Ակնարկ. «Ցեղասպանական» Հեքիաթներու Հիւսուածք

FotorCreatedՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման դիմաց առնուող հակաքայլերը Կալիփոլիի 100-ամեակի կազմակերպումով չեն սահմանափակուիր: Անակնկալի առջեւ պէտք չէ գտնուինք, իբրեւ հայկական կողմ, եթէ ոչ միայն Խոջալուն իբրեւ «ցեղասպանութիւն» միջազգայնացման փորձ կատարէ թուրքեւազրպէյճանական դիւանագիտական միացեալ համակարգը, այլ նոյնիսկ Սումկայիթը ներկայացնէ, իբրեւ նոյնինքն հայերու կողմէ կազմակերպուած ջարդ:

Այս երկրորդ տեսութիւնը հակազդեցութիւն է Խոջալուի դէպքերուն բնորոշումը, պատասխանատուութիւնը Պաքուի իշխանութիւններուն վերագրող նոյնինքն ազրպէյճանական ինքնախոստովանանքներու իրականութեան: Ազրպէյճանական ընդդիմադիր շրջանակները փաստերու եւ տուեալներու հիման վրայ Խոջալուի դէպքերուն պատասխանատուն բացառապէս նկատած էին Պաքուի իշխանութիւնները` ազրպէյճանցի ժողովուրդի տարհանման դիմաց ճամբաները փակելու եւ զոհերու պատճառ հանդիսանալու:

Ալիեւեան դիւանագիտական արշաւախումբը չէ բացառուած, որ դիմէ յերիւրածոյ, սարքովի հնարքներու սումկայիթեան եղեռնագործութեան մէջ հայկական «պատասխանատուութիւն» տեսնելու:

Ցեղասպանութեան դէմ «ցեղասպանութիւններ» ու հեքիաթներ յօրինելով եւ զանոնք միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծելով Պաքուն, Անգարայի աջակցութեամբ միջազգային ամէն հարթակ պիտի օգտագործէ ընթացիկ տարուան ամէն հանգրուանի եւ առիթի` «ցեղասպանական» արարքներու մասին գուցէ նաեւ բանաձեւի նախագիծեր ներկայացնելով:

Որքան ալ անհեթեթ ըլլան հիմնաւորումները, քաղաքական շրջանակները միշտ չէ, եթէ ոչ յաճախ, որ պատրաստ են առարկայական փաստերու վրայ իրաւական գնահատական տալու պատահարներուն: Քաղաքականացուած մօտեցումը միշտ գերակշիռ է եւ նման միջավայրերու մէջ կը բանի երբեմն չներքաշուելու, յաճախ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու, ընդհանրապէս ալ կեցուածքէ խուսափումի գործնականութիւնը: Այլապէս, նման միջավայրերու մէջ ապակողմնորոշման փորձը, կեղծիքը, սուտի, յերիւրանքի փորձերը եւս պէտք է արժանանան իրաւական գնահատականի:

Խնդիրը այս պարագային կրնայ ուրիշ մտադրութիւններ ունենալ: Անգարան եւ Պաքուն ամենայն հաւանականութեամբ քաջ կը գիտակցին, որ Սումկայիթի եղեռնագործութեան մէջ հայկական պատասխանատուութիւն տեսնել տալը հաւաստիութիւն չ՛ապահովեր եւ արդիւնքի չի հասնիր: Նպատակը հայկական գործօնի կեդրոնացման փոխարէն, ուժի ցրուումն է: Հայկական կողմը ստիպել ոչ միայն Կալիփոլիի դէմ մրցիլ, այլ նաեւ Խոջալուի եւ նոյնիսկ Սումկայիթի: Բազմաճակատ պայքար հրամցնելու փորձ է կատարուածը:

Մենք գործ ունինք, մէկ կողմէ Ցեղասպանութիւնը ժխտող, նախապայմանային քաղաքականութիւնը շարունակող, խաղաղասիրական խաբկանքի գործողութիւններ բեմադրող եւ Կալիփոլիով հակաքայլեր առնող, իսկ միւս կողմէ` եղելութիւններու նենգափոխումով Խոջալուն-Սումկայիթը իրար խառնող եւ «ցեղասպանական» հեքիաթներ միազգայնացնել փորձող պետութիւններու հետ: Աւելի ճիշդը` անոնց միացեալ համակարգին հետ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել