Հոգեհանգստեան Յայտարարութիւն

glandelԻնչպէս աշխարհով մէկ տարածուած հայկական համայնքները, այնպէս ալ մեր համայնքի ողջ հայութիւնը ցնցուեցաւ Յունուար 12ին, երբ լսեց Գիւմրիի մէջ անմարդկային ոճիրին զոհ դարձած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներու եղերական մահը:

Համատարած դատապարտման եւ սուգի վերածուած այդ ոճրագործութիւնը առաւել խոր ցաւ ու մորմոք պատճառեց բոլորիս, երբ տեղեկացանք, որ ահաւոր այդ սպանդէն ճողոպրած միակ մանուկը՝ վեցամսեայ Սերեոժա Աւետիսեանը, մէկ շաբաթ մահու-կենաց պայքարէ ետք՝ իր աչքերը ընդմիշտ փակեց Յունուար 19ին:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, դատապարտելով Աւետիսեան ընտանիքին դէմ կատարուած ոճրային սպանդը՝ իր խորազգաց ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնը կը յայտնէ Աւետիսեան գերդաստանին, գիւմրեցիներուն եւ ողջ հայութեան:

Ի յիշատակ զոհուած ընտանիքի անդամներուն, Կեդրոնական կոմիտէիս նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի, Յունուար 25ին, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ հանգուցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Այսու կոչ կ՛ուղղենք համայնքիս բոլոր անդամներուն՝ ներկայ գտնուելու եւ յարգելու զոհուած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներու յիշատակը:

asbarez.com
22/01/2015

Տպել Տպել