ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք

ԱնթիլիասՇաբաթ, 14 փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի:

Վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ ու յատկապէս համահայկական հռչակագիրը եւ անոր ձգած դրական արձագանգը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել