Անդրանիկ. Առաքելոց վանքին կռիւը- 5


Անդրանիկ. Ամեն օր գլուխներդ բարձին դնելուց եւ քնանալուց առաջ, յիշէք, թէ այդ օրը ինչ էք արել ձեր ազգի համար:

Իմ կուսակցութիւնն իմ ազգն է:

Իմ ազգը ճնշուածների ազգն է:

Մահս չեմ յոգար, այլ գործս, որ կիսատ մնաց:

ՎԱՆՔԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ

Քսան օրուան մեր կռիւը արդէն արձագանգած էր Վանի, Պիթլիսի, Կարնոյ, Խարբէրդի եւ Տիգրանակերտի նահանգներուն մէջ։ Քիւրտ, Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներ այն համոզումը ունէին թէ մեզի համար ազատութիւն չկայ երբեք։ Հայերը ամէն օր հսկումներ եւ աղօթքներ կը կատարեն եղեր մեր ազատութեան համար վանքին մատաղներ խոստանալով։

Երբ մենք մեր պայմանները ներկայացուցինք թուրք ներկայացուցիչներուն, այդ վայրկեանէն իսկ գիտէինք թէ մեր առաջարկներն ու պայմանները անընդունելի էին։ Երկու կողմէն ալ խաղ մըն էր որ կը խաղցուէր ժամանակ շահելու։ Հակառակ մեր զինադադարի խօսքերուն Նոյ. 24ի օրը թուրք դիրքերէն հրացաններ արձակուեցան։ Մենք սովորականին պէս պատրաստ ու կազմ էինք մեր դիրքերուն մէջ. ուստի պատասխանեցինք անոնց բուռն կրակով։ Կարճ հրացանաձգութենէ վերջ օրը անցաւ խաղաղ եւ հանդարտ։

Այդ գիշեր դարձեալ ցուրտ էր։ Մէգը մշուշին հետ ծանր ու խիստ կը տարածուէր եւ կ’երկարէր մեր շուրջ անտանելի դարձնելով եւ սառեցնելով ամէն բան։ Թուրք զինուորները որոնք մեզմէ շատ հեռու չէին, մենք կը լսէինք անոնց խօսակցութիւնները եւ տրտունջները որ կ’ելլէր կ’երկարէր իրենց դիրքերէն եւ կուգար քամիին հետ մեզի։ «Մահմուտ, Հասան, Մուսթաֆա, այս ի՜նչ ցուրտ է, այս ի՜նչ մահեր են որ կը պատահին ամէն օր, սա «ճան ֆէտայիներն» ալ չեն անցնիր եւ երթար որ մենք ալ ազատինք իրենք ալ»։

Ցուրտը, մէգը, եւ ձիւնը նոր եւ անհասկնալի հիւանդութիւն մը բերած էին թուրք զինուորին։ Հիւանդութիւն մը որ ենթական կը խելագարցնէր եւ կը մեռցնէր։ Այս հիւանդութիւնը այնքան մեծցաւ եւ տարածուեցաւ 6000 թուրք զինուորներուն մէջ որ կառավարութիւնը Երիզայի 4րդ զօրաբանակէն եւ Կ.Պոլսէն նոր բժիշկներ բերել տուաւ դարման մը եւ ճար մը գտնելու համար։

Քսան օրուան մեր դիմադրութեան ընթացքին մենք ալ մեր հիւանդները ունեցանք։ 60-70 որբերուն մէջ հիւանդութիւն մը սկսաւ։ Տասը որբեր փորհարութեան ցաւով կը տառապէին, երկու զինուորներս հիւանդ էին, ուտելիքը քանի մը օրերու հազիւ կը բաւէր։ Ռազմանիւթ, օճառ, ծխախոտ հատնելու մօտ էին եւ չկային։ Կը վախնայի թէ նոր զինուորներ ալ հիւանդանան կամ փորհարութեան հիւանդութենէն վարակուին։ Ուստի պէտք էր ճար մը, կերպ մը, ճամբայ մը մտածել դուրս գալու վանքէն։ Քսան օրուան դիմադրութիւնը եթէ զգաստութեան բերած չէր Թուրք կառավարութիւնը՝ Թուրք եւ Քիւրտ ժողովուրդներուն հետ, գէթ չափով մը օգտակար եղած էր Հայ ժողովուրդին համար։ Եթէ քսան օրուան այս անհաւասար դիմադրութիւնը օտար դեսպաններուն ուշադրութիւնը գրաւած չէր, գէթ մտահոգութիւն պատճառած էր Թուրք կառավարութեան նոր պատասխանատուութիւններէ զգուշանալու համար։

Գաղտնի կերպով կը լրտեսէի հասկնալու համար զինուորներուս բարոյական կորովն ու քաջութիւնը։ Կը ջանայի կարելի եղած չափով հանգիստ պահել եւ երկար քնացնել։ Չորս խումբերու բաժնուած էինք դիրքերը հսկելու եւ մեր պարտականութիւնները կատարելու։ Երեք ժամ Գէորգ Չաւուշը կը հսկէր, երեք ժամ Վաղարշակը, երեք ժամ Հաճի Յակոբը եւ երեք ժամ ալ ես։

ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԻ ԿՌԻՒԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Մենք մեր զինուորները իրենց առաջին անունով կը կանչէինք։ Երբեք չէինք հետաքրքրուէր անոնց երկրորդ անունով կամ ո՞ր գիւղէն կամ քաղաքէն եկած ըլլալնին։ Չէինք ուզեր գիտնալ այն նպատակաւ թէ, կրնար պատահիլ որ մեզմէ մէկը կամ միւսը թուրքերուն ձեռքը իյնար եւ ծեծի ու չարչարանքի տակ ակամայ մատնութիւններ ըներ։ Մենք ստիպուած էինք այդպէս ընել, երբ նոյն ատեն նկատի ունէինք թէ միշտ նորեկ զինուորներ կուգային ու կ’երթային, կամ քիչ ատեն մեր մօտ կը մնային ու կը հեռանային դարձեալ։

Անդրանիկ
Ուրուխցի Յարութիւն
Գէորգ Չաւուշ
Վաղարշակ
Հաճի Յակոբ
Ղազար
Սէյտօ Պօղոս
Անտրիկ
Միսաք
Վարդան
Ասատուր
Սիմոն
Թէրփէթօս Սարգիս
Չէթօ
Եղօ
Բարսեղ
Օսօի տղան Յովսէփ
Չաթալպաշ Արամ
Խասգէղցի Մկրօն
Մօսօն
Իսօն
Հաւատորիկցի Մուրատ

Նոյ. 26ի խստաշունչ եւ սառեցնող առաւօտն էր։ Մէգը երբեմն կը քշուէր ու կը տարածուէր դէպի դաշտ եւ երբեմն ալ խայթող ցուրտին հետ կուգար եւ կը փաթթուէր մեր շուրջ ամէն բան ծածկելով մեր աչքերէն։

Վանքին մէջ որբերն ու Միաբանութիւնը սովորականին պէս այդ օր ալ իրենց աղօթքներն ու մաղթանքները կը բարձրացնէին առ Աստուած լեցնելով մեր սրտերը կրօնի եւ հաւատքի անուշ զգացումներով, երբ դուրսը քանի մը քայլ հեռուն ձիւնի կոյտերուն եւ հողի դէզերուն ետեւ բիրտ ձեռքեր եւ վայրի սրտեր իրենց գլուխները պահած նե՜րս, նե՜րս, վանքի դռնէն նե՜րս կ’ուզէին խուժել եւ արիւնով եւ աւերով ծածկել ամէն նուիրականութիւն որոնք անեղծ ու մաքուր մնացած էին այդ չորս պատերէն ներս։

