«Ազատ Օր»ի Խմբագրական – Կը յիշենք եւ կը պահանջենք

FotorCreatedԿը յի­շենք հա­րիւր տա­րի ան­պա­տիժ եւ ան­հա­տոյց մնա­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ կը պա­հան­ջենք մեր Ի­րա­ւունքն ու Ար­դա­րու­թիւ­նը։

Ամ­բողջ հա­րիւր տա­րի թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը փոր­ձեց ան­ցեա­լին մէջ թա­ղել պատ­մա­կան ան­հեր­քե­լի ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ու­րա­ցա՜ւ, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Կի­լի­կիոյ հա­յա­թափ­ման ու թրքա­ցու­մին, հայ­կա­կան հա­զա­րա­մեայ շէ­նե­րու ա­ւե­րու­մին եւ ա­ւա­րու­մին, ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու բնաջնջ­ման վրայ կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ այս­պէս կո­չո­ւած Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Ա­յո՛, հա­րիւր տա­րի շա­րու­նակ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը մեր­ժեց ըն­դու­նիլ 20րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րած ըլ­լա­լու՝ Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը եր­կու եր­րոր­դով աշ­խար­հի քար­տէ­սէն ջնջել փոր­ձե­լու իր ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Այդ­պէ՛ս, հա­րիւր տա­րի թուրք ժո­ղո­վուր­դին մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցան սե­րունդ­ներ, ո­րոնց թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը զրկեց պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան վրայ խարսխո­ւած ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թե­նէ։

Սե­րունդ­ներ՝ ո­րոնք սնա­նե­ցան ի­րենց երկ­րի ու ժո­ղո­վուր­դի գլխուն ե­կած փոր­ձանք­նե­րուն հա­մար յոյնն ու հա­յը, ա­րաբն ու քիւր­տը, ա­սո­րին ու ե­զի­տին՝ բո­լոր օ­տար­նե­րը մե­ղադ­րե­լու թրքա­կան ցե­ղա­պաշ­տու­թեամբ։

Սե­րունդ­ներ՝ ո­րոնց զլա­ցո­ւե­ցաւ լսել մին­չեւ ան­գամ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի լու­սա­միտ ու ա­զա­տա­խոհ զա­ւակ­նե­րուն կող­մէ ար­տա­սա­նո­ւած ա­մէ­նէն դող­դոջ ճշմար­տու­թեան ձայնն իսկ։

Ին­չո՞ւ։

Որ­պէս­զի ո՛չ ճնշո­ւած թուրք ժո­ղո­վուր­դը հա­շիւ պա­հան­ջէ իր սե­փա­կան բռնա­կալ պե­տու­թե­նէն եւ ո՛չ ալ, մա­նա­ւա՛նդ, հայ­րե­նիք ու ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն կորսն­ցու­ցած ոչ-թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րը՝ Զո­հե՜­րը կա­րե­նան ար­դար դա­տաս­տա­նի առ­ջեւ կանգ­նեց­նել դա­հի­ճը՝ ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թիւ­նը։

Ա­հա՛ թէ ին­չու հա­րիւր տա­րիէ ի վեր թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կը փոր­ձէ, ա­մէն գնով ու ի հար­կին նոր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեանց դի­մե­լով, խու­սա­փիլ սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ հա­շո­ւե­յար­դա­րի նստե­լու, քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան ար­դար եւ ի­րա­ւա­կան օ­րէնք­նե­րով ապ­րե­լու՝ նաեւ իր գոր­ծած մեղ­քե­րը ըն­դու­նե­լու եւ քա­ւե­լու ան­ժա­ման­ցե­լի պար­տա­ւո­րու­թե­նէն։

Մե­ծա­պե­տա­կան Աշ­խար­հը եւս, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին եւ այ­նու­հե­տեւ ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ, լռու­թիւն պա­հեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տին շուրջ՝ Պի­ղա­տո­սի նման ձեռ­քե­րը լո­ւա­լով մեղ­սա­կից ա­մէն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէ։

Թուրք ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւ­նը ան­պա­տիժ ձգե­լու հա­մար, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ քա­շո­ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին Լ­ռու­թեան Պատ, որ­մէ քա­ջա­լե­րո­ւած՝ ի­րենց կար­գին ան­պա­տիժ մնա­լու յոյ­սով, թափ ա­ռին 20րդ դա­րու եր­կայն­քին գոր­ծո­ւած ի­րե­րա­յա­ջորդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը՝ հրեա­նե­րու Ող­ջա­կի­զու­մէն մին­չեւ Քամ­պո­տիա­յի եւ Ռո­ւան­տա­յի Ս­պանդ­ներն ու Պալ­քա­նեան «ազ­գա­յին մաք­րազ­տում­նե­րը»…

Ա­հա այս ա­մէ՜­նը կը յի­շենք այ­սօր, երբ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն՝ մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նէն մին­չեւ մօտ ու հե­ռա­ւոր ա­փեր, իբ­րեւ մէկ ու միաս­նա­կան պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւն, ոտ­քի կը կանգ­նինք եւ հա­նուր մարդ­կու­թեան կը յի­շեց­նենք կոր­ծա­նո­ւած մեր հայ­րե­նի­քին եւ ար­մա­տա­խիլ ե­ղած ու բնաջն­ջո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դին ան­կորն­չե­լի ի­րա­ւունք­նե­րը։

Մա­նա­ւանդ կը պա­հան­ջենք թուրք պե­տու­թե­նէն եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­մաթր­քա­կան գա­ղա­փա­րա­մո­լու­թե­նէն, որ վերջ տան սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը հա­կա­հայ ցե­ղա­պաշ­տա­կան ա­տե­լու­թեամբ սնու­ցա­նե­լու ան­հե­ռան­կար վար­քագ­ծին, ո­րուն վեր­ջին՝ մե­րօ­րեայ զոհ վկա­նե­րը ե­ղան հրա­պա­րա­կա­գիր Հ­րանդ Տինքն ու զի­նո­ւո­րա­կան իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կա­տա­րող Սե­ւակ Շա­հին Պա­լըք­ճըն, ա­ռանց մոռ­նա­լու Հուն­գա­րիոյ մէջ ա­զե­րի փան­թուր­քիս­տի ձե­ռամբ սպան­նո­ւած Գուր­գէն Մար­գա­րեա­նը։

Ա­յո՛, Մեծ Ե­ղեռ­նէն հա­րիւր տա­րի ետք ալ Հայ Դա­տը կը շա­րու­նա­կէ իր հրա­տապ այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը պա­հել մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ։

Որ­քան ալ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը սին յոյ­սեր սնու­ցա­նէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կամ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան օ­րի­նա­կով մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րու միջ-պե­տա­կան «փափ­կան­կա­տու­թեանց» հան­դէպ, ժա­մա­նա­կը ի վեր­ջոյ բո­լո­րին դէմ յան­դի­ման կը հա­նէ Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան դա­տաս­տա­նի օ­րո­ւան։

Որ­քան ալ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կա­տա­ղու­թեամբ հա­կա­դար­ձէ կամ դի­ւա­նա­գի­տա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մէ, չի կրնար չխոս­տո­վա­նիլ, որ Ապ­րիլ 12ին Վա­տի­կա­նի բարձր ա­տեա­նէն հնչած Ֆ­րան­սիս Պա­պի ազ­դա­րա­րու­թիւ­նը վար գլո­րեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ հիւ­սո­ւած Լ­ռու­թեան Պա­տին վեր­ջին քա­րը։

Կա­թո­լիկ Աշ­խար­հի գե­րա­գոյն ա­ռաջ­նոր­դը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր վէր­քին շա­րու­նա­կո­ւող ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան դէմ զգու­շա­ցուց քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը եւ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը չի կրնար ան­տե­սել Խղճմ­տան­քի այդ ան­կա­սե­լի մրճա­հա­րու­մը։

Պա­տա­հա­կան չէ, որ Պա­պա­կան վկա­յու­թիւնն ու ազ­դա­րա­րու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ամ­րապն­դե­լու ե­կաւ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը՝ Ապ­րիլ 15ին իր հաս­տա­տած եւ Ապ­րիլ 24ը Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան տա­րած­քին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման օր հռչա­կող բա­նա­ձե­ւով։

Թուրք ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւ­նը խու­սա­փում չու­նի եւ ա­մէն քայ­լա­փո­խի, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն եւ մեծ ու փոքր բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ, այս օ­րե­րուն դէմ յան­դի­ման պի­տի գտնո­ւի պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան ձայ­նին։

Մենք կը յի­շենք ու կը պա­հան­ջենք։

Հա­մազ­գա­յին այդ վճռա­կա­մու­թեամբ, Ապ­րիլ 24ին, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով, խուռ­նե­րամ ու միաս­նա­կան շար­քե­րով յու­նա­հա­յու­թեան ձայ­նը լսե­լի պի­տի դարձ­նենք թուրք ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան։

Պի­տի շա­րու­նա­կենք յի­շել ու պա­հան­ջել, ո­րով­հե­տեւ՝

Չենք մոռ­նար ան­թաղ մնա­ցած մեր նա­հա­տակ­նե­րուն կտա­կը եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­րիւր տա­րի ետք ալ միաս­նա­բար կ­þուխ­տենք՝

«Այս­քան չա­րիք թէ մո­ռա­նան մեր որ­դիք,

«­Թող ողջ աշ­խարհ հա­յին կար­դայ նա­խա­տինք»։

azator.gr

Տպել Տպել