«Ազդակ»ի Խմբագրական. 100-Ամեակ. Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներ (Զ.)

FotorCreatedՀայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներուն բովանդակային բաժինին մէջ կը նկատուի արդէն գաղափարախօսական առանցքային նոյնութիւն: Տարողութիւններու եւ նշման եղանակներու տարբերութիւնները չեն ստուերեր այն, ինչ որ իբրեւ առարկայացող պահանջատիրութիւն համատարած է հայութեան մօտ: Պահանջներու իրաւականացման գործընթացը կը սկսի 100-ամեակին: Այս մէկը արդէն Համահայկական հռչակագիրի ճշդած սկզբունքներուն յենած կ՛ապահովէ իր ընթացակարգը: Նախորդ բաժիններուն մէջ արծարծեցինք արդէն սպասուող քաղաքական այն գործընթացները, որոնց դէմ յանդիման Ցեղասպանութեան արծարծման ռազմավարական մօտեցումները կրնան խնդիրներ դիմագրաւել կամ բարենպաստ հանգրուաններ օգտագործել:

Աշխարհաքաղաքական օրակարգերը այս օրերուն ստացած են արագընթաց, կտրուկ եւ յանկարծակիութեան գործօնի ձգած ազդեցութեան տակ յարափոփոխութեան իրավիճակ: Հայկական գործօնի դիտակէտով երկու տարածաշրջանի օրինակները այս առումով կրնան քաղաքական խորհրդածութիւններու անսահման դուռեր բանալ: Նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու, Կովկասի յատկապէս եւ միջինարեւելեան տարածաշրջանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններու ահագնացումը կը խօսին տարածքներու ժողովրդագրական պատկերներու դիմաշրջումին, ցեղային զտումներով իրականացուող այլ շրջաններու ամայացումին եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւութիւն նոր երկիրներու ու պետութիւններու ձեւաւորման, նոր սահմանագծումներու իրականացման մասին:

Այս բոլորին մէջ հաւանաբար ամէնէն աւելի հայկական հիմնահարցերուն հետ կապուածը Քիւրտիստանի գէթ իրողական սահմաններու ուրուագծումն է: Յատուկ վերլուծական կանխատեսումներ ընելու պէտք չկայ եզրակացնելու համար, որ քրտական գործօնը կամ Քիւրտիստանի ստեղծումը աշխարհաքաղաքական օրակարգ է: Այս կը նշանակէ, որ Անգարայի համար թիւ 1 գերխնդիր նկատուող այս իրականութիւնը յայտնուած է գերտէրութիւններու ուշադրութեան կիզակէտին: Իրաքեան Քիւրտիստանը կամ Սուրիոյ քրտական իրողապէս ինքնավար շրջանները վերջնական սահմանները չեն քիւրտերու առաջադրած Քիւրտիստանին: Հիմնականը Թուրքիոյ այսօրուան սահմաններուն մէջ ինկած տարածքներն են:

Թէ` քիւրտերու կողմէ առաջադրուած այդ տարածքներու ներառումը Քիւրտիստանին աշխարհաքաղաքական տնօրինումներուն մաս կը կազմէ, դժուար է հաստատելը: Պէտք չէ անտեսել սակայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքի հրապարակած կանխատեսումը` յառաջիկայ քսան տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ մասնատումը ընդգծող: Մինչ, ամերիկեան տարբեր կայքեր տարածաշրջանի նոր քարտէսներու հրապարակման ընթացքին դէպի Սեւ ծով հասնող ընդլայնուած սահմաններ կը տրամադրէին Հայաստանի Հանրապետութեան:

Այս նկատառումները կը մղեն հայկական կողմը ամբողջացնելու պահանջներու իրաւականացման տանող թղթածրարը: Սեւրն ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը ոչ միայն Համահայկական հռչակագիրին մէջ նշուած յղման կէտեր են, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնատարներուն կողմէ պատեհ առիթներուն յիշեցուող փաստաթուղթեր: Ըստ երեւոյթին, նաեւ ոչ միայն հայկական շրջանակներ սկսած են յիշել այս մասին:

Ինքնութեան խնդիրներու ալիքաւորումը սպառնալիք է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան: Եւ պատահական չէ, որ պաշտօնական թէ անպաշտօն աշխարհաքաղաքական կեդրոնները տարբեր առիթներու կ՛արծարծեն այս խնդիրները` Քիւրտիստանը, Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութիւնը, տարածաշրջանի նոր քարտէսները:

Այս գործընթացներուն հետեւելու եւ պատրաստ ըլլալու խնդիր ունի հայկական կողմը: Իսկ ներազգային իմաստով` Ցեղասպանութեան թղթածրարի ընկալման հիմնահարց: Կամ ընկալման փիլիսոփայութեան փոփոխութեան հարց:

Այսպէս: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու աւարտին, համայն հայութիւնը պիտի նախապատրաստուի նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Երեք տարի իրարմէ կը բաժնեն երկու հարիւրամեակները: Այս կը նշանակէ, որ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, միեւնոյն թրքական ուժերը Արեւմտահայաստանը ամայացնելէ եւ արեւմտահայութիւնը բնաջնջելէ ետք կը սպառնային ամայացնել Արեւելահայաստանն ու նոյն ճակատագրին ենթարկել հայութեան մնացորդացը: Հայկական կողմը ձախողեցուց համընդհանուր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւական ժառանգորդն է ցեղասպանական համընդհանուր քաղաքականութիւնը ձախողեցուցած եւ հանրապետութիւն կերտած անկախութեան սերունդին:

Մեր ընդհանուր պահանջատիրութեան շրջանակներուն մէջ ընդգծելի է ի մասնաւորի այն հանգամանքը, որ Ա. հանրապետութեան 71.000 քառակուսի քիլոմեթրէն մեծ բաժին մը բռնագրաւուած է 1920-ի աշնան` թրքական նոր ներխուժման ժամանակ: Իրաւական տեսանկիւնէն ցայսօր բաց կը մնայ Կարսի մարզի ու Արտահանի նահանգի այդ տարածքներու ապօրինի խլման հանգամանքը: Եւ երբ թուրքերը ցոյց կու տան իրենց մեծ հետաքրքրութիւնը, Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հարցին մէջ իր յատուկ տեղը ունի հանրապետութեան տարածքներու ապօրինի բռնակցումը օրինականացնելու պարագան: Ի դէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին առաջարկով, ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման խնդրի ուսումնասիրութեան նկատառումով հայ իրաւաբաններու միջազգային խումբ ստեղծելու առիթով, օրուան գլխաւոր դատախազը եւս խօսեցաւ հայկական տարածքներու վերատիրացման մասին: Իսկ այդ շեշտադրումով խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս առաջին Հանրապետութեան: Կը նշանակէ, որ հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին առիթով հարկ է պատրաստուիլ եւ հիմնաւորուած շեշտադրումով, օրին, առանձին արծարծման նիւթ դարձնել յատկապէս այս խնդիրը:

Այսօրուան Հայաստանի հզօրացումը ամէնէն ազդու եւ ամէնէն ուժեղ պատասխանն է Ցեղասպանութեան: Հզօր հայրենիքը միայն կրնայ առաւելներ քաղել աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ստեղծելի բարենպաստ պայմաններէն: Մեր գերխնդիրն ու թիւ մէկ նպատակը` հայրենատիրական գիտակցական մօտեցումով եւ առաջնային օրակարգով Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումն է:

aztagdaily.com

Տպել Տպել