Կը մտածէի շարունակ երբ աչքիս առջեւ էին հիւանդ որբերը, հիւանդ զինուորները եւ այն անտանելի կացութիւնը որուն պիտի մատնուէինք ռազմանիւթի պակասին պատճառաւ։ Կերպ մը, հնարք մը պէտք էր յղանալ պատուաւոր կերպով դուրս գալու։ Երկար մտածումէ վերջ, վճռական որոշում մը տալով քովս կանչեցի Գէորգը, Վաղարշակը եւ Հաճի Յակոբը։ Մեր ներկայ կացութիւնը եւ վաղուան բոլոր դժուարութիւնները բացատրելէ վերջ ըսի որ պէտք է այլեւս դուրս գանք վանքէն։ Թուրքեր կեղծ թուղթ մը ձեռքերնին պիտի գան մեզ խաբելու յոյսով, ուստի պէտք է գիշերով կտրել թուրք զինուորական շղթան եւ անցնիլ։

Միգուցէ Թուրք կառավարութիւնը միամիտ լինի հաւատալու իմ խօսքերուս թէ մենք հոս պիտի մնանք 6 ամիս մինչեւ որ մեր պահանջները կատարուին։
«Ի՞նչ է քու կարծիքդ, ըսին, մենք ապահով եւ անվնաս դուրս պիտի կրնա՞նք գալ»։

«Հարիւրին 99ը մենք բոլորս ալ ապահով դուրս պիտի գանք եւ ոեւէ մէկին քիթը պիտի չարիւնի, եթէ մեր անփորձ զինուորները հետեւին մեզի եւ սխալներ չգործեն։ Դիրքերուն մէջ մէկ մէկ փորձառու զինուորներ դրէք եւ կանչեցէք բոլոր զինուորները վանքին հրապարակը որ ես դասաւորեմ զանոնք ձեր խմբապետութեան տակ եւ ըսեմ իմ ըսելիքներս»։

Քանի մը վայրկեանէն կատարուեցաւ իմ թելադրանքներս, զինուորները հրապարակ իջան եւ շարքի կեցան։ Բոլոր զինուորներուն պատուիրեցի որ զգաստ եւ արթուն ըլլան եւ ըմբռնեն ըսելիքներս։

Առաջին – Գէորգ Ձաւուշ, Սէյտօ Պօղոս, Վարդան, Յովսէփ եւ ես 50-60 քայլ առաջ ձեր առջեւ ինկած պիտի քալենք դէպի թրքական դիրքերը ճերմակ շապիկներ հագած եւ ճերմակներ մեր գլուխը փաթթած, որպէսզի ձիւնին մէջէն չտեսնուինք, իսկ Հաճի Յակոբ եւ Բարսեղ դուք պէտք է հետեւիք մեզի զոյգ-զոյգ շարուած խումբին առջեւէն։ Ամէն մարդ պէտք է իր քովի ընկերը լաւ ճանչնայ, ինչպէս նաեւ իր առջեւէն քալող զոյգը։ Խումբին յետնապահները պիտի ըլլան Վաղարշակ եւ Թէլփէթօս Սարգիս։ Մենք հինգ հոգիներս երբ վաթսուն քայլի վրայ յառաջանանք եւ ծունկ զարնենք, պէտք է որ մեզի հետեւող խումբն ալ ծունկ զարնէ մեր օրինակին հետեւելով։

Մեր բռնած ուղղութիւնը պիտի ըլլայ Արապպօի եւ Արծիւի քարերը, անկէ իջնել ձորը եւ անցնիլ Մրզու գոմը, որը դիմացի լերան սարալանջին վրայ է։ Մեր բոլոր հին զինուորները գիտէին այդ գոմը, ուստի նորեկներուն ալ ցոյց տուին զայն։ Եթէ փորձի ատեն ոեւէ իրարանցում եւ կռիւներ պատահին եւ խումբը մասերու բաժնուի, ամէն մէկ խումբ կամ մաս պէտք է գոմին առջեւ ձիւնին վրայ ձեռնափայտ մը խրէ իբր նշան իրենց անկէ անցած ըլլալուն։ Քամին սաստիկ է եւ կրնայ ըլլալ որ գոցէ ձեր հետքը, ուստի այդ ձեռնափայտերը միմիայն վստահելի նշաններն են մէզի համար։

Վաղը Նոյ. 27ի իրիկունը ժամը 3.15, ը. թ. գիշեր ատեն այստեղէն դուրս պիտի գանք։ Մենք հինգ հոգիներս որ խումբին առջեւէն պիտի քալենք ճերմակներ փաթթած եւ շապիկներ հագած, պիտի զարնենք մեզի հանդիպող թշնամին, իսկ դուն Հաճի, քու խումբովդ պիտի անցնիս Արապպօի եւ Արծիւի քարերը եւ թշնամին իր կռնակէն պիտի զարնես։ Եթէ ձեր հրացաններուն ձայնը ելլէ մենք ձեզի օգնութեան կուգանք։

Այս բոլոր պատուէրները տալէ վերջ, խումբը վարժեցնելու համար բակին մէջ փորձեր կատարեցի, տեսնելու թէ ըմբռնա՞ծ են ընելիքնին։ Կը քալեմ, ծունկ կը զարնեմ, ետիս կը նայիմ տեսնելու թէ բոլոր թելադրութիւններս կը կատարե՞ն իրենց խմբապետներուն հսկողութեան տակ։ «Տղայք, հասկցա՞ք ձեր կատարելիք պարտականութիւնը»։ «Այո՛, փաշա, հասկցած եւ պատրաստ ենք»։ «Հոս կանչեցէք ուսուցիչները եւ որբերը»։

Երբ ուսուցիչներ եկան, անոնց պատմեցի մեր նպատակ եւ ըսի թէ ձեւականութեան համար պիտի ծեծեմ ձեզ որբերուն առջեւ եւ պիտի բանտարկեմ, որպէսզի ձեզ ազատեմ ոեւէ պատասխանատուութենէ իմ վանքէն դուրս ելլելէս վերջ, առանց ոեւէ պատճառանքներ տալու կառավարութեան՝ ըսելու ձեզ թէ. «Դուք թէ որ բարեկամ էիք կառավարութեան, ինչո՞ւ զանգակը չքաշեցիք եւ ձայն չտուիք մեզի ֆէտայիներու գնալը»։ Ձեր վրայ դուռը պիտի կղպեմ եւ բանալիներուն տեղը միայն 80 տարեկան տնտես մայրիկին պիտի ըսեմ։

Նոյ. 27ի օրուան կէսօրն էր։ Նոյն փորձերը դարձեալ կը կրկնեմ։ Տեսայ թէ խումբը ըսածներս կատարեալ կերպով ըմբռնած է եւ գիտէ իր ընելիքները, ուստի յանձնարարեցի որ խումբը երկու օրուան հաց դնէ իր տոպրակներուն մէջ եւ պատրաստ ըլլայ մեկնելու ճիշտ ժամանակին։

Իրիկուն էր։ Խիտ մշուշը ալ աւելի թանձրացաւ։ Մշուշին մէջէն աղօտ շատ աղօտ կերպով կը պլպլան կրակի լոյսեր։ Թուրք զինուորնԵր իրենց պատնէշներուն ետեւ կրակներ վառած մեզ կը հսկէին՝ գետնափոր տունին մէջ սեղմուած։ Պէտք էր զգոյշ ըլլալ, պէտք էր զգաստ եւ արթուն ըլլալ մեր ծրագիրը յաջողութեամբ յառաջ տանելու եւ թշնամին ամօթի, զարմացումի եւ անակնկալի մատնելու համար։ Պէտք էր հայ հանճարը, հայ միտքը, իր ճարտար մտայնութեամբ եւ հզօր սրտով ծիծաղէր եւ արհամարհէր յանդգնօրէն Թուրք կառավարութիւնը, իր պաշտօնեաները եւ զինուորը, վերջը ուժեղ հարուած մըն ալ տալով։ Պէտք էր մեր յաղթանակով ցեխէ ցեխ թաղուէր թուրք գահը եւ թուրք զինուորականը աշխարհի առջեւ ծաղր ու ծանակ ըլլար։ Պէտք էր ափ մը ճան ֆէտայիներու կորովը եւ յանդուգն սիրտը կտրէր անցնէր վեց հազար թուրք կանոնաւոր զինուորներու շղթան, յոյս, հաւատք եւ կորով ներշնչելու հայ սրտերուն, որոնք տառապած էին, անիրաւուած եւ զրկուած էին։

Ժամը կէսն էր։ Թէ նախազգուշութեան եւ թէ խումբը յանկարծակիի չբերելու համար, երեք հոգինոց երեք խումբեր ղրկեցի եռանկիւն ձեւով մը՝ երեք կէտերու վրայ դիրքեր բռնելու։ Երեք հոգի գոմին անկիւնը պէտք էր դիրք բռնէին, երեք հոգին Թադէոս Առաքեալի Աղբիւրը, երեք հոգի ալ երեք վիթխարի ծառերուն ետեւ։ Եթէ մինչեւ ժամը երեքը թուրք զինուորներ հանդիպին «զարկէք, հրացանները առէք եւ ներս եկէք»։ Այն վայրկեանին որ ձեզ ձեր դիրքերուն կը ղրկեմ 12 զինուորներ վանքի դրան առջեւ զինուած կը պահեմ դուռը բաց ձգած, վտանգի մը պահուն հոն դիմեցէք, անոնք թէ ձեզ կը պաշտպանէն եւ թէ ձեզ ներս կ’առնեն։ Եթէ ոեւէ դէպք չպատահի, ժամը ճիշտ 3.15 անցած խումբը ճամբայ պիտի ելլէ, դուք ալ ձեր դիրքը թողուցած՝ իսկոյն կուգաք եւ կը միանաք ձեր շարքին՝ նախապէս որոշուած ձեր տեղերուն մէջ։

Ժամացոյցները կը շտկեմ եւ ճամբայ կը հանեմ իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար։ Ահա եկաւ վերջապէս բաժանումի ժամը։ Բանտարկուած էին որբերն ու ուսուցիչները։ Բանալիները ձգուած են ցեխերուն եւ ձիւնին մէջ։ Ութսուն տարեկան ծերուկ տնտես մայրիկը հետս էր. «Մայրիկ ահա բանալին հոս ցեխերուն մէջ կը ձգեմ։ Երբ մենք դուրս ելլենք դուռը կը փակես եւ երկաթը կ’անցնես։ Վանքին դուռը չես բանար մինչեւ որ Ֆէրիք փաշան, վանահայրը եւ Առաջնորդը չգան։ Եթէ թուրք զինուորներ սպառնան մի՛ վախնար։ Եթէ սանդուխներ դնեն ու պարիսպէն ներս գան դարձեալ դուռը մի բանար որ թուրք զինուորները վանքը չկողոպտեն»։
«Մեռնիմ քեզի, ինչ որ կ’ըսես անանկ կ’ընեմ, Աստուած եւ Քրիստոս քեզի հետ ըլլայ»։

«Գէո՛րգ, Սէյտօ Պօղո՛ս, Վարդա՛ն, Յովսէ՛փ, հագէ՛ք ձեր ճերմակ շապիկները եւ փաթթեցէ՛ք ձեր գլուխները»։

Այն զինուորները որոնք նորեկ էին, հրաման ըրի որ, պարպեն իրենց հրացանները, ըլլան անոնք էվգէլի կամ չախմախլի։ Այդպէս պէտք էր ընել այդ տասնեւհինգ անվարժ զինուորներուն, որովհետեւ անոնք անփորձ էին եւ կրնային վտանգել մեզ կրակ բանալով։

«Գէորգ խուզարկէ անոնց հրացանները»։

Գէորգ մէկիկ մէկիկ նայեցաւ հրացանները։

Ամէնքն ալ կազմ եւ պատրաստ են, տոպրակնին շալկած, հրամանի կ’սպասեն շարժելու։

«Տղե՛րք, հետեւեցէք ինծի որ Յարութիւնին եւ Ղազարին գերեզմանները համբուրենք եւ մեր վերջին յարգանքը տանք անոնց»։ Կարգով անոնց գերեզմաններուն քարերը եւ վանքին ապանոսեայ դուռը համբուրեցինք կարճ, շա՜տ կարճ աղօթք մը մրթմրթալով։ Հաւատքի եւ յոյսի աղօթքներ էին որ կը մատուցանէինք հոն, երկու սիրելի կտրիճներու գերեզմաններուն վրայ եւ խունկով ու աղօթքով սրբացած վանքի հին, շա՜տ հին դրան առջեւ։
Ժամը 3.15 անցած էր արդէն, երբ ծերուկ տնտես մայրիկը ճամբու կը դնէր գիշերուան մութ ու մռայլ այդ պահուն։

Այլեւս վանքին նուիրական դռնէն դուրս էինք։ Քսան օր այդ հոյակապ եւ պատկառելի հաստատութիւնը մեզի օթեւան եւ պատնէշ եղած էր կռուելու Ազատութեան եւ Արդարութեան համար, ու հիմա կը մեկնէինք այլեւս այդ օրհնուած ու անեղծ մնացած սրբավայրէն դէպի վտանգներով լեցուն անորոշ կայանները…։

Հինգ ճերմակ շապիկներ հագնող զինուորներս առաջ ինկանք մեզի հետ առնելով վանքին դրան առջեւ սպասող տասներկու զինուորները։ Վանքին դուռը հանդարտօրէն փակուեցաւ աղօթքի եւ մաղթանքի թափթփուն բառերու հետ։ Քալեցինք մէկ քանի քայլ եւ ահա մեզի միացան երեք դիրքերու վրայ հսկող տղայքներն ալ եւ մտան իրենց որոշուած շարքերուն մէջ։ «Ի՞նչ տեսաք տղերք ձեր շուրջը, ոեւէ մարդ կամ շարժո՞ւմ»։ Նորեկ զինուորներէն մէկը ըսաւ. «Փաշա կարծեմ հոն մարդ կար»։

«Սէյտօ Պօղոս, ոեւէ մարդ տեսա՞ր»։

«Չէ՛ փաշա, քամիին վզվզոցն էր»։

Հինգ ճերմակ շապիկներ հագնողներս 50-60 քայլ առաջ ինկած կը քալէինք լարուած ուշադրութեամբ եւ խուզարկու նայուածքներով։ Երբ 50 քայլ յառաջ գացած էինք, իսկոյն ծունկ զարկինք քննելու եւ տեսնելու մեր շուրջ գտնուածները։ Ետեւս նայեցայ եւ տեսնելու թէ խումբը ծունկ զարկա՞ծ է։ Տեսայ թէ կարգապահութիւնը կատարեալ էր։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացանք, նորէն ծունկ զարկինք, աջ ու ձախ եւ կեդրոնը խուզարկելու համար։ Ոեւէ շարժում կամ շշուկ չկար, քամին միայն կը սուլէր ծառերուն մէջէն եւ ձիւնը կը պտոյտքէր անընդհատ։ Թուրք զինուորներուն վառած կրակները տակաւին կը պլպլային։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացանք։ Քամին կատաղի գազաններու նման կ’որոտա՜ր, կը գոռա՜ր ու կ’անցնէ՜ր մեր քովէն, մեր երեսին, մեր հագուստներուն զարնուելով եւ ձիւնով շեխելով մեր դէմքերը։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացած էինք եւ փոքր դարի մը վրայ ելած արդէն թուրք յառաջապահ զինուորին հետ դէմ ղիմաց էինք։ Դարը քարքարոտ էր եւ դէպի այն ձորը կը տանէր որ մենք նախապէս որոշած էինք անցնիլ անկէ գոմը հասնելու եւ ձեռնափայտեր խրելու իբր նշան խումբին ապահով անցնելուն համար։

Ձայն մը, դողդոջուն ու կցկտուր ձայն մը յանկարծ կոչեց.

