25 Ապրիլ 2015-ին` Պայքարի Նոր Դաշտ

FotorCreatedՀայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը այսօր փաստօրէն կը թեւակոխէ Հայ դատի հետապնդման եւ Համահայկական հռչակագիրով նշուած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման համար հետզհետէ սաստկացող պայքարի նոր հանգրուան մը:

Հանգրուան մը, որ վստահաբար նոյնքան ծանր, դժուարութիւններով լեցուն, անակնկալներով յղի եւ ոչ նուազ վտանգաւոր պիտի ըլլայ, քան անցնող հարիւր տարիներն ու Հայ դատի հետապնդման հոլովոյթը, հայապահպանումէն քաղաքականացում ու յեղափոխականացում, մինչեւ Հայաստանի անկախացում ու Արցախի ազատագրում եւ անկախ պետութեան հռչակում:

Այո՛, հարիւրամեակը ոգեկոչումն է Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին, բայց նոյնքան նաեւ` տօնակատարութիւնն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման յաղթանակին` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի տարածքին ամէնէն փոքր գաղութ:

Բայց մանաւա՛նդ հարիւրամեակը նոր մարտահրաւէրներու դիմակալման մեկնակէտն է ու հրաւէր` աշխարհի իւրաքանչիւր հայու մշտանորոգ ուժականութեամբ եւ խորանարդեալ վճռակամութեամբ բռնցքուելու եւ պայքարի նոր հանգրուան նետուելու համար:

Պետութիւններու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը պիտի շարունակուի անկասկած: Օրէնսդիր թէ գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ ճանաչման որոշումները կամ շրջանային թէ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ այս ուղղութեամբ կատարուած յայտարարութիւնները կարեւոր են ու պիտի շարունակեն իրենց կարեւորութիւնը պահել: Այսուհանդերձ, անոնք պարզապէս ընդհանրական պայքարի մէկ հանգրուանն են, կարեւոր հանգրուան, բայց ոչ բաւարար: Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութիւնները, կազմակերպութիւնները թէ քաղաքական դէմքերը պարտին գիտնալ, որ իրենք պարտականութիւն մը կատարածի հոգեկան բաւարարութեամբ պէտք չէ գոհանան, այլ արդարութեան վերականգնումը ամբողջական է, ու կարելի չէ գոհանալ մասնակի կամ անճիտուած արդարութեամբ:

Նո՛յն այս մտահոգութիւնը նոր հարիւրամեակի սեմին` 24 ապրիլ 2015-ին կը դրուի հայ ժողովուրդին պարագային: Մենք եւս, ազգովին, պարտինք գիտակցիլ, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու տակաւին ներողութեան խնդրանքը բաւարար չեն եւ մեր պահանջներուն մէկ մասնիկն են միայն:

Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ներման հայցը պարզապէս երկար պայքարի հանգրուաններն են:

Երկրորդը` հատուցման խնդիրն է, ու աւելի կարեւորը: Հատուցում` կատարուած Ցեղասպանութեան, իր մարդկային, բարոյական, նիւթական երեսներով: Սակայն հատուցումը, ընդհանրական խնդիր է ու ոչ անհատական: Թուրքիան կրնայ օրինական ճամարտակութիւններով պատրաստակամութիւն յայտնել անհատական մակարդակի հատուցում կատարելու: Պահանջը հաւաքական հատուցման խնդիրն է, Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր կամ անկէ անմիջապէս ետք:

Ու վերջապէս, հողային հատուցման պահանջ. ճանաչում, ներումի հայցը, հատուցում` կարեւոր ու անհրաժեշտ նախադրեալներ են: Հիմնականը սակայն գրաւեալ հողերու վերադարձն է, որպէսզի ամբողջական ըլլայ արդարութիւնն ու հատուցուած ըլլայ մէկուկէս միլիոն նահատակներու եւ նոյնքան թիւով հայերու տեղահանութիւնն ու հայրենազրկումը:

Ու դեռ, մտածել եւ հաւատալ, որ խնդիրը հողերու վերադարձէն անդին հայկական գրաւեալ հողերու ազատագրումն է:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Թուրքիան կը պատրաստուի հայութեան ծրագիրները ձախողութեան մատնել եւ այդ ուղղութեամբ պետական մակարդակով ամէն տեսակի եւ ուղղութեամբ սադրանքներ ծրագրել եւ գործադրել Թուրքիոյ մէջ թէ հայկական գաղութներու դէմ, շրջանային թէ միջազգային շրջանակներու մէջ, ընկերային, տնտեսական, մշակութային թէ քաղաքական բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Ու ճիշդ հոս կը կայանայ վաղուան համար մեր պատրաստուածութեան, կանխատեսութեան ու ծրագիրներու խնդիրը:

