Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկները մեծ յաջողութեամբ կայացան Նիւ Եորքի քաղաքին մէջ՝ Մարտ 5-7, 2015:
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութեան, հինգշաբթի, մարտ 5, 2015-ի երեկոյեան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասեղնագործել վերապրելու համար.- Հայ կիներու ձեռարուեստը» խորագրով Հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ՄԱԿի մօտ ՀՀ ներկայացուցչութիւնը, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՕՄի Գանատայի, ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան, եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջաններուն անդամներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Ոչ- Կառավարական Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հոգեւոր հայրեր, եւ օտար թէ հայ այլ հիւրեր: Որպէս ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր, ցուցահանդէսին բացումը կատարեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան:
Խօսք առնելով, Մարաշլեան անդրադարձաւ հայ կնոջ նուիրումին եւ կամքին՝ պահպանելու հայ ընտանիքն ու մշակոյթը, հայոց պատմութեան բոլո՛ր հանգրուաններուն: «Այս ցուցահանդէսին նպատակն է ներկայացնել հայ կնոջ դերը որպէս վերապրող, զօրաւոր եւ կամքի տէր անձ, որ ներկայ պատմութեան մէջ իր յատուկ տեղը կը գրաւէ: Այս հրաշալի իքական ուժը ծնունդ առաւ ճնշուած ժողովուրդի դաժան պայմաններուն ընդմէջէն, երբ հայ կինը ապաստան գտաւ «Նոր Աշխարհէն» ներս եւ գաղթականի հանգամանքէն դուրս ելլելով, կարողացաւ աշխատանք գտնել եւ դառնալ ինքնաբաւ», ըսաւ Մարաշլեան:
ՄԱԿի մօտ ՀՀ Մշտական Ներկայացուցիչ, Դեսպան՝ Զոհրապ Մնացականեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցուցահանդէսին իւրայատկութեան նշելով, թէ ան իբրեւ «խորհրդանիշ եւ իրականութիւն» կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն վերապրած կանանց պատմութիւնը: Մնացականեան նաեւ նշեց, թէ հայ կինը, ապաստան գտնելով օտար ափերու վրայ, կարողացաւ ուժը գտնել վերակառուցելու իր կեանքը: Խօսքին աւարտին, Դեսպանը բարձր գնահատեց ՀՕՄի ներդրումն ու գործակցութիւնը այս ձեռնարկին յաջողութեան համար եւ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը իր կամքո՛վ է,որ կարողացեր է հայկական դրօշը բարձրացնել ՄԱԿէն ներս: Հայկական ձեռագործները կը ցուցադրուին ՄԱԿէն ներս երբ հազարաւոր ներկայացուցիչներ, աշխարհի զանազան երկիրներէ, կը գտնուին Նիւ Եորք մասնակցելու համար ՄԱԿի Կանանց Իրավիճակի 59րդ Յանձնաժողոցի նիստերուն:
Այս յատուկ ցուցահանդէսը կը միտի փաստելու հայ կնոջ վերապրումի եւ հզօրացման կամքը՝ հետ-ցեղասպանութեան տարիներէն մինչեւ օրս: Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ջութակահար՝ Տիաննա Վասիլյան, որուն գեղեցիկ երաժշտութիւնը բարձր գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Ձեռնարկի հիւրասիրութիւնը եղաւ հայկական Ալ Մայաս ճաշարանի նուիրատուութեամբ: Ցուցադրուած իրերը յատկացուեցան Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց) եւ ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի կողմէ:
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ամերիկայի Հայկական Թանգարանի տնօրէնութեան իրենց ջերմ համագործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Տիկին Սիւզան Լինտ-Սինանեանին, որուն ճիգերով կարելի եղաւ ցուցադրել հայկական ձեռագործները: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, հայ կնոչ նուիրուած ցուցահանդէսին գլխաւոր հովանաւորներն էին՝ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Վիգի Մարաշլեաններ: Շնորհակալութիւն բոլո՛ր մասնակիցներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց սրտափուխ նուիրատուութիւններով եւ աշխատանքով կարելի եղաւ այս ծրագիրը ի գործ դնել եւ համայն աշխարհին ներկայացնել հայ կնոջ իւրայատուկ եւ բաձառիկ գործերը:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին ծրագրած Վերականգնել ազգութիւն մը.- Հայ կիներու մէկ դարու դիմադրութիւնն ու հզօրացումը խորագրով միօրեայ գիտաժողովը, հոծ բազմութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015ին, Salvation Army-ի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, ատենապետ Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խմբաւորման՝ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուսի, Ֆրէզնոյէն՝ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Հայոց եւ գաղթի պատմութեանց Աւագ դասախօս՝ պրոֆ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի, Armenoid Productions-ի վարիչ տնօրէն՝ Պարէտ Մարոնեանի, Սգաութ Թուֆանգճեան, նկարիչ-լրագրող եւ “There is Only the Earth։ Images from the Armenia Diaspora Project” գիրքի հեղինակ, եւ Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի, հեղինակ “Sacred Justice: The Voices and Legacy of the Armenian Operation Nemesis” գիրքին:
Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութենէն՝ Գարոլին Շմաւոնեան: Յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք մեր նահատակներուն յիշատակը, Կեդրոնական վարչութեան անունով, Շմաւոնեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութենէն ՝ հանդիսավառ Փոլին Կեցոյեան ներկայացուց խօսնակները, որմէ ետք իւրաքանչիւր խօսնակ, տարբեր տեսանկիւնէ, ներկայացուց հայ կնոչ դերը յետ-ցեղասպանութեան տարիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց դերակատարութիւնը որպէս հայ ընտանիքին հզօր մասնիկը:
Իր խօսքին մէջ, Դոկտ. Թէոխարուս կեդրոնացաւ հայ կանանց հզօրացման թեմային, նշում ընելով Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ մասնաւորապէս անդրադառնալով հայ կնոջ դերակատարութեան՝ Արցախեան պատերազմի օրերուն: Ան բարձր գնատահեց Հայ Օգնութեան Միութեան դերը հայապահպանման աշխատանքներուն ծիրէն ներս եւ նշեց, թէ իրեն համար պատիւ է մասնակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Քաջ տեղեակ ըլլալով հայու արդար իրաւունքներու պահանջատիրութենէն, Թէոխարուս նշեց՝ «…այնքան ատեն որ ես ողջ եմ, պիտի չարտօնե՛մ, որ Թուրքիան մաս կազմէ Եւրոպական Միութեան, բացի եթէ ան դառնայ քաղաքակիրթ երկիր, ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ հեռանայ Կիպրական հողերէն»:
Դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի ներկայացումը կեդրոնացած էր հայկական ձեռագործներուն թեմային վրայ: Նկատի ունենալով, որ նոր սերունդը ծանօթ չէ հայկական ասեղնագործութեան, Չըրչիլ իր ներկայացման ընդմէջէն կարեւորեց հայկական ասեղնագործութիւնը իբրեւ վերապրումի միջոց: Ցուցադրելով աշխարհասփիւռ զանազան հայ համայնքներու խորհրդանշական լուսանկարներ, Թուֆանքճեան շաղկապեց աշխարհի զանազան տարածքերու վրայ ապաստան գտած հայերը: Ցեղասպանութեան Որբերը եւ 1915 Կիները վաւերագրական ժապաւէններուն անդրադառնալով եւ բաժիններ ցուցադրելով, Մարոնեան վերարժեւորեց հայ կնոջ դերը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներէն մինչեւ օրս: ՄագԳըրտի, անդրադարձաւ հայ կնոջ երբեմնի լուր եւ գիտակից աշխատանքին, օրինակ տալով իր մեծ մօր դերակատարութեան, իբրեւ ՀՕՄի հիմնադիրներէն մին:
Շաբաթ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ընթրիք եւ մշակութային երեկոյ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ձեռնակը կազմակերպուած էր ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, հովանաւորութեամբ՝ Օշական Արք. Չոլոյեանի, Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի եւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին ՄԱԿի մօտ ՀՀեան Մշտական Ներկայացուցիչ՝ Դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, Անուշաւան Արք.,Դանիէլեան՝ փոխ Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի, Հոգեւոր Հայրեր,ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու հիւրերը, ՀՕՄի Գանատայի, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Հարաւային Ամերիկաներու շրջաններէն անդամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ՀՕՄի համակիրներ: Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս տարի եւս կը մասնակցի ՄԱԿի Կանանց Իրավիճակի 59րդ Յանձնաժողովի նիստերուն: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, այս առիթով ՀՕՄը կազմակերպեց «Կինը եւ Սփիւռքը՝ Անցեալէն դէպի Յետ-2015» խորագրով աշխատանիստը, համագործակցելով ՄԱԿէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կիպրոսի Մնայուն Ներկայացուցչութեանց, ինչպէս նաեւ այլ ՈԿԿ-երու հետ: Աշխատանիստի բացումը կատարեց ՄԱԿի մէջ Կիպրոսի Մշտական Ներկայացուցիչ՝ Դեսպան Նիգոլաս Էմիլիու:
Աշխատանիստը վառեց Armenian Weekly թերթի խմբագիր՝ Նանօր Պարսումեան, որ անդրադառնալով իր փորձառութեան իբրեւ Սփիւռքի մէջ ապրող եւ գործող կին, առիթ տուաւ խօսնակներուն ներկայացնելու իրենց տեսակէտը: Հայ Օգնութեան Միութեան անունով, Սփիւռքի մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան մասին անդրադարձաւ՝ Նորա Սիմոնեան: Խօսելով հայ մօր մասին որպէս հայ ընտանիքի ողնասիւնը, Սիմոնեան նշեց որքան հիմնական եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ հայ կնոջ դերը սերունդներու հայապահպանման առաքելութեան մէջ՝ զանոնք շաղկապելով հայրենի հողին: Սոյն աշխատանիստին նաեւ խօսք առին դատախազ Հարիէթ Փաւլըս Ճորճ, Հայլանտս էնտ Այլանտս համալսարանի (Սքոթլանտ) դասախօս՝ Ճիմ ՄագՖըրսըն, ՄԱԿի Կանանց Կազմաերպութենէն՝ Սարա Կամաժ եւ Ափրիկէի Սփիւռքի Կանանց Ցանց կազմակերպութենէն (DAWN)՝ Սէմրա Արէա:
Փակման խօսքը կատարեց ՄԱԿի մօտ ՀՀ Մշտական Դեսպան՝ Զոհրապ Մնացականեան: (Մանրամասնութիւնները յառաջիկային): ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին նուիրուած չորս օրուան տեւողութեամբ կայացած վերոնշեալ ձեռնարկները Նիւ Եորքի մէջ, կու գան անգամ մը եւս ամրապնդելու հայ կնոջ կամքը եւ ՀՕՄի առաքելութիւնն ու պատգամը՝ որպէս կնոջ հզօրացման եւ հայ ինքնութեան պահպանման ջահակիր, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ:
yerkirmedia.am