«Դուք ո՞վ Էք»։

Մեր եւ թուրք զինուորին մէջտեղ հազիւ հինգ կամ վեց քայլ կար։ Չորս ընկերներուս հետ մեր հրացանները ուղղելով անոր կուրծքին.
«Չճանչցա՞ր զիս, ես հարիւրապետ Մահմէտ էֆէնտին եմ, կէս ժամ է որ հոս կը խուզարկեմ եւ դուք կը քնանաք, այսպէ՞ս պիտի պահէք եւ հսկէք ճան ֆէտայիները, արգիլելու անոնց փախուստը»։ Խօսքերս դէպի Գէորգ Չաւուշին ուղղելով ըսի. «Մահմէտ Չաւուշ այս մարդը կը քնանար, այնպէս չէ՞»։
«Այո, էֆէնտի կը քնանար», ըսաւ Գէորգը։

Մեր ետեւէն եկող խումբին յառաջապահները կը լսէին մեր խօսակցութիւնները։ Ձեռքով նշան ըրի տղայոց որ գան եւ ետեւի դիրքերը բռնեն։ Քիչ մը վարանեցան անոնք եւ ուշացան դիրքերուն ետեւ անցնիլ, ուստի օգտուելով առիթէն հարցուցի թուրք զինուորին թէ «անունդ ի՞նչ է»։
«Հասան», պատասխանեց դողդոջ ու վարանոտ ձայնով։ «Ո՞ւր տեղացի ես եւ որո՞ւ որդին ես, ըսէ ինծի, ես քեզի ցոյց կուտամ առտուն այս անտարբերութեանդ պատիժը»։

Դողդոջ ձայնով մը ըսաւ. «Աստուած, Աստուած, չեմ գիտեր դուք ի՞նչ տեսակ մարդիկներ էք»։

«Կտրէ ձայնդ թէ ոչ շան պէս պիտի սատկիս», ըսի եւ հրացանս ուղղեցի կուրծքին։

Խումբը այս ատեն իմ երկրորդ նշանիս վրայ եկաւ ու անցաւ մեր քովէն։ Անոնք փոխանակ Արապպօի եւ Արծիւի քարերէն անցնելու, ձիւնին վրայ նստած թեքուեցան դէպի ձորը ու ա՛լ չերեւցան։ Ինծի հետ մնացած տղայքները իսկոյն քարերուն ետեւ անցան եւ հասան Արապպօի եւ Արծիւի քարերը։ Այս ատեն տեսայ թէ միմիայն ութը տղայ հետեւած էին ինծի եւ միւսները դէպի ձորն ի վար իջած եւ անհետացած էին շուտ հասնելու գոմը եւ զերծ ըլլալու թրքական կրակէն ու հետապնդումներէն։ Երբ արդէն քարերը հասած էինք թուրք զինուորը սկսաւ պոռալ.
«Ճան ֆետայիները փախան, ֆէտայիները փախա՜ն»։ Թրքական բոլոր դիրքերէն սոսկալի հրացանաձգութիւն մը սկսաւ, անվերջ եւ անհատնում հրացանաձգութիւն մը։ 6000 հրացաններ կը սուլէին օդին մէջէն եւ ձիւնին ու փուքին հետ խառնուած կ’իջնէին, կուգային, կ’անցնէին մեր քովէն, մեր գլուխներուն վրայէն, բայց մենք լուռ ու անձայն մէգին ու մշուշին մէջէն, փուքին ու ձիւնին դէմ կռուելով դէ՜պի գոմ, դէ՜պի լերան սարալանջը կը դիմէինք մեզմէ առաջ ձորը իջնող տղայոց հասնելու եւ զիրար ողջագուրելու գոմին առջեւ։

Երբ քիչ մը յառաջացած էինք, թրքական ծանր կրակներէն ազդուած ինծի ընկերացող տղայքները ըսին. «Փաշա հոս քարերուն ետեւ կենանք եւ դիրք բռնենք»։
«Չէ՛ տղերք, մի՛ զարնէք, անոնք մեր հետքերը կորսնցուցին եւ մեր հրացաններուն կրակները պատճառ պիտի ըլլան մեզ մատնելու եւ մեր ուղղութիւնը մատնանշելու»։

Երբ քիչ մըն ալ յառաջ գացած էինք ըսի. «Տղա՛յք, հանեցէք ձեր թաշկինակները եւ մաքրեցէք ձեր հրացանները»։ Քամին եւ ձիւնը այնքան ահաւոր ու ծանր էին որ ծածկեր էին կոլն ու գոմը։ Երկար, շատ երկար փնտռեցինք, բայց չգտանք։ Երբ գոմը փնտռելու ջանքին մէջ էինք, մէկը նշմարելի եղաւ մութին մէջ, բռնեցինք զայն եւ տեսանք թէ Ցրոնք գիւղի մեր անվարժ տղայքներէն է։ Չէր կրնար խօսիլ։ Ցուրտն ու վախը բռնած էին իր լեզուն։ Հազիւ կրցաւ մէկ երկու բառ խօսիլ։

«Մկրօ՜ն… Մկրօ՜ն զարնուեցաւ… Գէորգ Չաւուշ անոր ոտքէն քաշեց դէպի ձորը, ես բաժնուեցայ եւ հոս եկայ»։

Կասկածներու տակ ընկճուած քալեցինք։ Մկրօն սպաննուած էր, տղայքները չէին երեւեր, այս տղան միայն եկած հոս հասած էր։ Ի՞նչ եղած էին միւսները, ո՞ւր մնացին անոնք, ինչո՞ւ համար գոմը չէին, երբ անոնք մեզմէ շա՜տ առաջ ձորը իջած էին զերծ մնալով թրքական կրակէն։ Այս մտածումները միտքս կը չարչրկէին, ուստի պէտք էր տեղ մը հասնիլ եւ լուր մը ստանալ եւ օգնութեան փութալ անոնց։

Ծիրինկատար, Ճիտօ Քարոց, Կորէկի Աղբիւր Կուռթիկով Սասուն երթալը անկարելի էր, քանզի սաստիկ քամի էր եւ ձիւնը ահաւոր։ Հովը այնքան ուժեղ էր, որ հակառակ մեր կամքին կը քշէ՜ր, կը տանէ՜ր մեզ յարդի մը պէս։ Եթէ փորձէինք այդ ճամբայէն անցնիլ, անպայման եւ անկասկած ամէնքս ալ կամ խեղդամահ պիտի ըլլայինք եւ կամ ձեան հիւսերու տակ պիտի թաղուէինք, ուստի երկու ժամուան ճամբան վեց ժամէն կտրելով լուսաբացին նշմարեցինք Հաւատորիկ գիւղին գոմերը։ Երբ գոմը հասանք, գոմին տէրը դուռը բացաւ եւ մեզ ներս առաւ, օճախը վառեց եւ մենք կրակին առջեւ մեր թաց հագուստները չորցուցինք։ Զինուորներէն մէկին հրացանին կոթը կոտրած էր, իսկոյն զայն շինեցի եւ քիչ մը գարի հաց ուտելէ վերջ երկու տղայքներ գոմերէն մեզի հետ առնելով ճամբայ ինկանք դէպի Շէյխնիստ։ Այս գոմին տէրը կարելի եղած չափով հիւրասիրեց մեզ։ Այս մարդը քառասուն տարի էր որ հովիւ էր եղած եւ մեզ տեսած չէր։ Հարցուցի անոր թէ՝ «Ի՞նչ գաղափար ունէր վանքին մէջ փակուած ճիժերուն մասին»։ Ան ըսաւ թէ. «Աստուած հասնի վանքի ճիժերուն, չեմ գիտեր ի՞նչ խելքի կը ծառայեն։ Կ’ըսեն թէ Ռուսաստանէն օգնութեան պիտի գան անոնց։ Մեր գիւղէն 200 գերաններ տարին եւ ամէն օր 50-60 Հայեր բռնի կը տանէին եւ աշխատցնել կուտային գետնափոր տուներ շինելու վանքը պաշարող զինուորներուն համար»։

Երբ մնաս բարով ըսինք ու միացանք հարեւան գիւղէն եկող երկու տղայքներուն՝ ըսաւ. «Կ’երեւի դուք էիք վանքէն ազատուող ճիժերը, Աստուած եւ Քրիստոս ձեր հետ ըլլայ, բարի երթաք»։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հաւատորիկի գոմերէն ճամբայ ինկանք դէպի Շէյխնիստ։ Շէյխնիստի բնակիչները ամէնքն ալ մեզ կը ճանչնային, ըլլար ծեր կամ փոքր, այր թէ կին։ Գիւղացիք երբ տեսան մեզ, սրտաբաց եւ ուրախ մեզ ողջագուրեցին։ Անոնք ուրախ էին մեր ազատութեան եւ յաղթանակին համար, անոնք հիւրասիրեցին մեզ կաթով, կարագով, մածունով ու թանով։ Այս գիւղէն վեց երիտասարդներ կանչեցի եւ պատուիրեցի որ երեք խումբերու բաժնուին եւ երթան ու լուր մը բերեն մեր տղոցմէն։ Տղայքները հազիւ մեկնած էին, երբ գիւղացիք լուր բերին թէ ճիժերը իրենց հետ շալակաւորներ ունենալով ձորէն անցան։ Այս որ լսեցի, ըսի անոնց. «Հաստատ դուք տեսա՞ք ճիժերը»։

«Այո՛ փաշա, տեսանք»։

«Տղերք, ուրեմն եկէք որ երթանք, շուտ աճապարեցէք ու անոնց հասնինք»։

Տղայքները յոգնած էին։ Անոնք ամէնքը մէկ մէկ կողմ ինկած կը քնանային։ Երկա՜ր աշխատանքէ ու ջանքէ վերջ, վերջապէս կրցայ ոտքի հանել զանոնք, յառաջ երթալու եւ մեր ընկերներուն միանալու համար։ Երբ ճամբայ կ’ելլէինք, գիւղացիներուն պատուիրեցի որ մեր ոտքերուն հետքը ձիւնին վրայէն անհետացնելու համար գիւղին ոչխարները դուրս հանեն։ Երբ մենք դուրս կ’ելլէինք, անոնք իրենց 6000 ոչխարները դուրս հանեցին մեր ոտքերուն հետքերը անհետացնելու համար։

Երբ Քոբ երթալու համար ձորին բերանը հասանք՝ դէպի լեռը բարձրանալու, մեր առջեւ խումբ մը նշմարեցինք։ Տասնեւութը հոգինոց խումբ մըն էր ան։ Այդ խումբէն երկու հոգի բաժնուեցան եւ դէպի մեզի ուղղուեցան։ Երբ մեզի մօտեցան, տեսանք թէ մէկը Հայ էր, միւսը Քիւրտ։ Հայուն հարցուցի թէ. «Տղա՛յ, մեր առջեւէն քալողները որո՞նք են», ըսաւ. «Փաշա՛, ութը Քիւրտ, մնացածը Հայեր են»։

«Շատ լաւ»։ Քալեցինք եւ հասանք խումբին։ Երբ Չէթօ եւ Սէյտօ Պօղոսը քիւրտերը տեսան՝ հրացաննին վերցուցին որ սպաննեն։ Ապտակ մը մէկին, ուրիշ մը միւսին զարկի եւ սկսայ բարկանալ, եւ դառնալով քիւրտերուն ըսի. «Մի՛ վախնաք, ոեւէ բան պիտի չպատահի ձեզի»։
«Տղերք, 21 օր 6000 թուրք զինուորներու դէմ կռուեցաք եւ ազատեցաք, ամօթ չէ՞ մեզի, աշխարհ ի՞նչ պիտի ըսէ, երբ լսէ որ մենք սպաննեցինք այս անզէն քիւրտերը, այդքան պատուաւոր դիմադրութենէ վերջ»։

Տղայքները ազդուած իմ խօսքերէն, գլուխնին կախեցին եւ մտիկ ըրին։ Այս քիւրտերը կը պատկանէին Պօչըգցի էշիրէթին։ Ձիւնին վրայ նստեցանք քիչ մը հանգչելու համար։ Քիւրտերը իրենց հացին ծրարները բացին եւ ծխախոտի փայտէ տուփերը տուին մեզի ծխելու համար։ Օրերով ծխած չէինք։ Հակառակ ձմռան ցուրտին եւ ձիւնին առթած դժուարութիւներուն, մենք մոռցած մեր յոգնութիւնը՝ կը քալէինք ժամ առաջ տղայոց հասնելու։ Հեռուն ձիւնին մէջէն ուրիշ խումբ մը երեւցաւ։ Հայերուն հարցուցի թէ. «Ձեր առջեւէն քալողները որո՞նք են, գիտէ՞ք»։

«Այո՛ փաշա, ճիժերն են»։

Հազար քայլի չափ հազիւ քալած էինք, երբ ձիւնին մէջէն մէկը երեւցաւ։ Մոկաց Եսթերին եղբայրն էր։ Այն տղան էր որ Եսթերին պատիւը փրկելու համար Մուշեցի թուրք շէրիֆը սպաննած եւ մեր մօտ եկած էր։ Տղան պառկած էր կռնակին վրայ, աչքերը ծռած էին, լեզուն իր բերնէն դուրս ինկած էր, եւ արիւն կը կաթէր։ Խէնչէրովս իսկոյն ակռաները բացի եւ դգալի կոթ մը անցուցի ակռաներուն տակ լեզուն ազատելու համար։ Քառորդ ժամ շփել տալէս վերջ, ձեռքը ձեռնոցներ անցուցի, գլուխը փաթթեցի ու քրդերուն շալկեցնելով ճամբան շարունակեցինք։

Մտահոգ էի, ի՞նչ էր պատահած որ այս տղան հոս միսմինակ ձիւնին մէջ ձգուած էր։ Ինչո՞ւ համար տղայքը իրենց հետ վերցուցած չէին զայն, այս մտածումին տակ ճնշուած՝ արդէն հասած էինք սարին գագաթը։ Երբ դէպի Քոբ երթալու համար ձորը մտանք, ձիւնին մէջ մեր տղայոց հրացաններուն կոթերուն կաղապարները տեսայ։ Մեր եւ թուրք զինուորին հրացաններու կոթերուն ձեւերը տարբեր էին։ Հակառակ իմ պատուէրիս, տղայքը անզգոյշ գտնուած էին իրենց հրացաններուն կաղապարներուն հետքերը ձիւնին մէջ թողելով։ Ես պատուիրած էի անոնց որ միշտ զգոյշ ըլլան ոեւէ հետք չթողելու իրենց ետեւ թշնամիին ցոյց չտալու իրենց ուղղութիւնը կամ անցքը։

Ուրախ էի։ Մեր զինուորները մինչեւ հոս ապահով եկած էին եւ այլեւս ասկէ անդին ոեւէ վախ ու վտանգ չկար անոնց։ Արագ արագ կը հետեւինք անոնց հետքերուն։ Այս միջոցին Եսթերին եղբայրը սկսաւ լալ ու խօսիլ։

«Տղա՛յ, ո՞վ էր քովդ»։

«Ասատուրը եւ Վարդանը»։

«Գէորգը, Վաղարշակը, Հաճի Յակոբը եւ բոլորն ալ գացի՞ն»։

«Այո՛ փաշա, գացին»։

Քոբ գիւղի Զէյնեկցիկ ըսուած գոմերը չհասած՝ բռնեցինք տղայքները։ Անկարելի էր բառերով նկարել այն խանդավառ գիրկընդխառնումները, համբոյրները եւ արտայայտութիւնները որ պատահեցան այդ գոմերուն մօտիկ ճերմակ ձիւնին վրայ եւ կապոյտ երկինքին տակ:

Քիչ վերջ երբ գիւղացիք լսեցին մեր գալը եւ տեսան մեզ, իսկոյն գացին եւ իրենց խոստումները կատարեցին մատաղներ ընելով։ Եօթը ոչխարներ մորթուեցան այդ օր այդ գիւղին մէջ։

Գէորգ Չաւուշը քովս կանչեցի հասկնալու համար թէ ի՞նչ պատահած էր իրենց որ չընկերացան ինծի, այլ թեքուեցան դէպի ձորը։
Գէորգ պատասխանեց թէ երբ դուք թուրք զինուորին հետ կը խօսէիք, տղայքները առանց հնազանդելու ձեր պատուէրին, Թուրքերուն ետեւի դիրքերը բռնելու, ձորն ի վար սահեցան շուտ ազատելու համար։ Ցրոնքէն նոր եկող անվարժ զինուորներէն մէկը հակառակ պատուէրիդ եւ իմ խուզարկութեանս, իր հրացանը գաղտնի լեցուցած է եղեր, ձորն ի վար սահելու ատեն հրացանը յանկարծ պայթեցաւ եւ գնդակը գնաց Մկրօին ապան ծակեց եւ ջարդ ու փշուր ըրաւ Մկրօին փամփուշտակալը։ Մկրօն խորհեցաւ թէ զարնուած է, ուստի սկսաւ պոռալ եւ անունս տալ։ Վազեցի եւ քննեցի, ու տեսայ թէ զարնուած չէ։ Այդ ատեն՝ տղան վախնալով թէ Մկրօն մեռած է, ձգեց մեզ ու փախաւ։ Հազիւ քանի մը վայրկեան անցած էր, Հաճի Յակոբին ձայնը լսեցի որ այն ալ իմ անունս կուտար ըսելով՝ որ վիրաւորուած է եւ չի կրնար քալել։ Մօտեցայ եւ տեսայ թէ վիրաւորուած չէր հակառակ իր աղմուկին եւ վախին։ Ձորն ի վար սահելու ատեն բարձրութենէ մը վար ինկած էր եւ սուր քար մը անոր զիստը մխուած էր քչիկ մը արիւնելով։ Այս դէպքը Հաճի Յակոբին խորհիլ տուած էր թէ վիրաւորուած է։

«Ի՞նչպէս եղաւ որ դուք գոմը չկրցիք գալ»։

«Գոմը չկրցինք գալ, քանզի քամին շատ սաստիկ էր, եւ մենք մեծ դժուարութեամբ Սինէ Մերիկ չգացած՝ սարը ուղղուեցանք եւ անկէ եկանք Քոբ»։

ՏԽՈՒՐ ՄԻՋԱԴԷՊ ՄԸ

Գիւղացիք եւ զինուորները ուրախութեան մէջ էին։ Մեծ կաթսաներ դրուած էին կրակին վրայ կերակուր պատրաստելու համար։

Քսան օր 6000 զինուորներու հետ կռուող խումբ մը քաջեր կը հիւրասիրէին իրենց հայրենակիցներէն, սիրալիր եւ խնդումերես։ Բերկրանք մըն էր տեսնել Հայ գիւղացին այդ խանդավառութեան մէջ, հրճուանք էր տեսնել նաեւ Հայ հարազատ զինուորը իր յաղթանակին մէջ։ Ամէնքը ուրախ եւ զուարթ էին։ Մէկը նստած իր հրացանը կը իւղէր, կը մաքրէր, ուրիշ մը իր հագուստները կը չորցնէր, ուրիշներ խորովածներու շիշերը կը դարձնէին կրակին վրայ, յաղթանակի տօնը տօնելու եւ ուրախութեան հացը ճաշակելու համար։ Գինովքի եւ հրճուանքի այս իրարանցումին մէջ միտքս ակամայ կ’երթա՜ր, կը հասնէ՜ր դէպի վանք։ Արդեօք ի՞նչ եղան որբերը, ի՞նչ համարձակութեամբ եւ վայրի ատելութեամբ թուրքեր իրենց պիղծ ոտքերը ներս դրին այդ օրհնուած սրբավայրէն։ Ի՞նչպէս անոնք կրնային համարձակ ու անվախ ներս մտնել, երբ դեռ երէկ չէին կրնար իրենց գլուխները բարձրացնել իրենց պատնէշներուն ետեւէն նայելու այդ հոյակապ գմբէթին, որուն վրայ քառաթեւ խաչը կը փայլէր լերան կատարին առընթեր, կապելով Հայ ժողովուրդին սէրն ու հաւատքը դէպի իրեն եւ դէպի իր հարազատ կռուող զաւակները։

Այս ցաւը, այս վիշտը երկաթի պէս ծանր կ’իջնէր երբ այդ պզտիկներուն հետ սիրելի Յարութիւնը եւ Ղազարը իրենց դալուկ դէմքերով աչքերուս առջեւ կուգային։ Կարծես դեռ ականջիս մէջ կը հնչէին անոնց վերջին հառաչանքները, վրէժի ուխտը։ Անոնք ինկած էին Ազգին Ազատութեան համար, մխիթարութիւնն ունենալով որ իրենց գերեզմանը պիտի ըլլար վանքին օրհնուած հողը միայն։ Վշտի ու ցաւի պարբերական զգացումներուն տակ փսփսուք մը, իրարանցում մը նշմարեցի զինուորներուն եւ ժողովուրդին մէջ։ Փոխուեցան տրամադրութիւնները, այլայլուեցան անոնց դէմքերը, քիչ առաջուան խանդավառ ցոյցերը եւ ծիծաղները չկային, ամէնքն իրենց ձեռքերը կուրծքերուն տարած գլխիկոր նստած էին։ Ի՞նչ կար, ինչո՞ւ համար վհատեցան անոնք, անո՛նք որոնք քսան օր անհաւասար գոյամարտ մը մղած էին եւ ընկճուած չէին։ Ի՞նչ պատահած էր, հարուածը անոնց սրտին, անոնց կուրծքին իջած էր։ Պոռացի իսկոյն։
«Գէո՛րգ, Գէո՛րգ, ի՞նչ պատահած է, ըսէ ինծի»։

Ոչ ոք չպատասխանեց։ Ստիպեցի որ խօսի։ Սուգը դէմքին վրայ եւ ցաւը աչքերուն մէջ, պատմեց թէ զինուորներէն մէկը ծանր կերպով վիրաւորուած էր տղոց մէկին գնդակէն եւ կը փափաքի վերջին անգամ քեզ տեսնել։

Բոպիկ եւ գլխաբաց ձիւնին մէջէն՝ վազեցի զինուորին քով։ Խասգիւղցի Մկրօն իր հրացանը մաքրելու ատեն, յանկարծ պայթած եւ վիրաւորած էր ծանր կերպով Տէրքէվանքցի Բարսեղը։ Երբ Բարսեղը տեսայ, սկսաւ լալ։ Գրկիս մէջ առի եւ համբուրեցի։ Տեսայ վերքը, սրտի աջ մասէն զարնուած էր եւ գնդակը կուրծքին մէջ մնացած էր։ Յոյս չկար ազատելու։ Փորձ մը ըրի, յուսահատ փորձ մը։ Բերանս վէրքին բացուածքին վրայ դրի եւ սկսայ ծծել գնդակը դուրս բերելու յոյսով, բայց ի զուր։ Արտասուալի աչքերով իր վերջին խօսքերը զրուցեց. «Լաւ կ’ըլլար որ զիս ալ Յարութիւնին քով պատուաւոր մահով մը թաղէիր, քան թէ ընկերոջ մը ձեռքով իյնայի։ Մկրօն չյանդիմանես, որովհետեւ անփորձ էր եւ եղածը ակամայ եղած էր»։

«Ուրիշ ի՞նչ կ’ուզես Բարսեղ»։

«Հաւանական է որ կինս ամուսնանայ, տղաս ձեզի կը թողում, անոր կրթութեան հոգ տարէք»։

Շարունակ ջուր կը խնդրէր, Աստուծոյ եւ Քրիստոսի անունով։ Գլուխը թեւերուս մէջ առնելով խոշոր աման մը ջուր խմցուցի։ Երկու վայրկեան վերջ գոյնը փոխուեցաւ ու լեզուն բռնուեցաւ։ Հասկցայ որ այլեւս կը մեռնի։ Երկու տղայքներ քովը թողուցի եւ պատուիրեցի որ երբ մեռնի դիակը Քոբ գիւղը թող բերեն։
Բարսեղի քովէն հազիւ վերադարձած էի, երբ գիւղացիք եկան ու ըսին. «Փաշա, եթէ թուրք զինուորները գան, եւ ըսեն թէ ո՞ւր գացին ճիժերը, ի՞նչ ըսենք անոնց»։

