Խմբագրական. Շեղելու Փորձեր

azdakԸնթացիկ տարուան առաջին ամիսը յատկանշած իրադարձութիւնները մտածել կու տան, որ բազմաթիւ ուղղութիւններով մեր թշնամիները ձեռնարկած են պետական մակարդակներու վրայ շատ աշխուժ պայքարի` հանրային կարծիքը կողմնորոշելու եւ հայկական պետութիւններու ուշադրութիւնը շեղելու քաղաքականութեան:

Փորձենք ամփոփ կէտերու մէջ նշել այն ուղղութիւնները, որոնք ցարդ կ՛երեւին Անգարայի եւ Պաքուի միացեալ, միջպետական շտապին կողմէ հայկական հարցերուն գծով ուշադրութիւն շեղելու քաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ: Նկատուածները գուցէ ուրուագիծեր են, որոնք կրնան նախանշել կիրարկուող քաղաքականութեան բուն շարժառիթները:

Պաշտօնական Անգարան հետզհետէ թափ պիտի տայ ցաւակցագրական, ընդհանուր ցաւեր կիսելու, անատոլուական միեւնոյն բնօրրանին պատկանելիութիւնը շեշտելու, «վերադարձէք»-ի, քաղաքացիական իրաւունքի վերականգնման խոստումներու, նոյնիսկ կալուածներու իւրայատուկ հատուցման, եկեղեցիներու վերանորոգման, բացուած անհատական դատերու դիմաց կիսահատուցումներու ընդհանուր ներկայացումին, բառին թատերական իմաստով:

Այս ներկայացման արարներու զարգացման ականատես պիտի ըլլանք տակաւին: Զուգահեռ, ազգայնական տարրերը դեր ունին կարծր, անհանդուրժողականութեամբ յատկանշուող յայտարարութիւններով հանդէս գալու, որպէսզի իշխանութիւնները միջազգային ընտանիքին ապացուցեն, որ ի գին մեծ դժուարութիւններու եւ ներթրքական բողոքի հսկայական ալիքներու բարձրացման «ձիթենիի ճիւղ» կ՛երկարեն հայկական կողմին:

«Հրաւէր ընդդէմ հրաւէր»-ին կամ հայկական իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան հակազդելու Անգարայի ամենաբարձր մակարդակի վրայ առնուած այս քայլերը կը նախանշեն, որ 100-ամեակը յայտնուած է Անգարայի համապատասխան գերատեսչութիւններու տեսադաշտին կեդրոնը:

«Թալէաթ փաշա»-ի ժխտողական ջոկատներու գործուղումը եւ փերինչեքներու նորանոր յայտարարութիւնները այս խճանկարին մաս կը կազմեն, եւ բոլորը տեղ մը, կարեւոր չափով կը նպաստեն հանդուրժողական երեւիլ փորձող էրտողանական վարչախումբի ծրագիրներու իրականացման:

Հիմնական այս ուղղութիւններուն առընթեր եւ անկախ Կալիփոլիի յոբելենական նշումի արարողութիւններէն, արդէն իսկ համոզիչ կը դառնայ, որ վերահսկուած թոյլտուութեամբ առիթ պիտի տրուի ապրիլ 24-ի զոհերուն, ընդ որում ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումով, յիշատակի ձեռնարկներ կազմակերպել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ:

Այս բոլորը շղարշային ծածկոյթով թէ ուղղակի, տեսանելի են արդէն: Վտանգաւոր այլ ուղղութիւն մը կը թուի ինքզինք զգալի դարձնել աշխարհագրական տարբեր միջավայրի մէջ:

100-ամեակին հակազդելու ռազմավարութիւնը յայտնաբար թուրքեւազրպէյճանական միացեալ շտապին առաջնային օրակարգերէն է: Ինչպէս որ Կալիփոլին քարոզչաքաղաքական մակարդակի վրայ միջազգային հանրային կարծիքը շեղելու ծառայող քայլ է, այնպէս ալ հայկական ներուժն ու ուշադրութիւնը Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ կեդրոնացնելը միացեալ առաջադրանք է թշնամիին համար: Եւ պարզ է, որ կիսապատերազմը կամ այն ինչ կը պատահի այսօր` արձակազէններ, հետախոյզներ, ուղղաթիռի խփում եւ ներթափանցման փորձեր, կը միտի այդ քայլին: Հայկական աշխարհը ներգրաւել առաջադրուած իրավիճակին, որպէսզի արգելակուի 100-ամեակի միջազգայնացման աշխատանքը:

Եթէ Անգարան Կալիփոլիի նշումով կ՛ուզէ հակաքայլ առնել 100-ամեակին, ապա Պաքուն շփման գիծի իրավիճակի լարումով իր մասնակցութիւնը կը բերէ համահայկական ուշադրութիւնը շեղելու հակառակորդներու ձեռնարկած միացեալ աշխատանքին:

Օրինաչափ եւ ընկալելի համարուող նշումներէն, յոբելեաններէն, բառեզրերու օգտագործումէն եւ արարողակարգերէն աւելի հայկական ամէնէն հատու պատասխանը այս բոլորին` հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու անոտնձգելիութեան, անթափանցելիութեան եւ անխորտակելիութեան պահպանումն է եւ միւս կողմէ հայութեան պատմական բոլոր իրաւունքներու պահանջին վերաբերող հայեցակարգի, հռչակագիրի եւ իրաւական թղթածրարի ամբողջացումն է: Առայժմ այս հանգրուանին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել