեծի եւ չարչարանքի ենթարկած էր պատրուակելով թէ այս նոր բանտարկուածները մասնակից եւ պատասխանատու են Խէլիլի սպանութեան։ Այս պատմութիւնը դիտմամբ պատմեցի տպաւորելու անոնց մտքերուն մէջ թէ ես իմ զինուորներուս հետ կատարած ենք Խէլիլի սպանութիւնը եւ պատասխանատուն մենք ենք եւ ոչ թէ կարգ մը անմեղ Հայեր։ Պատմութիւնս ակնկալուած արդիւնքը իսկոյն բերաւ։ Երեք օր վերջը այդ 31 անձերուն հեռագրով ներում եկաւ Կ.Պոլսէն։

Շարունակութիւնը` յաջորդիւ

Տպել Տպել