«Ես ձեզի իրաւունք կուտամ որ չուրանաք մեր հոս գալը։ Ըսէք թէ չենք գիտեր քանի՛ հարիւր հոգի էին երբ գիւղը մտան։ Ամէնքն ալ զինուած էին, տասը, տասնեւհինգ հոգի ծեծեցին, բռնի հաց առին, մեզ քանի մը տուներու մէջ լեցուցին, դռները փակեցին, պահապաններ դրին։ Կէս ժամ հազիւ անցած էր, դուրս ելանք եւ տեսանք թէ ոչ ոք չկար։ Չենք գիտեր ո՞ւր կամ ո՞ր կողմը գացին։ Ճամբայ մը Ծովասար, ճամբայ մը Աղբի, ճամբայ մը Շուշնամերկ, Կէլիկուզան կ’երթայ»։

Երբ այս իրաւունքները տուի իրենց ուրախացան, եթէ այս թելադրանքները չընէի, հաւանական էր որ, ծեծի տակ մատնութիւններ ըլլային։
Այս խօսակցութենէն հազիւ քանի մը վայրկեան անցած էր, երբ լուր եկաւ թէ Բարսեղը մեռաւ։ Լուր ղրկեցի Տէր Գարեգին քահանային որ գայ եւ թաղումը կատարէ։ Գիւղացիք ինծի խոստացան թէ իրենք ամէն բան պիտի կատարեն եւ թաղեն Բարսեղը գիւղի գերեզմանատան մէջ։

Մեր երկու հիւանդ զինուորները եւ ութը գիւղացիներ մեզի հետ առնելով գիշեր ատեն ճամբայ ինկանք։ Լուսաբացին հասանք Գիւղաշէն գիւղը։ Տեղացիք մեզ տեսնելով սարսափահար լեռը փախան մեզ թուրք զինուորներ կարծելով։ Երբ լուր հասաւ անոնց թէ մենք ենք, իսկոյն լեռնէն վար եկան։ Այս գիւղացիք ալ ուրիշ գիւղացիներու նման մատաղ խոստացած էին։ Այս գիւղին մէջ յայտնի դէմք մը կար որ Գրէ անունով կը կոչուէր։ «Լաւօ, Տօնէ, տղաս գնա՛ եւ ըսածս ըրէ»։ Երկու եզ ունեցած է, որուն մէկը խոստացած էր մատաղ ընել մեր ազատութեան համար։

Այդ գիշեր լուր տարածուեցաւ շրջանի գիւղերը, Շէնիկցիք, Սէմալցիք, Կէլիկուզանցիք, Աղբէցիք, թուով մօտ երեք հարիւր զինուած մարդիկ լեցան գիւղը։ Մեր հիւանդները փոխադրեցին սահնակներով ապահով տեղեր խնամելու զանոնք։ Յաջորդ օր ալ հոս մնալէ վերջ անցանք Սէմալ։ Սէմալի նորընծայ Տէր Կարապետը ծանուցում ըրաւ ժողովուրդին եւ հարիւր կոտ ցորեն հաւաքելով ալիւր ըրաւ եւ մեզի բերաւ մեզի հետ Կէլիկուզան տանելու համար։
Սասունցի բոլոր իշխանները (մեծերը) մեզի եկան եւ հարց տուին. «Ի՞նչ կը մտածես փաշա, թուրք զինուորը կուգա՞յ ետեւէդ»։

«Ապահով եղէք, մէկ թուրք զինուոր իսկ չի կրնար քաջութիւնն ունենալ հոս գալու այս ձիւնին ու փուքին, եթէ անոնք փորձեն այդ լեռներէն անցնիլ, բոլորն ալ կը կոտորուին»։

Միւս օր փոխադրուեցանք Կէլիկուզան եւ մտածեցինք մեր ռազմանիւթին եւ հրացաններուն մասին։ Կոտրտած հրացանները շինեցինք, մաքրեցինք միշտ պատրաստ ըլլալով ոեւէ մէկ պատահարի դէմ։ Մենք ամէն օր լուր կը ստանայինք այն բոլոր դէպքերուն եւ զրոյցներուն մասին որոնք տեղի կ’ունենային Մուշի եւ շրջանի գիւղերուն մէջ։

Վանքին մէջ մեզ պաշարող 6000 թուրք զինուորներուն մէջ հիւանդութիւն մը ճարակած էր։ Հիւանդութիւն մը՝ որ նոր էր իր տեսակին մէջ ու անհասկնալի։ Կ.Պոլսէն, Երիզայէն բժիշկներ բերուեցան այդ հիւանդութեան առաջքն առնելու եւ դարմանելու համար։ Ամէն անոնք որոնք կը վարակուէին այդ հիւանդութեամբ, իրենց թոքերը կը մաշէր ու կը հատնէր մինչեւ որ մեռնէին։ Գտնուեցան բազմաթիւ զինուորներ ալ որ խելագարեցան եւ փողոցներ ինկան։ Այս տեսարաններէն Թուրք եւ Քիւրտ ժողովուրդները սարսափած զրոյցներու ծայր տուին։ «Հարկաւ կը մեռնին ու կը խենդանան, այսքան տարուան հինաւուրց վանքին վրայ գնդակ նետողները»։

Ժողովուրդին զրոյցներուն համաձայն 1800 թուրք զինուորներ մեռած եւ սպաննուած էին քսան եւ մէկ օրուան մէջ, ըստ կառավարական պաշտօնական տեղեկագրին 35 թուրք զինուորներ մեռած էին։ Այն Հայերը որոնք զինուորին միսը, հացը, կօշիկը եւ հագուստը պայմանարկած (խոնտուրաթ) էին, անոնց տուած տեղեկութեան համաձայն թէ սպաննուած եւ թէ մեռած էին քսան եւ մէկ օրուան մէջ 558 թուրք զինուորներ։
1903ին ինծի մօտ եկան իրենց զէնքերով միասին վանքը պաշարող թուրք զինուորներէն մէկ քանին։ Այս զինուորները կարգ մը դէպքեր պատմեցին որոնք մեզի համար բոլորովին նորութիւններ էին։ Զինուորներէն մէկը Զիա պաշչաւուշ, իսկ միւսը Ապտուլլահ օնպաշի անուններով կը կոչուէին։ Ասոնք մինչեւ 1904 Սասունի կռիւներուն իմ քովս մնացին եւ ինծի օգտակար եղան թարգմանելով թրքական բոլոր հրամանները որոնք փողի ձայնով (պօռօզան) թուրք զինուորին կը տրուէին։ Երբ 1909ին գաղտնի անցագրով Կ.Պոլիս գացած էի, յանկարծ «Ազատամարտ»ի խմբագրատան մէջ ինծի հանդիպեցաւ այս զինուորներէն մէկը։
Այս թուրք զինուորները դժգոհ իրենց վիճակէն, ինծի մօտ եկած էին հանգիստ հաց մը ուտելու։ Անոնք պատմեցին թէ ձեր յաջողութիւնը հարկադրեց կառավարութիւնը, որ թնդանօթ քաշէ ձեր վրայ։ Ալի եւ Ֆէրիք փաշաները որոնք 6000 զինուորներուն հրամանատարներն էին, անհամաձայնութիւն մը ունեցած էին իրենց մէջ վանքին վրայ թնդանօթ քաշելու խնդրոյն շուրջ։ Ալի փաշան կը պնդէր թէ թնդանօթ պէտք էր բերել եւ զարնել, թէ ոչ այդ մարդիկը վանքէն դուրս կուգան եւ մենք անպատիւ կ’ըլլանք թէ կառավարութեան եւ թէ ժողովուրդին առջեւ, բայց Ֆէրիք փաշան կը հակառակի առարկելով թէ իրեն ոեւէ հրաման չկայ Կ.Պոլսէն։