Մէկ խօսքով դիմադրողականութեան ամրացումը:

Թուրքիան, Էրտողան թէ ուրիշներ, կրնան շարունակել մեղրածորան յայտարարութիւններ կատարել: Կրնան բառային շարահիւսութիւններով բարեկամական ողջոյններ յղել ցաւող հայ ժողովուրդին: Կրնան անհատական ինչքեր ու եկեղեցական կալուածներ վերադարձնել անհատներու: Պետական նախաձեռնութեամբ, բարձրաձայնուած կամ լուռ կերպով թուրք պաշտօնատարներ կամ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ թխուած անհատներ հայութեան սրտին խօսող մատուցումներ կատարել:

Այո՛, Թուրքիան կրնայ տակաւին իր քանդած եկեղեցիները վերանորոգել, պարբերաբար պատարագ մատուցելու արտօնութիւններ տալ, նոյնիսկ թրքական հպատակութիւն «շնորհել» նախկին օսմանցի հայ հպատակներուն ու անոնց արտօնել վերադարձ իրենց բնակարանները: Կրնայ շարունակել հայեւթուրք բարեկամական խմբակներ յառաջացնել, մղել, որ թրքական քաղաքացիական կազմակերպութիւններ Ցեղասպանութեան նիւթով գիտաժողովներ կազմակերպեն ու հայեր հրաւիրեն:

Ու դեռ, պիտի փորձէ սիրաշահիլ հայկական ձայներ ու ցոյց տալ համայն աշխարհին իր «քաղաքակիրթ» երեսը:

Այս բոլորը, որպէսզի յաջողի որեւէ լուրջ զիջումէ առաջ բնականոնացնել հայ եւ թուրք յարաբերութիւններն ու հայ եւ թուրք ժողովուրդներու խաղաղ ու միասնաբար ապրելու «իրողականութիւնը»` պարպելու համար հայոց պահանջատիրութիւնը եւ յաջողցնելու հայութեան մէջ ներքին թշնամիներ ստեղծելու իր անցեալի քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, Թուրքիան պիտի շարունակէ հարուածել Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը:

Ու եթէ երբեք Հայաստանին եւ Արցախին կապակցաբար արդէն իսկ 25 տարիներու թրքական քաղաքականութիւնը յաւելեալ բացատրութեան չի կարօտիր, իր շրջափակումով, Ազրպէյճանի տրամադրուած զինուորական թէ տնտեսական բացառիկ նեցուկով, Արցախի դէմ ազրպէյճանական զինուորական յարձակումներու մատակարարումով թէ դիւանագիտական զօրակցութեամբ, ապա սակայն իրենց իսկ կողմէ «սփիւռքը տարբեր է» կոչուած հայկական սփիւռքը եւս թրքական սադրանքներուն մէջ պիտի ունենայ իր հիմնական չափաբաժինը: Պարտինք ակնկալել, որ Թուրքիան ներկայ պիտի ըլլայ գալիք հանգրուանին մեր գաղութներուն մէջ կայացող նախաձեռնութիւնները ի գին ամէն բանի խանգարելու դիրքերուն վրայ: Պիտի փորձէ խոչընդոտել զանոնք` նուազագոյնը: Պիտի փորձէ հարուածել հայ քաղաքացիներու յարաբերութիւնները իրենց պետութիւններուն հետ: Պիտի ուզէ անպայման տարտղնուած տեսնել յատկապէս ցարդ գոյատեւող Միջին Արեւելքի հայութիւնը եւ մինչեւ իսկ ճիգ պիտի չխնայէ ուժասպառ ընելու զայն:

Երկրորդ հարիւրամեակին, նոր ուժգնութիւն կը զգենու հայութեան պահանջատիրութիւնը:

Նոր ուժգնութիւն, նոր հորիզոններ ու նոր թիրախներ պիտի ունենայ հայութեան դէմ պայքարող Թուրքիան:

Մեր պարտաւորութիւնն է եւ իրաւո՛ւնքը` դիմադրել Թուրքիոյ:

Կարելի բոլոր, բոլո՛ր միջոցներով ու անկարելին ալ կարելի դարձնելու որոշումով:

Միշտ վերանորոգ դիմացկունութեամբ:
Միասնական ճիգով, Հայաստան եւ սփիւռք:
Նոր դիմադրողականութեամբ:
Մինչեւ արդարութեան վերականգնում:
Մինչեւ հողերու ազատագրում եւ մէկ ու ամբողջական Հայաստանի վերընձիւղում:
25 ապրիլ 2015-ին` պայքարի նոր դաշտ:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

aztagdaily.com

Տպել Տպել