Ալի փաշան դժգոհ Երիզա կը մեկնի 4րդ բանակէն թնդանօթներ եւ նոր հրաման ու զինուորներ բերելու համար։ Իր կէս ճամբուն վրայ լսելով ձեր վանքէն դուրս գալը ետ կը վերադառնայ։

Ժողովրդական զրոյցներու համաձայն Ֆէրիք փաշան իսկոյն Կ. Պոլիս կանչուած է մեր վանքէն դուրս գալէն վերջ՝ սա ամբաստանութեամբ թէ «Ֆէրիք փաշան վանքը պաշարող շղթային մէկ մասը պարապ ձգած է Անդրանիկ փաշայի եւ իր զօրքերուն առջեւ, Անդրանիկ փաշայէն հսկայ գումարներ կաշառք ստանալով»։ Արդէն Տիգրանակերտէն մինչեւ Պիթլիս, Վան, խարբերդ եւ Կարին նահանգները շրջան ըրած էր մեր պաշարուիլը վանքին մէջ։ Այնպէս հաւատացուցած էին ժողովուրդը թէ այլեւս հնարաւորութիւն չկայ Հայ յեղափոխականներու ազատութեան, բայց հիմա մենք անվնաս էւ ազատ դուրս եկած էինք վանքէն։ Մեր ազատութիւնը անըմբռնելի էր, հասարակ ժողովուրդին եւ պաշտօնեաներուն։ Մեր յաղթանակը խաղի եւ կաշառքի քօղովը ծածկել ջանացին, իրենց անկումը եւ տկարութիւնները ծածկելու համար։

Վանքին մէջ երբ պաշարուած էինք մենք, Մուշի բանտին մէջ Սեւ Քարեցի Սագօն եւ Ճիպրանցի Քիւրտ Համիտիէ Ալայի հրամանատարներէն մէկը գրաւի կուգան մեր ազատութեան համար։ Ճիպրանցի տղան որ բանտարկուած էր Սագոյի պէս, օր մը բարեկամանալով Սագոյի հետ կ’ըսէ. «Սագօ՛, Անդրանիկ փաշան պիտի ազատի վանքէն»։ Քիւրտ աղային այս խօսքերէն ազդուած՝ Սագօն կ’ըսէ. «Ի՞նչ բանի վստահելով կ’ըսես այդ, աղա, քանի որ ես գիտեմ թէ այլեւս անկարելի է անոր եւ իր զինուորներուն ազատութիւնը, երբ 6000 զինուորներ շղթաներ ձգած արգիլած են անոնց ազատութիւնը»։

«Սագօ՛, եթէ այդ մարդը չազատի, ես իմ ձիերէս մէկը քեզի նուէր պիտի տամ, եթէ ազատի դուն ինծի ի՞նչ պիտի խոստանաս»։

«Ես հոս բան մը չունիմ բացի իմ սազէս, բայց երբ ազատուիմ ու երթամ Ռուսաստան, ես ալ քեզի աղուոր նուէր մը կը ղրկեմ»։

Օր մը Մուշի բանտարկեալներն ալ կը լսեն մեր վանքէն ազատիլը։ Քիւրտ աղան իսկոյն կը պոռայ. «Սագօ՛, Սագօ՛, տեսա՞ր, ես չըսի՞ թէ այդ մարդը պիտի ազատի»։ Սագօն կը մօտենայ եւ կ’ըսէ. «Աղա, ի՞նչ բան թելադրեց քեզ որ խորհիս թէ Անդրանիկ փաշան պիտի ազատի»։ «Սագօ՛, այդ մարդը այսքան տարի է հոս է, լսա՞ծ էք որ անմեղի մը քիթը արիւնէ կամ անիրաւ տեղը մէկը սպաննէ։ Աստուած այդ մարդը չազատէր հապա ո՞վ ազատէր։ Այս էր իմ հաւատքս, որ ինծի խորհիլ կուտար թէ պիտի ազատուին»։

Յունուար ամիսն էր. Մուշի երբեմնի Առաջնորդի փոխանորդ Տէր Յարութիւն Քահանայի հետ Ռուս հիւպատոս Պ.Րումանովսքի լուր ղրկած էր ինծի Սասուն՝ թէ կարելի՞ է տեսակցութիւն մը ունենալ։ Պատասխանեցի թէ՝ եթէ իրեն հետ տեսնուիմ Մուշի մէջ, պէտք է ինծի հետ ընկերանան 150 զինուած տղայքներ։ Անմիջապէս պատասխան ղրկած էր թէ, «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, եթէ ինք չի կրնար գալ, թող իր գրագիրներէն մէկը ղրկէ»։

Նախ մտածեցինք Վաղարշակը ղրկել, բայց յետոյ խորհեցանք թէ արժէք ունեցող բան մը պիտի չըլլար հիւպատոսին ըսածները, ուստի լուր ղրկեցի Տէր Հօրը թէ, «Եթէ այդ մէկը մօտդ ղրկեմ, ան չի կրնար վերջնական պատասխան մը տալ քեզի առանց մեզի հետ խորհրդակցելու։ Հիւպատոսը քեզի թող խօսի եւ դուն ալ մեզի բեր անոր ըսածները»։

Լուրերու Սասունէն Մուշ երթալ գալը մինչեւ Փետրուար ամիսը տեւեց։ Օր մը Տէր Յարութիւն Քահանան հետեւեալ լուրը ղրկեց ինծի։ «Թուրք կառավարութիւնը բոլոր կատարուած չարիքները կը ձգէ՝ ձեր յեղափոխականներուդ վրայ, առարկելով թէ դուք էք որ կը խանգարէք երկրին անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Եթէ անոնք հեռանան այս երկրէն, գայլ եւ գառնուկը մէկտեղ պիտի ապրին ու մենք պատասխանատու կ’ըլլանք ամէն արեան կաթիլի, հետեւապէս Ռուսիոյ հիւպատոսը կը թելադրէ ձեզ որ ատենուան մը համար հեռանաք այս երկրէն։ Ես, կ’ըսէ հիւպատոսը, Պոլսոյ մեր Ռուս դեսպանին միջոցաւ ձեզի ներում կը բերեմ եւ ձեզի հետ ձին հեծած ապահով կերպով մինչեւ Պարսկաստան կը տանիմ»։

Ես ալ պատասխանեցի հետեւեալը.

«Մենք այս երկրին զաւակներն ենք։ Ինչպէս ինք Ռուս պաշտօնեայ մը իր պետութեան հրամանները կը կատարէ, մենք ալ մեր վերին հրամանները կատարող պաշտօնեաներ ենք հոս, առանց մեզի վերէն տրուելիք հրամանին ասկէ դուրս չենք կրնար գալ։ Թող ինք շարունակէ Հայ ժողովուրդը Օրթոտոքս եկեղեցիին դարձնել, իսկ մենք ալ կը շարունակենք մեր գործը։ Շնորհակալութիւն յայտնեցէք մեր կողմէն իր բարեացակամ վերաբերումին եւ առաջարկներուն համար»։
Օրթոտոքսութեան խնդիրը կարծեմ այնքան յառաջ գացած էր, որ Հայ եկեղեցին օրթոտոքս ձեւով պատարագ պիտի ընէր։ Բաւական ջանքերէ վերջ երբ Ռուս հիւպատոսը տեսաւ թէ ոեւէ յաջողութեան յոյս չկայ, Զատկի կանաչ կիրակին Մուշէն մեկնեցաւ մէկ քանի քաջալերական խօսքեր խօսելով Մուշի աչքառու Հայ դէմքերուն, ջատագովելով իր աշխատանքները, յայտնելով անոնց թէ մօտ ատենէն դարձեալ Մուշ պիտի վերադառնայ։

***

Արդեօք 1914ի ընդհանուր պատերազմին, եթէ Մուշի դաշտին Հայ ժողովուրդը Օրթոտոքս եկեղեցին ընդունէր, պիտի կոտորուէ՞ր, ինչպէս կոտորուեցան Կաթոլիկ եւ Բողոքական Հայերը։ Պատասխանս է. «Այո՛, պիտի կոտորուէր»։

Ֆրէզնօ, 5 Ապրիլ 1924

Տպել Տպել